Արմենակ Սէրայտարեան

Արմենակ Գասպար Սէրայտարեան (1880/1882, Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ- 1915, Եւդոկիա (Թոքաթ)), հայ բժիշկ։

Արմենակ Գասպար Սէրայտարեան
Ծննդավայր Սեբաստիա (Սուազ), Սեբաստիոյ նահանգ
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Եւդոկիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկա­կան բաժին
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Արմենակ Սէրայտարեան ծնած է 1880/1882 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի կեդրոն՝ Սեբաստիա քաղաքին/ նոյն նահանգի Եւդոկիոյ գաւառի Զիլէ աւանին մէջ՝ բրուտ Կարոյեան Գասպարի ընտանիքին մէջ։

Դեղագործ Տիգրան Սէրայտարեանի եղբայրն է։

Նախնական կրթութիւնն ստացած է Սեբաստիոյ ազգային վարժարանէն ներս, միջնակարգը ` քաղաքի աւե­տա­րա­նա­կան­նե­րուն վար­ժա­րա­նէն ներս։ 1903-1907 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկա­կան բաժինէն ներս եւ ստա­ցած է բժիշկի վկա­յա­կան։ Ըստ Ար­շակ Ալ­պօ­յեա­ճեա­նի` բժշկական կրթութիւնն ստացած է 1891 թուականին ԱՄՆ-ու մէջ։ 1907 թուականին վերադառնալով Սեբաստիա՝ զբաղած է բժշկութեամբ։ Յետագային աշխատած է Զիլէի մէջ։

Եղած է ՀՅԴ-ի անդամ։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ իբրեւեւ պահեստային զինուորական բժիշկ՝ զինք արտօնած են ծառայելու Եւդոկիոյ մէջ։ 1915 թուականին Եւդոկիոյ մէջ Շուուպերեիսի («Զին­ուո­րագ­րու­թեան բաժ­ինի պետ») Քէօր պինպաշիի («Կոյր հազարապետ») հրամանով ձերբակալուած ու բանտարկուած է։

Մերժած է իս­լա­մու­թիւնն ընդունիլ, ուստի ճաշակած է բանտի դառնութիւնները։ Որոշ ժամանակ անց, նոյն հրամանատարի հրամանով, ազատ արձակուած է։ Բանտէն դուրս գալէ եւ իր զինուորական համազգեստը վերստանալէ անմիջապէս ետք, Սեբաստիոյ հայ բնակչութեան տեղահանութեան ժամանակ, Եւդոկիոյ ճամբուն վրայ, ընտանիքին անդամներու աչքին առջեւ, եղբօր հետ միասին սպանուած է Քէօր պինպաշիի հրամանով՝ մօտ 35 տարեկան հասակին։ Նախապէս բժիշկին քովէն առած են սուրը եւ զինք յանձնած՝ ուղեկցող ոստիկան-զինուորներուն ծեծին ու տանջանքներուն։

Այլ տուեալով՝ Եւդոկիոյ մէջ կախաղան հանուած է իր երկու հայ բժիշկ պաշտօնակիցներուն՝ Միսաք Փանոսեանին եւ մարզուանցի Յակոբ Էմինեանին հետ միասին։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
  • Կարոյեա ն Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներին, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Գողգոթայ հայ հոգեւորականութեան, Նիւ Եորք, 1985։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետյան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճածըս, 2001։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ. եւ ուրիշ. Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թթ.), գիրք 1, Սեբաստիայի նահանգ, Երեւան, 2004։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012

Աղբիւր Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։