Արտանուջ
Արտանուջ (թրք.՝ Ardanuç), քաղաք եւ շրջան ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արտուինի նահանգի կազմի մէջ։
Քաղաք | |
---|---|
Արտանուջ | |
թրք.՝ Ardanuç | |
Երկիր | Թուրքիա |
Տարածաշրջան | Արեւելեան Անատոլիա |
Նահանգ (իլ) | Արտուին |
քաղաքապետ | Մեհմետ Ուղուր Արսլան |
Տարածութիւն | 969 կմ2 քմ² |
ԲԾՄ | 558 մեթր |
Պաշտօնական լեզու | թուրքերէն |
Բնակչութիւն | շրջան 11․406[1] քաղաք 6,332գյուղեր 5,074 մարդ |
Կրօնական կազմ | մուսուլմաններ |
Ժամային գօտի | UTC+2, ամառը UTC+3 |
Փոստային ցուցանիշ | 08300 |
Պաշտօնական կայքէջ | ardanuc.bel.tr |
Անուանում
ԽմբագրելԱրտանուջը կը յիշատակուի քանի մը տարբերակներով՝ Արտանոյշ, Արտանուչ, Արտանուշ, ինչպէս նաեւ թրքական Էրդենուջ աղաւաղուած ձեւով։ Թուրքերը, պաշտօնապէս, այժմ զայն կը կոչեն Արդանուչ։ Ըստ աւանդութեան, այստեղ թաղուած է թագաւորի մը դուստրը՝ Արտանուշը կամ Վարդանուշը, որուն անունով ալ որպէս թէ կոչուած է քաղաքը։
Աշխարհագրութիւն
ԽմբագրելԿը գտնուի Ճորոխ գետի աջակողմեան վտակ Արտանուշ գետի ձախ եզրին, Արտուին քաղաքէն 21—22 ք․մ․ հարաւ-արեւելք, լերան զառիթափին։ Բնականէն՝ ունի ամուր դիրք, պատուած է ժայռերով ու անմատչելի դարձած է պաշտպանական ամրակուռ պարիսպներով։ Ջրառատ, մեղմ կլիմայով ու առողջարար օդով քաղաք է։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՀին ատեն Արտանուջը կը մտնէր Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգի Կաղարջք գաւառին մէջ եւ կը համարուէր վերջինիս կեդրոնը։ Թրքական վարչական բաժանմամբ՝ հին ժամանակաշրջանին, Չըլդըրի կամ Ախալցխայի փաշայութեան Արտանուջի գաւառակի կեդրոնն էր։
Ըստ Սեն Մարթենի, Արտանուջը զայն կը նոյնացնէ Ղազար Փարպեցիի յիշատակած «Ողջնհազ» գիւղին, ուր Ե. դարուն՝ Վարդանանց պատերազմի ժամանակ, զոհուած ու թաղուած է Վարդանի եղբայրը՝ Հմայակ Մամիկոնեանը։ Կը Պատկանէր Բագրատունիներուն։ Ը. դարուն նուաճած ու աւերած է արաբական ոստիկան Ամիր (էմիր) Մրուանը, բայց շատ չանցած Աշոտ Կիւրապաղատը զայն նորէն ետ վերցուցած է։ Թ. — ԺԱ. դարերուն անիկա առեւտրական ճանապարհներով կապուած էր Վրաստանի, Աբխազիոյ, Տրապիզոնի, Բիւզանդիոյ եւ Անի-Շիրակի թագաւորութեան կեդրոններուն հետ։ ԺԱ. դարուն Արտանուջը Բագրատունիներու այն ճիւղին բնակատեղին էր, ինչ որ յետոյ հաստատուեցաւ վրաց գահի վրայ։ Այդ ժամանակներուն Արտանուջը սովորական բերդ էր, որուն մասին յիշատակութիւն ունի Կոստանդին Ծիրանածինը (905—958 թթ.)։ Անոր բերդ ըլլալուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ նաեւ թուրք պատմագիր Քեաթիպ Չելեպին, բայց աւանդութեամբ եւ զրոյցներով զուգորդուած, որ զիրենք կը դարձնեն քիչ արժանահաւատ։ Յետագային Արտանուջը կը մտնէ վրաց Բագրատունիներու թագաւորութեան, իսկ ԺԶ. դարէն՝ Օսմանեան պետութեան կազմին մէջ։
1878 — 1921 թթ., Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան ժամանակ, կը մտնէ Պաթումի մարզի Արտուինի օկրուգի մէջ։ Արտանուջը նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր թեմի կեդրոն էր։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելԱրտանուջը սակաւամարդ քաղաք էր։ ԺԹ դարու վերջերը ունէր 1000 բնակիչ, որոնցմէ 960—ը հայեր էին, իսկ մնացածը՝ թուրքեր, 1907 թ.՝ 1214 բնակիչ, մեծագոյն մասը՝ դարձեալ հայեր։
Բնակչութիւնը կը զբաղէր արուեստներով, առեւտուրով եւ գիւղատնտեսութեամբ։ Կարեւոր դեր կը խաղար յատկապէս խաղողագործութիւնը։ Արտանուջը կ'արտահանէր ընտիր գինի, որուն շնորհիւ մեծ համբաւ ունէր զանազան շուկաներու մէջ։ Արհեստներէն տարածուած էին դերձակութիւնը, ներկարարութիւնը, կօշկակարութիւնը, դարբնութիւնը, ասեղնագործութիւնը, կերպասագործութիւնը, մետաքսագործութիւնը։ Բաւական աշխոյժ բնոյթ ունէր անոր ներքին ու արտաքին առեւտուրը։ Գինիէն բացի կ'արտահանէր մորթիներ, բուրդ եւ այլ ապրանքներ։ Մեծ Եղեռնի ժամանակ տեղի հայ բնակչութենէն 1276 մարդ սպաննուած է, մնացածը յաջողած է փախչիլ, գաղթելով այլ երկիրներ։
2012 թուականին կատարուած մարդահամարի տուեալներով, քաղաքին մէջ կը բնակէր 6,332 մարդ, քիւրտեր եւ թուրքեր։
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱրտաքին յղումներ
Խմբագրել- Քաղաքի պաշտօնական կայք (թուրք.)
- Շրջանի պաշտօնական կայք (թուրք.)