Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի
Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի (1804, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1868), երեսփոխան, ազգային գործիչ։
Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի | |
---|---|
Ծնած է | 1804 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1868 |
Մասնագիտութիւն | Խմբագիր, հանրային գործիչ |
Երեխաներ | Առաքել Ալթուն-Տիւրրի |
Ծնած է Պոլիս։ Ան զաւակն էր Առաքէլ Ալթունեանին։ Հայրը կը փոխադրուի Զմիւռնիա, ուր կը մեռնի՝ որբ թողելով Արիստակէսը 4 տարեկան հասակին մէջ։ Արիստակէսը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարաժարանին մէջ, որմէ ետք, կը յաճախէ Ռու անուն ֆրանսացիի մը վարժարանը եւ հոն կ՛ընտելանայ ֆրանսերէն լեզուին։ Դասընթացքը աւարտելէ ետք կ՛երթայ Եգիպտոս, ուր Եուսուֆ Պէյ վարժարան մը բացած էր։ Հոն ուսումը կը կատարելագործէ ու կը սորվի նաեւ իտալերէն եւ արաբերէն լեզուները։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, տակաւին երիտասարդ՝ կառավարական պաշտօնեայ կը դառնայ, եւ քանի մը տարի ետք կը նշանակուի՝ Մեհմետ Ալիի քարտուղարը։ Արիստակէսի կինը, իր ժամանակաշրջանի զարգացած հայ կիներէն մէկը եղած է, տիրապետելով նաեւ՝ Ֆրանսերէնին։
Երբ էլմասը՝ արաբերէն թերթին խմբագրապետը, արտաքին գործոց նախարար կը նշանակուի, ինք ալ ժամանակ մը ետք կը դառնայ անոր խորհրդականը։ Դիւանագիտական խնդրոյ մը առթիւ, երբ Լուի Ֆիլիբ Ֆրանսայի թագաւորին գրուելիք պաշտօնագիր մը մեծ յաջողութեամբ կը գրէ, Եգիպտոսի Խէտէվի Մեհմետ Ալի փաշա՝ համբուրելով Արիստակէս Ալթունեանի ճակատը կ'ըսէ. "Օղլում Ալթուն, սենին իսմին Ալթուն տէյիլ, Տիւրրի տիր"։ (Կը նշանակէ՝ որդիս Ալթուն, քու անունդ Ալթուն (ոսկի) չէ, Տիւրրի (մարգարիտ) է"։ Ատկէ ետք Ալթուն մականունը կը փոխուի Ալթուն-Տիւրրիի։
Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք երբ զաւակները՝ Իպրահիմ, իսկ յետոյ՝ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն անոր, Արիստակէս պաշտօնէն կը քաշուի. առողջութեամբ տկար ըլլալով՝ Զմիւռնիա կը հաստատուի։ Կարճ ժամանակ մը վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, կը հաստատուի Պոլիս։ Պոլսոյ մէջ 1851-ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։
Ան մեծ մասնակցութիւն բերած է ազգային գործերու մէջ։ Անդամակցած է 1857-ի Գերագոյն Ժողովին։ Կարեւոր ներդրում բերած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր Աղաթոն Օտեանի եւ Ն. Ռուսինեանի հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնքը։
1860-Էն գրեթէ մինչեւ իր մահը Ազգային երեսփոխան եղած է ու ազգին շահերուն պաշտպան հանդիսացած։ Գրագէտ անձ՝ Ֆրանսերէնէ թարգմանած է «Գինովափէ» անուն վէպ մը։ Մահացած է 2 Յունուար 1888-ին[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի ▪ The complete information and online sale with free shipping»։ Maria Online։ արտագրուած է՝ 2019-10-10[permanent dead link]