Արամ Կլորիկ
Տոքթ. Արամ Կլորիկ (1906, Մանչեսթեր, Hundred of Salford, Լանքաշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - 1998), հայ բժիշկ, ականջի մասնագէտ։
Արամ Կլորիկ | |
---|---|
Ծնած է | 1906 |
Ծննդավայր | Մանչեսթեր, Hundred of Salford, Լանքաշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն |
Մահացած է | 1998 |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրական գիծեր եւ կրթութիւն
ԽմբագրելԾնած է Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը։ Ան երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան, 19 տարեկանին` Անգլիա գաղթած ու հոն ան ամուսնացած է Պէաթրիս Ալեն անունով անգլուհիի մը հետ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Կլորիկ ընտանիքը հաստատուած է Քենեքթիքթ նահանգի Նիւ Լանտըն քաղաքին մէջ:
Երիտասարդ Արամ Կլորիկ իր կրթութիւնը ստացած է Նիւ Լանտընի պետական նախակրթարանին եւ բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ապա անցած է Մասաչուսեց նահանգի Էթլենթիք քոլեճը եւ ընդունուած է իբրեւ բժշկական ճիւղի ուսանող:
Ապա անցած է Քալիֆորնիա եւ հետեւած է Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին մէջ գտնուող Աւետարանիչներու քոլեճի բժշկական դասընթացքներուն:
Ան իր բժշկական վկայականը ստացած է 1938-ին[1]:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՏոքթ. Արամ զանազան հիւանդանոցներու մէջ ծառայած է սկզբնական շրջանին: Բժշկութեան մէջ իր առաջին քայլերը առած է երեխաներու հիւանդութեանց բժշկութեան մարզին մէջ: Սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ականջի հիւանդութեանց հանդէպ:
1941-ին ականջի առողջապահութեան դասախօս նշանակուած է Աթլանթայի Էմորի համալսարանին մէջ:
Աւելի ետք` 1946-47 թուականներուն, ան նշանակուած է օգնական փրոֆէսօր նոյն համալսարանին մէջ:
Բ. Աշխարհամարտին, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի մտնելէն ետք, կոչուած է զինուորական ծառայութեան եւ ղրկուած՝ Իսլանտա եւ Անգլիա: Անգլիոյ մէջ ամուսնացած է Մարկարեթ Տընհամի հետ եւ ունեցած են երկու աղջիկ:
Արտասահման գտնուած միջոցին, ան ուսումնասիրած է պարագաներ, երբ ենթականերու լսողութիւնը խանգարուած է ռումբերու պայթիւնին կամ շատ բարձրերը կատարուած թռիչքներուն պատճառով:
Պատերազմէն ետք նշանակուած է լսողութեան բաժնի պետ` Ուոլթըր Ռիտ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Ուաշինկթըն, ուր միեւնոյն ատեն վարած է Ամերիկացի վեթերաններու լսողութեան կեդրոնը: նոյն շրջանին Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի դասախօս կարգուած է:
1952-ին ընդունած է Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի դասախօսի պաշտօնը` ականջի, քիթի եւ կոկորդի հիւանդութիւններու համար:
Լոս Անճելըսի հիմնարկը իրմէ խնդրած է, որ հիմնէ հետազօտութեանց կեդրոն մը` լսողութեան շուրջ: Ան դարձած է հիմնարկութեան աղմուկի հետազօտման կեդրոնի յանձնախումբին տնօրէնը: Պրպտումի այս կեդրոնին մէջ գործած է 12 տարի, մինչեւ 1964 Յուլիս, երբ հրաւիրուած է Տալլասի Քոլլիըր լսողական եւ լեզուական կեդրոնին իբրեւ պատասխանատու:
Ստեղծագործութիւն
ԽմբագրելՏոքթ. Կլորիկ ճարտարարուեստի մէջ գործածութեան համար պատրաստած է ականջի խցաններու շարք մը: Պարզ եւ փոքր ձգախէժէ խցաններ[2]: Ծանրութիւնը հազիւ 35 կրամ է: Այս խցանները նախ որդեգրուած են Քալիֆորնիոյ օդանաւաշինական ճարտարարուեստին կողմէ, 1949-ին: Ապա հրապարակ հանուած են «Սաունտ սենթըր»-ի վաճառանիշով:
Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն ապսպրանք ստացուած է 100 հազար կտորի համար[3]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Aram Glorig, 92, Authority On the Ear and Its Disorders
- ↑ studio 5165m։ «Anunner.com - ԱՐԱՄ ԿԼՈՐԻԿ (Glorig)»։ www.anunner.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-22
- ↑ «50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1965) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-22