Ամուսնութիւն
Ամուսնութիւն, տղամարդու եւ կնոջ՝ պատմականօրէն ձեւաւորուած, հասարակութեան կարգաւորուող յարաբերութիւններու ձեւ է, որուն գլխաւոր նպատակը ընտանիք ստեղծելն է եւ որով կը սահմանուին ամուսիններու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները իրարու, զաւակներու եւ հասարակութեան նկատմամբ։
Ամուսնութեան համար անհրաժեշտ են՝ կնոջ եւ տղամարդու ամուսնական տարիքի հասնիլը, փոխադարձ կամաւորութիւնն ու համաձայնութիւնը։ Ամուսնութիւնը կը գրանցուի ամուսն-ընտանեկան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով, որով կը հաստատուի ամուսիններու իրաւահաւասարութիւնը՝ անկախ ռասայական եւ կրօնական պատկանելիութիւնէն։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՎաղ Ժամանակներ
ԽմբագրելՀասարակական տարբեր ձեւաւորումներն ու անոնց փոփոխութիւնները ազդած են ամուսնական յարաբերութիւններու բովանդակութեան եւ ձեւին վրայ։ Ստրկատիրական հասարակարգին մէջ, կ'ընդունուէր միայն ազատ քաղաքացիներու ամուսնութիւնը։ Ստրուկներու ամուսնական յարաբերութիւնները կը համարուէին պարզ կենակցութիւն։
Մարդոց միջեւ կարգաւորուած ամուսնական յարաբերութիւններու առաջին ձեւը խմբամուսնութիւնն էր։ Հասարակութեան զարգացման ընթացքին մէջ, աստիճանաբար սահմանափակուած են ամուսնութիւնները մերձաւոր ազգականներու միջեւ։ Մայրական տոհմի զարգացումով՝ ձեւաւորուած է զուգամուսնութիւնը. երեխաները մնացած են մօր տոհմին մէջ, ազգակցութիւնը ճանչցուած է մօր գիծով։ Տնտեսութեան մէջ, տղամարդու առաջնակարգ դերի հաստատումով առաջացած է մենամուսնութիւնը։
Վաղ միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հասարակութեան բոլոր խաւերուն համար պարտադիր էր եկեղեցական ամուսնութիւնը։ Ճորտերը կրնային ամուսնանալ միայն ճորտատիրոջ համաձայնութեամբ։ Պուրժուական յարաբերութիւններու հաստատման եւ զարգացման զուգընթաց, եկեղեցական ամուսնութենէն բացի, առաջացաւ նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ նոտարի կողմէ ձեւակերպուող քաղաքացիական ամուսնութիւնը։
Ամուսնութիւնները Վաղ Հայաստանի Մէջ
ԽմբագրելԴեռեւս վաղ անցեալին, Հայաստանի մէջ տիրապետողը եղած է մենամուսնութիւնը, որ կարգաւորուած է եկեղեցական կանոններով (քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօն հռչակուելէն յետոյ) եւ քաղաքացիական օրէնսդրութեամբ։ Հայոց կաթողիկոսի՝ Սահակ Պարթեւի (387-439) սահմանած կանոններով, առանց զոյգերու համաձայնութեան եւ տարիքային համապատասխանութեան, պսակադրութիւնը կ'արգիլուէր։ Քահանաներուն կ'արգիլուէր առանց քննութեան եւ հարցման պսակել ամուսնացողներուն։ Զաւակներուն բռնի ամուսնացնող ծնողները կ'ենթարկուէին կանոնական պատիժի։
Հայոց եկեղեցին դէմ էր 2-րդ, ինչպէս եւ գաղտնի ամուսնութեան։ Եկեղեցական կանոններով՝ կ'արգիլուէր ազգականներու ամուսնութիւնը իրարու հետ եւ ազատներու (ազնուականներու) ամուսնութիւնը անազատներու հետ։ Փաւստոս Բիւզանդի (4-րդ կամ 5-րդ դարեր) վկայութեամբ՝ Կաթողիկոս Ներսէս Ա. Մեծի եւ Արշակ Բ.ի նախաձեռնութեամբ Տարօն գաւառի Աշտիշատ գիւղին մէջ, 356 թուականին հայկական եկեղեցական առաջին կանոնադիր ժողովը արգիլած է մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը, բազմակնութիւնը եւ այլն։ Շահապիւանի 447-ի ժողովը ազգակցական (արիւնակցական) կապեր ունեցող անձանց ամուսնութիւնը համարած է «պղծութիւն եւ գարշանք», հեթանոսական մնացուկ եւ արգիլած մինչեւ՝ 4-րդ սերունդը։
Կիլիկիան Հայաստանի մէջ, յատուկ կարեւորութեամբ կը վերաբերուին ամուսնաընտանեկան յարաբերութիւններուն. անառողջներու ամուսնութիւնը դիտուած է ազգի ապականութիւն եւ արգիլուած՝ բժշկական զննումէն յետոյ։ Ըստ Մխիթար Գոշի (1120-1213) Դատաստանագիրքի՝ պարտադիր էր կնոջ համեմատ տղամարդու մեծ (տարեց) ըլլալը (այդ կը համարուէր ամուսնոյն գերիշխանութեան պայման)։ Անհաւատարիմ ամուսիններու համար նախատեսուած էր տուգանք։ Սմբատ Սպարապետի (1208-1276) Դատաստանագիրքով՝ կ'արգիլուէր նոր ամուսնացածին բանակ տանիլը։ Յաճախ քաղաքական նպատակներով կը կատարուէին ամուսնութիւններ, որոնցմով բարեկամութիւն կը ստեղծուէր տարբեր տոհմերու, իշխաններու, նաեւ պետութիւններու միջեւ։ Հայ պատմիչներու (Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ եւ ուրիշներ) վկայութեամբ՝ ամուսնութենէն յետոյ հարսը կը մնար չխօսկան, երեսը կը ծածկէր քօղով եւ զայն կը կրէր մինչեւ մայր դառնալը։ Կինը կ'ընդունէր ամուսնոյն ազգանունը։
Ամուսնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ամուսնութիւնը հիմնուած է ամուսիններու ազատ ընտրութեան, անոնց փոխադարձ սիրոյ եւ հետաքրքրութիւններու ընդհանրութեան վրայ։ Ամուսնութիւնը ազատ եւ իրաւահաւասար տղամարդու եւ կնոջ՝ օրէնքով սահմանուած կարգով կազմուած կամաւոր միութիւն է։
Ամուսնութեան եւ ընտանիքի պահպանութեան հարցերը կը կարգաւորուին ՀՀ ամուսնութեան եւ ընտանիքի օրէնսգիրքին համապատասխան։ Ամուսնութիւնը գրանցուած է Քաղաքացիական կացութեան աքթերու գրանցման գրասենեակին մէջ՝ ամուսնացողներու դիմում ներկայացնելէն 1 ամիս յետոյ։ Ամուսնութեան գրանցման համար անհրաժեշտ են ամուսնացողներու փոխադարձ համաձայնութիւնը եւ ամուսնական տարիքը (18 տարեկան)։ Բացառիկ պարագաներու, կանանց համար այդ տարիքը կրնայ նուազեցուիլ 1 տարիով։
Կան նաեւ պայմանագրով կարգաւորուող ամուսնութիւններ. ամուսնացող կողմերուն միջեւ կը կնքուին պայմանագիրներ, որոնցմով կը սահմանուին ամուսիններու անձնական եւ գոյքային իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Ամուսնութիւն չի թոյլատրուիր այն անձերուն միջեւ, որոնցմէ մէկը այլ ամուսնութեան մէջ է, ազգակցութեան մէջ գտնուող անձերուն, հարազատ եւ խորթ եղբայրներու ու քոյրերու, որդեգրողներու եւ որդեգրուածներու միջեւ, այն անձերու միջեւ, որոնցմէ մէկը հոգեկան հիւանդութեան կամ սակաւամտութեան պատճառով անգործունակ ճանչցուած է։ Ամուսինները ունին անձնական եւ գոյքային հաւասար իրաւունքներ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազատ է ընտրելու իր զբաղմունքը, մասնագիտութիւնը եւ բնակութեան վայրը։
Բազմակնութիւնը կ'արգելուի ՀՀ օրէնքով։ Ատոնք բացառելու նպատակով Քաղաքացիական կացութեան դէպքերու արձանագրման գրասենեակին մէջ, նախկինին մէջ ամուսնացած անձերուն միջեւ նոր ամուսնութիւն արձանագրելու ատեն, կը պահանջեն ամուսնալուծութիւնը կամ նախկին ամուսնոյն մահը հաստատող փաստաթուղթ։
Ազգականներու ամուսնութիւնը կ'արգիլուի, որովհետեւ ատոնցմէ յաճախ կը ծնին բնածին արատներով եւ ժառանգական հիւանդութիւններով երեխաներ։ Այդպիսի ամուսնութենէն մեռածածին երեխաներու թիւը եւ մանկական մահացութիւնը 2 անգամ աւելի մեծ է։
Թուարկուած պայմաններու խախտումով կայացած ամուսնութիւնը կը համարուի անվաւեր։ Դատական կարգով այդպիսին կրնայ ճանչցուիլ նաեւ ընտանիք չկազմելու միտումով գրանցուած ամուսնութիւն (կեղծ ամուսնութիւն)։ Սակայն այդպիսի ամուսնութենէն ծնած երեխաները չեն կորսնցներ իրենց իրաւունքները։
Քաղաքացիական Ամուսնութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ
ԽմբագրելՎերջին տարիներուն լայն տարածում կը ստանայ եկեղեցական ամուսնութիւնը, սակայն ՀՀ սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ միայն քաղաքացիական ամուսնութիւնը, իսկ եկեղեցականը՝ (քաղաքացիական ամուսնութեան հետ մէկտեղ) կը համարէ ամուսնացողներու մասնաւոր գործը։
Քաղաքացիական կացութեան դէպքերու արձանագրման գրասենեակին մէջ՝ ամուսնացողները կը ծանօթանան արձանագրման կարգին եւ պայմաններուն, կը հաւաստիանան, որ իրենք տեղեակ են իրարու առողջական եւ ընտանեկան վիճակին, ապագայ ամուսիններուն կը բացատրեն անոնց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։ Ըստ ցանկութեան՝ ամուսինները, իբրեւ իրենց ընդհանուր ազգանուն, կ'ընտրեն իրենցմէ մէկունը (ՀՀ-ի մէջ գլխաւորաբար՝ տղամարդունը) կամ կը պահպանէ նախամուսնականը։
Երեխաներու դաստիարակութեան եւ ընտանեկան կեանքի հարցերը, ամուսինները կը լուծեն համատեղ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազատ է զբաղմունքի, մասնագիտութեան եւ բնակութեան վայրի ընտրութեան հարցին մէջ։ Ամուսնութեան ընթացքին՝ ամուսիններու ձեռք բերած ունեցուածքը ընդհանուր, համատեղ սեփականութիւն է, որուն նկատմամբ անոնք հաւասար իրաւունքներ ունին նաեւ այն պարագային, երբ անոնցմէ մէկը զբաղուած է տնային տնտեսութիւն վարելով, երեխաներուն խնամելով եւ չէ ունեցած ինքնուրոյն վաստակ։
Մինչ ամուսնական, ինչպէս նաեւ ամուսնութենէն յետոյ նուիրատուութիւն կամ ժառանգութիւն ստացած ունեցուածքը անոնց համատեղ սեփականութիւնն է։ Ամուսինները պարտաւոր են նիւթապէս օգնել իրարու, անաշխատունակ ամուսինը, յղի կինը (յղութեան ընթացքին եւ ատկէ1 տարի յետոյ) այդպիսի օգնութենէն զրկուելու պարագային կրնայ դատարանով (նոյնիսկ առանց ամուսնալուծութիւն ձեւակերպելու) ապրուստադրամ ստանալ ամուսինէն, եթէ վերջինս ի վիճակի է վճարել։
ՀՀ քաղաքացիներու ամուսնութիւնը արտասահմանեան քաղաքացիներու հետ կ'արձանագրուի ընդհանուր հիմունքներով, սակայն անոնցմէ կը պահանջուի փաստաթուղթ՝ արձանագրուած ամուսնութեան բացակայութեան մասին։
Ամուսնալուծութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ
ԽմբագրելԱմուսնութեան ազատութիւնը կ'ենթադրէ նաեւ ամուսնալուծութեան ազատութիւն։ Սակայն հասարակութիւնը շահագրգռուած է ամրապնդել ընտանիքը, ուստի ամուսնալուծութիւնը նոյնպէս կը գտնուի պետութեան հսկողութեան տակ եւ իբրեւ կանոն, կը կատարուի դատական կարգով։ Անչափահաս երեխաներ չունեցող ամուսիններու ամուսնալուծութիւնը, փոխադարձ համաձայնութեամբ, կը ձեւակերպուի Քաղաքացիական կացութեան աքթերու արձանագրման գրասենեակին մէջ։ Այստեղ կը կատարուի նաեւ օրէնքով սահմանուած կարգով՝ անյայտ բացակայ, հոգեկան հիւանդութեան կամ սակաւամտութեան հետեւանքով անգործունակ ճանչցուած, ոչ 3 տարիէ պակաս ժամկէտով ազատազրկուած անձերուն ամուսնալուծութիւնը։ Օրէնքը չի թոյլատրեր առանց կնոջ համաձայնութեան ամուսնալուծութեան գործ յարուցել կնոջ յղութեան ընթացքին եւ 1 տարեկանէն փոքր երեխայ ունենալու պարագային։ Ամուսնութիւնը կը համարուի դադրեցուած՝ Քաղաքացիական կացութեան աքթերու արձանագրման գրասենեակին մէջ ամուսնալուծութիւնը ձեւակերպելէն յետոյ։
Ամուսնական եւ Ընտանեկան Յարաբերութիւններու Առողջապահութիւնը
ԽմբագրելԸնտանիքի խնդիրները պայմանաւորուած են հասարակութեան զարգացման նոր փուլի առանձնայատկութիւններով։ Ընտանիքը ո՛չ թէ 2 եւ աւելի անհատներու ֆիզիքական գումարն է, այլ միայն իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւններով օժտուած հասարակութեան հիմնական բջիջը։ Ընտանիքի գոյութեան կարեւոր պայմանը ամուսիններու ներընտանեկան խնդիրներները լուծելու, բարդ հարցերը քննարկելու, փոխշահաւէտ որոշումներ ընդունելու ունակութիւնն է։ Ընտանիքը կը միաւորուի նաեւ համատեղ գործունէութեամբ։
«Ամուսինը» կամ «կինը», «հայրը» կամ «մայրը» որոշակի հասկացութիւններ են, յստակ պարտականութիւններու ոլորտով դերեր, որոնք ամուսնացող անձը կը պարտաւորուի կատարել։ Ատոնք կատարել չկարենալը կամ կատարել չցանկանալը անխուսափելիօրէն կը յանգեցնեն ընտանեկան գժտութիւններու։ Ընտանիքին մէջ գոյութիւն ունեցող դերերու համակարգը կայուն չէ. անիկա պայմանաւորուած է հասարակութեան եւ ընտանիքին մէջ կատարուող փոփոխութեւններով, հասարակութեան մեջ կնոջ դերի բարձրացմամբ, հասարակական աշխուժութեան դրսեւորմամբ։ Վիճակագրական ուսումնասիրութիւնը ցույց տուած է, որ բարձր կրթութիւն եւ զարգացման մակարդակ ունեցող ամուսիններու ընտանիքներուն մէջ կենցաղային եւ տնտեսական պարտականութիւնները հաւասարաչափ կը բաշխուին անոնց անդամներու միջեւ։
Ընտանիքի Անդամներու Միջեւ Յարաբերութիւններ
ԽմբագրելԸնտանիքի անդամներու միջեւ յարաբերութիւնները պայմանաւորուած են ընկերային-մշակութային հիմքերով եւ անհատական առանձնայատկութիւններով։ Բարեկիրթ, առողջ ընտանիքին մէջ կը գործէ փոխլրացման սկզբունքը. ամուսիններէն մէկուն գիտելիքները եւ բնաւորութեան գիծերը յաջողութեամբ կը լրացուին միւսի ընդունակութիւններով ու փորձով։ Հակումներու եւ ճաշակի տարբերութիւնը պէտք չէ տարաձայնութեան պատճառ դառնայ։ Եթէ ընտանիքի անդամներէն մէկը ունի բռնակալի, եսամոլի խառնուածք, ապա փոխյարաբերութիւններու անհաւասարութեան պատճառով ընտանիքը կը դառնայ անկայուն։ Ան գոյութիւն կ'ունենայ միայն ամէնաբարենպաստ պայմաններուն մէջ եւ հեշտութեամբ կը քայքայուի ճգնաժամային իրավիճակներուն մէջ։
Ընտանիքի եղափոխութիւնը, այսինքն անոր կենսական բոլորաշրջանը կը ձեւաւորուի որոշակի փուլերէ, մինչամուսնական, ամուսնական եւ նոր անդամներու (երեխաներ) աւելցնելու, ընտանիքի առանձին անդամներու հեռանալու (հասուն երեխաներու ամուսնութիւն, ծնողներէն մէկուն մահը) շրջաններ։
Ամուսնական Վաղ Շրջան
ԽմբագրելԱմուսնութեան առաջին տարին առաւել յաճախ ընդհարումներու պատճառ կը դառնան ամուսնական յարաբերութիւններու, այդ շարքին նաեւ՝ սեռական կեանքի նորութիւն ըլլալը։ Կեանքի այդ կողմի արտասովորութիւնը յաճախ վախ կը պատճառէ 2 կողմերուն ալ, կը խոչընդոտէ ընտանիքի բնականոն գործունէութիւնը։ Բազմամեայ «ընկերական յարաբերութիւնները» ամուսինները չեն պաշտպաներ սեռական աններդաշնակութենէն, իսկ որոշ պարագաներու՝ նոյնիսկ կրնան ուղղակիօրէն նպաստել ատոր։ Այդպիսի շեղումները կանխելու նպատակով, երեխան դեռ մանկութենէն (դպրոցին եւ տան մէջ) պէտք է սեռական ճիշդ դաստիարակութիւն ստանայ։ Համատեղ կեանքի այդպիսի սկիզբը՝ իրարու «ընտելանալու» առաւել ծանր ժամանակաշրջանին, փոխզիջումային լուծումներ գտնելու պատրաստակամութիւնը կ'օգնէ խուսափիլ ընտանեկան ընդհարումներէն։
Սովորաբար երիտասարդները նոր ընտանիքին մէջ կը ստեղծեն այնպիսի փոխյարաբերութիւններ, ինչպիսին եղած են իրենց հայրական տան մէջ։ Պարզուած է, որ ամուսնալուծուած ծնողներու երեխաները աւելի հեշտ համաձայնած են ամուսնալուծութեան։ Երբեմն ընտանիքին մէջ ձեւաւորուած վարքագիծը, զգացմունքներու արտայայտման ձեւերը չեն յաղթահարեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Այն ընտանիքներուն մէջ, ուր ծնողներու միջեւ չէ եղած սէր եւ հաշտութիւն, կամ յարաբերութիւնները արտաքնապէս եղած են սառն եւ զուսպ, յաճախ կը մեծնան դիմացինի (մասնաւորապէս ամուսնոյն կամ կնոջ) նկատմամբ լաւ վերաբերմունքի անկարող անհատներ։ Ատիկա կրնայ դառնալ ամուսիններու միջեւ ծագող թիւրիմացութիւններու պատճառ, յանգեցնել փոխադարձ մեղադրանքներու, իսկ յետագային՝ մշտական, անյաղթահարելի օտարացման։
Երիտասարդ Սերունդի Դաստիարակութիւն
ԽմբագրելԸնտանիքի ամէնապատասխանատու պարտականութիւնը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութիւնն է։ Հոգեւոր մերձեցման, երեխաներու նկատմամբ հոգատարութեամբ, բարեացակամութեամբ եւ փոխըմբռնումով իրար կապուած ծնողներու առողջ ընտանիքը, աճող սերունդի ճիշտ, լիարժէք դաստիարակութեան գրաւականն է։
Յղութիւնը եւ առաջնեկի ծնունդը լրացուցիչ պարտաւորութիւններ կը դնեն ամուսիններուն վրայ, սակայն զանոնք չեն ազատեր փոխադարձ ուշադրութեան անհրաժեշտութենէն։ Ուշադրութեան պակասը յատկապէս ծանր կը տանին յղութենէն ու ծննդաբերութենէն թուլցած եւ այդ պատճառով յաճախակի տրտնջացող ու դիւրագրգիռ կանայք։ Առողջ ընտանիքին մէջ, այդ ժամանակաշրջանին, տղամարդը պէտք է ինքզինք զգայ եւ դրսեւորէ իբրեւ ուժեղ անհատ, նեցուկ ըլլայ կնոջը. ատիկա կ'օգնէ նաեւ տղամարդուն՝ գնահատելու հայր ըլլալու իր նոր դերը։ Երեխայի ծնելէն յետոյ երիտասարդ ամուսինը պէտք է հաշուի առնէ ծննդաբերած կնոջ ո՛չ միայն իւրայատուկ հոգեբանական, այլեւ՝ բնախօսական վիճակը եւ ամուսնական սեռական յարաբերութիւններու ժամանակաւոր դադարը չդիտէ իբրեւ իրեն նկատմամբ կնոջ սառնութեան դրսեւորում։
Հասուն տարիքը ունի իր ճգնաժամային շրջանները: Օրինակ՝ դժուար պահեր կրնան առաջանալ 2-րդ երեխայի ծննդեան հետ։ Մասնաւորապէս, մեծերու ուշադրութեան կեդրոնը գտնուած առաջնեկին մօտ, եղբօր կամ քրոջ ծնելէն յետոյ, այլեւս չսիրուած, աւելորդ ըլլալու միտքէն կրնայ առաջանալ ջղագրգռութիւն, որուն հետեւանքով երեխան կը դառնայ խիստ կամակոր, քմահաճ։ Երեխայի այդ վարքը կրնայ կազմալուծել ընտանիքը։ Մեծերը յաճախ առաջնեկի վրայ կը սկսին «թափել» իրենց բարկութիւնը կամ, ընդհակառակը, անոր արտօնեալ վիճակի կորուստը կ'աշխատին փոխհատուցել ընդգծուած ուշադրութեամբ, որ երեխան սովորաբար չ'ընդունիր, համարելով կեղծ։ Այս իրադրութիւնէն միակ ելքը առաջնեկին ընտանիքի նոր անդամի յայտնուելուն նախապատրաստելն է։
Ամուսնութեան Հասուն Շրջան
ԽմբագրելԻւրաքանչիւր ընտանիքի կեանքին մէջ, բարդ ժամանակաշրջան կը սկսի երեխաներու հասունացումէն յետոյ։ Տունէն անոնց հեռանալը, սեփական ընտանիք կազմելը յաճախ ծնողները ցաւագին կ'ընդունին, յատկապէս, երբ ընտանիքը լրիւ չէ (յաճախ առանց հօր), կամ երբ երեխան միակն է։ Նման պարագաներուն՝ երեխայի դաստիարակութեամբ միաւորուած ամուսիններուն կը տիրէ հիասթափութիւն, կամ ընդհանուր հետաքրքրութիւններու բացակայութիւնը կը յանգեցնէ օտարացման։ Շատ ծնողներ անյաջող փորձերու կը ձեռնարկեն իրենց հասուն զաւակներու կեանքին միջամտելու, կեանքի ուղեկիցի ընտրութեան հարցին մէջ, անոնց որոշումներուն վրայ ազդելու համար։ Առանձնապէս սխալ է զաւակները ապերախտութեան մէջ մեղադրելը, թէ՝ «անոնց կը նուիրաբերեն իրենց ողջ կեանքը»։ Սովորաբար հասուն զաւակները կ'ընդդիմանան ծնողներու այդպիսի վարքագիծին եւ կը պաշտպանեն ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու, անձնական կեանք ունենալու իրենց իրաւունքը։ Բնականոն, բարեացակամ յարաբերութիւններով ընտանիքին մէջ, ուր դեռ փոքր տարիքէն հաշուի կ'առնեն երեխայի անհատականութիւնը, ամէն ինչ բարեյաջող ընթացք կ'ունենայ։
Ամուսնութեան Ճգնաժամային Շրջան
ԽմբագրելԸնտանիքի առաւել ծանր ճգնաժամային շրջանը կապուած է ծերութեան, ամուսիններէն մէկուն կեանքէն հեռանալուն հետ։ Այդպիսի պարագաներուն՝ միայնակութիւնը կը յաղթահարուի հին ընկերներու, հասուն զաւակներու ընտանիքներուն հետ սերտ կապեր պահպանելով, սեփական ուժերու համեմատ մասնագիտական, հասարակական կամ այլ աշխատանք կատարելով։
Ընտանիքը սովորաբար կը դիմէ բժիշկի օգնութեան, դժուարին եւ ճգնաժամային պահերուն, երբ ընտանեկան վէճը, ընդհարումը բաւական կը սաստկանայ եւ բացասաբար կ'ազդէ ընտանիքի անդամներու հոգեկան ու ֆիզիքական վիճակին վրայ։
Ընտանեկան հոգեկան ցնցումները, որքան ալ աննշան թուին, մեծերու եւ երեխաներու ջղային վիճակներու գլխաւոր պատճառներէն են։ Ընդհանուր եւ հասարակութեան հոգեբանութեան ժամանակակից մակարդակը եւ շահագրգռուած անձերու բարի կամքը հնարաւորութիւն կու տան կանխել ջղային հիւանդութիւնները, ծանր ընդհարումները, ամուսնալուծութիւնը։ Հոգեբոյժները եւ հոգեբանները կ'օգնեն լուծելու ներընտանեկան ընդհարումները։
ՀՀ խոշոր քաղաքներու մէջ կան ընտանեկան հարցերու յատուկ խորհրդատուութիւններ, ուր կարելի է դիմել ընտանեկան փոխյարաբերութիւններու, երեխաներու դաստիարակութեան եւ այլ հարցերով։
Ընտանիքին մէջ, առաւել ծանր ընդհարումներ կ'առաջացնեն գինեմոլութեան եւ թմրամոլութեան հետեւանքով, որոնք յատկապէս կործանարար են երեխաներուն համար։
Առողջ ընտանիքի համար ճգնաժամային շրջանները վտանգաւոր չեն. ատոնց յաջող յաղթահարումը կը նպաստէ փոխադարձ վստահութեան, կեանքի ուսանելի փորձի ձեռքբերման։ Շրջապատի, սեփական ընտանիքի անդամներու նկատմամբ բարեացակամ վերաբերմունքը առողջ ընտանիքի գոյութեան կարեւոր նախապայմաններէն է։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Ամուսնութեան մասին Դպրոցական Մեծ հանրագիտարանին մէջ Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Սերկէյ Գաւրով «Ընտանիք եւ ամուսնութիւն հասկացութեան պատմական փոփոխութիւնը»
- Հուրի Սեմեոնով «Ամուսնութիւն եւ ընտանիք․ ստեղծում եւ զարգացում»
- Քրիստոնէական ամուսնութիւն Archived 2007-08-10 at the Wayback Machine.