Արուս Ոսկանեան

Հայ դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագիտուհի։

Արուս Ոսկանեան (նախամուսնական անունով՝ Արուսեակ Դարպասեան, 28 Ապրիլ (10 Մայիս) 1889, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 20 Յուլիս 1943(1943-07-20), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասանուհի եւ ժողովրդական արուեստագիտուհի։

Արուս Ոսկանեան
Ծննդեան անուն Արուսեակ Դարպասեան
Ծնած է 28 Ապրիլ (10 Մայիս) 1889
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 20 Յուլիս 1943(1943-07-20) (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Աշխատավայր Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն
Ամուսին Հովսեփ Ոսկանյան?
Ստորագրութիւն

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Էսայեան վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած է գրող եւ մանկավարժ Սիպիլին. ապա ընդունուած է տեղի ֆրանսական ուսումնարան:

Ուսումը աւարտելէ ետք Ոսկանեան Ազգային հիւանդանոցի որբանոցէն ներս ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն, սակայն նկատի ունենալով թատրոնի նկատմամբ փոքր տարիքէն ունեցած սէրը, ուզած է դուրս գալ ուսուցչութենէն եւ նուիրուիլ թատրոնի:

 
Արուս Ոսկանեանի յուշատախտակը (Երեւան, Հանրապետութեան փողոց)

Թատերական գործունէութիւն

Խմբագրել

Ոսկանեանի թատերական աշխարհ մուտք գործելու առաջին փորձը եղած է Պոլիս ժամանումով Վահրամ Փափազեանի, որ առաջարկած է «Օթելլօ»ի Էմիլիայի դերը: Այդ օրերուն Ոսկանեան նշանուած ըլլալով փեսացուն հրաժարած է իրմէ՝ այդ որոշումին համար, իսկ ընտանիքը զինք բեմէն հեռու պահելու նպատակով տարած են Պուլկարիա:

Ոսկանեան Պուլկարիայէն Պոլիս վերադարձած է 1908 թուականին եւ իբրեւ հանդիսատես սկսած է ներկայ գտնուիլ Աբէլեան եւ Արամեան թատերախումբերու ներկայացումներուն, ինչ որ մէջը դարձեալ վառած են թատրոնի նկատմամբ իր ունեցած սէրը:

Ժամանակի ընթացքին թատերախումբի հետ իր կապերը ամրացնելով վերջապէս ամուսնացած է նոյն թատրոնի մէջ իբրեւ դերասան գործող Յովսէփ Ոսկանեանի հետ, որմէ ետք սկիզբ առած է Ոսկանեանի դերասանական գործունէութիւնը:

Ոսկանեան թատերախումբին հետ միասին սկսած է շրջիլ քաղաքներ ու դերեր ստանձնել։ Պաքուի մէջ ծանօթացած է յայտնի դերասանուհի Ազնիւ Հրաչեային, որ ինքնակամ ստանձնած է Ոսկանեանի բեմական ուսուցիչը ըլլալու գործը:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Ոսկանեան հաստատուած է Թիֆլիս, ուր Ալեքսանտր Շիրվանզատէի խորհուրդով մասնակցած է ներկայացումներու եւ մեծ յաջողութիւններ ձեռք բերած է:

Ոսկանեան իր վերջին դերը ստանձնած է 29 յունիս 1943 թուականին՝ «Դաւաճանութիւն» ներկայացման մէջ, որմէ 21 օրեր ետք՝ 20 Յուլիս 1943 թուականին մահացած է[1]:

կոչումներ

Խմբագրել

Ոսկանեան արժանացած է․

  • 1927 թուականին՝ Վաստակաւոր արուեստագէտի,
  • իսկ 1935-ին՝ Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումներուն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-02-03 
  2. «ԱՐՈՒՍ ՈՍԿԱՆԵԱՆ (ծնունդ՝ 28 Ապրիլ, 1889)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ 2021-04-22։ արտագրուած է՝ 2023-02-03