Արշակ Հաճեան (ծնած է Գահիրէ, 21 Հոկտեմբեր 1930-ին)։հայ մաթեմաթիկոս։ Ամերիկեան (1957) եւ Հայկական (1994) մաթեմաթիկական միութիւններու անդամ։ Փրոֆեսոր (1967)։ ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ (1998

Արշակ Հաճեան
Ծնած է 21 Հոկտեմբեր 1930
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն մաթեմաթիկոս, գիտնական
Աշխատավայր Փրոֆեսոր
Ծնողներ 3 զաւակ : Արսէն եւ Արամ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Արշակ Հաճեանի ծնողները Արեւմտեան Հայաստանէն էին. Եողոնոլուկ գիւղէն։ Արշակ Հաճեանի հայրը այն խիզախ հայորդիներէն էր, որ մասնակցեր է Մուսա լեռան հերոսական կռիւներուն եւ յետոյ՝ հպարտ ու անպարտ. Ֆրանսական նաւով հեռացեր է, հանգրուան գտնելով Փորթ Սաիտի մէջ, Եգիպտոս։ Եգիպտոսի մէջ Արշակ Հաճեանը յաճախեր է Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարան, Յուսաբեր սրահին մէջ մասնակցեր հայկական մշակութային հաւաքներուն։ Եղբօր. Վահանի հետ 18 տարեկանին ան կը մեկնի ԱՄՆ Միացեալ Նահանգներ։ Հարկադրուած կ'աշխատէին պողպատի ձուլարանին մէջ, որպէսզի վճարեն կրթութեան ծախսերը եւ օգնեն ծնողներուն։ Յատկանշական է, որ Հաճեանը մինչեւ Շիքակօյի համալսարան ընդունուիլը չունէր ոչ աւագ դպրոցի եւ ոչ ալ քոլեճի կրթութիւն։ Իսկ Շիքակօյի համլասարանը ունէր միայն մագիսթրաթուրա։ Այսպէսով, չունենալով որեւէ տիպլոմ, Հաճեանը կարողացաւ ընդունուիլ Չիկագոյի համալսարանի մակիսթրաթուրա։

Սկիզբը իր նախասիրութիւնը ֆիզիքն էր, սակայն այն կը պահանջէր շարունակական լաբորատոր փորձարկումներ, իսկ երիտասարդ Հաճեանը ուսանելու զուգահեռ կ'աշխատէր պողպատի ձուլարանին մէջ։ Կարիքէն դրդուած ապագայ մեծանուն գիտնականը վճռեց զբաղուիլ մաթեմաթիկայով, որն ալ բախտորոշ դարձաւ իրեն համար։

Ուսման տարիներ

Խմբագրել

Արշակ Հաճեանը 1954 թ. աւարտեց Շիքակօյի համալսարանի մաթեմաթիկայի կաճառը, խորամուխ եղաւ մասնագիտութեան մէջ, եւ 1957 թ. Ելի համալսարանի մէջ պաշտպանեց դոկտորական ատենախօսությունը։ Յատկանշական է, որ 1950-ականներու վերջը եւ 60-ականների սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսան մեծ ուշադրութիւն դարձնել մաթեմաթիկայի զարգացմանը, ինչ որ համընկաւ Հաճեանի ուսանելու տարիներու հետ։ Դոկտորականը պաշտպանելէն յետոյ ամերիկեան շարք մը բարձրակարգ համալսարաններ (Ռոչեսթեր, Ելը, Քոռնել) հրաւիրեցին Արշակ Հաճեանին իրենց մօտ դասաւանդելու։

Աշխատանքային տարիներ

Խմբագրել

Փրոֆեսոր Արշակ Հաճեանի գիտական հետաքրքրութիւններու շրջանակը կ'ընդգրկէ (Գործնական (functional Ֆունկցիոնալ) հետազօտութիւններու տեսութիւնը), վիճակագրական ֆիզիքի եւ թիւերու տեսութեան բնագաւառները։ 1960-ական թթ. ան հրաւիրուեցաւ Պոսթընի Նոթիսթերն համալսարան. հիմք դնելու մաթեմաթիկայի հետազօտութիուններու բաժնին։ 1964 թ. Ս. Քաքութանիի հետ համատեղ աշխատանքով ներմուծեց «թոյլ մոլորուող բազմութիւններու» (weakly wandering sets) հիմնարար գաղափարը, որ հնարաւորութիւն տուաւ լուծելու վերջաւոր կամ վերջաւոր չափին համարժէք. տրուած չափելի արտապատկերման նկատմամբ անյարափոփոխ (invariant) չափի գոյութեան դասական խնդիրը։ Արշակ Հաճեանը ապացուցեց, որ ցանկացած արտապատկերը թոյլ կու տայ համարժէք անյարափոփոխ (invariant) չափի ներմուծում այն, եւ միայն այն դէպքին, երբ գոյութիւն չունի դրական չափի «թոյլ մոլորուող բազմութիւն»։

Շարունակելով հետազօտութիւնները նշուած բնագաւառի մէջ Ա. Հաճեանն առաջինն էր, որ դիտարկեց «Անյարափոփոխ (invariant) չափերու ներմուծման խնդիրը» անվերջ չափ ունեցող տարածութիւններու համար։ Մեծանուն գիտնականին առաջին անգամ յաջողուեցաւ Էրկոտիք տեսութիւնը կիրառել թիւերու տեսութեան մէջ, որը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց Մաթեմաթիկոսներու ծիրին մէջ։ Այսօր Հաճեանը աշխարհի վրայ ճանչցուած մասնագէտ է (ergotic) տեսութեան բնագաւառի մէջ, որը մաթեմաթիկայի կարեւոր դասական ուղղութիւններէն մէկն է։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ գիտական յօդուածներու. տպագրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ճաբոնի եւ Իսրայէլի առաջնակարգ գիտական ամսագիրներուն մէջ։ Ընդ որում, ատոնց մէկ մասը կատարուեր են հռչակաւոր մաթեմաթիկոսներ Ս. Քաքութանիի եւ Եու. Իթոյի հետ համատեղ։ Այժմ ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խոշորագոյն կենդրոններէն մէկու. Նորթիսթերն համալսարանի փրոֆեսոր է։

Օտար հողի վրայ արարելուն զուգընթաց Հաճեանը երբեք չէ մոռցեր իր պատմական հայրենիքի մասին եւ իր ճշմարիտ աւանդը ունեցեր է հայկական մաթեմաթիկայի զարգացման մէջ։ Վերջին 30 տարիներու ընթացքին ան սերտ կապեր կը պահպանէ Հայաստանի մաթեմաթիկոսների հետ, դասախօսութիւններով հանդէս կու գայ Երեւանի պետական համալսարանի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիա մաթեմաթիկայի հիմնարկին մէջ։ Հանգամանք մը, որ մեծապէս նպաստեր է երիտասարդ մատեմաթիկոսներու գիտական հետաքրքրութիւններու ընդլայնմանը։

Հայաստանի մէջ մաթեմաթիկայի պահպանման եւ զարգացման համար էական նշանակութիւն ունեցաւ Հաճեանի նախաձեռնութեամբ եւ վճռական օժանդակութեամբ ստեղծուած «Հիմնարար մաթեմաթիկա» հիմնադրամը Հայաստանի մէջ, որ արդէն բազում տարիներ կը նպաստէ շնորհալի երիտասարդ հայ մաթեմաթիկոսներու նիւթական խրախուսմանը, Հայկական մաթեմաթիկական միութեան գործունէութեանը, Հայաստանի մէջ միջազգային մաթեմաթիկական գիտաժողովներու, սեմինարներու, յոբելեանական միջոցառումներու կազմակերպմանը, գիտական հետազօտութիւններու նիւթագիտարուեստական ւազայի ապահովման, հրատարակման եւ այլ հարցերուն մէջ։

Արշակ Հաճեանի որդիները՝ Արսէն եւ Արամ Հաճեաններ

Խմբագրել

Արշակ Հաճեանը ունի 3 զաւակ, որոնցմէ երկուքը. Արսէն եւ Արամ Հաճեանները, կը շարունակեն իրենց հօր ընտրած ուղին։ Աւագ որդին. Արսէնը, կը դասաւանդէ Վոթերլու համալսարանին մէջ, միաժամանակ հետազօտութիւններ կ'իրականացնէ աստղաֆիզիքի ոլորտին մէջ։ Ան պաշտպաներ է դոկտորական ատենախօսութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա արտասահմանեան անդամ Երուանդ Թերզեանի ղեկավարութեամբ։

Կրտսեր որդին. Արամը, աւարտելով Սթանֆորտը եւ Հարվարտը, մասնագիտացեր է պիոմեքանիքայի ոլորտին մէջ։ Պաշտպանելով դոկտորական ատենախօսութիւնը, Արամ Հաճեանը արդեն 10 տարիէ աւելի կ'աշխատի Հայաստանի մէջ։ Այսօր ան Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ինժեներիայի բաժնի դեկանն է։ Հաշուի առնելով Արշակ Հաճեանի գիտական մեծ նուաճումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գիտական միտքի զարգացման գործի մէջ ունեցած մեծ ներդրումները, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա Արշակ Հաճեանին ընտրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա արտասահմանեան անդամ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել