Աշնակ

գիւղ Հայաստանի Արագածոտնի մարզին մէջ

Աշնակ գիւղ․ (Թալին, Արագածոտն, Հայաստան)։ Կոչուած է նաեւ Աշնակալ կամ Էշնակ։ Կը գտնուի ծովի մակերեսէն 1420 մ․ բարձրութեան վրայ։

Գիւղ
Աշնակ
Աշնակ գիւղ
Երկիր Հայաստան,
Շրջան Թալին, Արագածոտն
ԲԾՄ 1420 մ
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 1031 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00
Պաշտօնական կայքէջ archive.is/2015060303412…

Տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Աշնակ պատկանած է Կամսարական նախարարական ընտանիքին եւ աւելի ետք՝ Թ․ դարուն, երբ Կամսարականները կը տկարանան, Բագրատուներուն կը վաճառուի։ Սելճուքներուն արշաւանքներուն ընթացքին, գիւղաւանը կը կործանուի։

Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան կեդրոն

Խմբագրել

Աշնակը եղած է նաեւ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան կեդրոններէն մէկը։ Գիւղին հիւսիսային կողմէն 3-4 քմ դէպի հարաւ երկարող քարէ հին ցանկապատերով բաժնուած հողատարածքները այդ կը փաստեն։ Անոնց եզրերուն պահպանուած են հարիւրաւոր հնձաններու աւերակներ։ Անոնց մեծ մասն ունի քառանկիւն յատակագիծ։

Արշակունեաց ամառանոց

Խմբագրել

Աշնակ Ե․ դարուն եղած է մեծ բնակավայր եւ Արշակունի թագաւորներուն ամառանոցը։

 
Աշնակ գիւղին շրջակայքի յայտնաբերումները

Պատմամշակութային յուշարձաններ

Խմբագրել

1894-ին Ռուսական կայսերական հնաբանական ընկերութեան կողմէն Քարլ Դունբերգ (Կերչի հնաբանական թանգարանի տնօրէն) Աշնակի շրջանին մէջ կատարած է պեղումներ։ Անոր օգնած է Մեսրոպ վրդ․ Տէր Մովսէսեան։ Յայտնաբերուած իրերէն մաս մը այժմ կը պահուի Էրմիթաժի արեւելագիտական բաժնին մէջ։

Չորս ամրոցներ

Խմբագրել
 
Աշնակ գիւղին շրջակայքի յայտնաբերումները

Գիւղի շրջակայքը գտնուող 4 ամրոցները կը հաստատեն անոր արքայական ձմեռանոց-զօրակայան ըլլալու փաստը։

  • Առաջին ամրոցը կը գտնուի գիւղին կեդրոնը։ Անոր տարածքին մեծ մասը ծածկուած է քանդուած բնակելի տուներու աւերակներով (Ք․Ա․ 1-ին դար)։
  • Երկրորդ ամրոցը (Ք․Ա․2րդ - Ք․Ա․1ին հազարամեակ) կը գտնուի գիւղէն 3 քլ․ հարաւ-արեւելք։ Պահպանուած են անոր պարիսպները։
  • Երրորդ ամրոցը (վաղ միջնադար) կը գտնուի գիւղին արեւելեան մասին։ Անոր հիմնապատերը պահպանուած են։
     
    Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի
  • Չորրորդ ամրոցին (վաղ միջնադար) մինչեւ 1 մ․ բարձրութեամբ պատերը պահպանուած են։ Յայտնաբերումները կը վկայեն թէ Աշնակ Թ․ դարուն եղած է վարչական եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոն։
 
Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռ

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի

Խմբագրել

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Ե․ դարուն կառուցուած է։ Յուշարձանը ունեցած է շինարարական երեք շրջան՝ Ե․ դար, Բագրատունեանց ժամանակաշրջան եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռ

Խմբագրել

Գիւղին մէջ կը գտնուի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռը։

 
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յուշարձան
 
Գէորգ Չաւուշի անուան տուն-թանգարանը

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի զոհերու յուշարձան

Խմբագրել

Աշնակին մէջ կը գտնուի Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յուշարձան։

Գէորգ Չաւուշի տուն-թանգարան

Խմբագրել

Գէորգ Չաւուշի անուան տուն-թանգարանը կը գտնուի Աշնակ գիւղին մէջ։

[2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Աշնակի պատմութեան և մշակոյթի անշարժ յուշարձանների ցանկ (Արագածոտնի մարզ)