Արցախի Պետական Համալսարան

Արցախի պետական համալսարան, գիտակրթական եւ մշակութային կեդրոն ԼՂՀ-ի մէջ։

Արցախի Պետական Համալսարան
Տեսակ կրթօջախ? եւ ակադեմիական ինստիտուտ?
Հիմնադրուած է 1992
Տնօրէն Մանուշ Մառլեստի Մինասեան (2013)
Աշակերտներ 3300
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
 Արցախի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Ստեփանակերտ
Հասցէ Մխիթար Գոշի 5
Կայքէջ asu.am(հայ.)(անգլերէն)(ռուս.)
Lua error in Մոդուլ:Location_map at line 442: Unable to find the specified location map definition. Neither "Module:Location map/data/Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն" nor "Template:Տեղորոշման քարտեզ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն, Արցախի Հանրապետութիւն" exists.

Պատմութիւն

Խմբագրել

Համալսարանը ստեղծուած է 1969 թուականին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի կեդրոն Ստեփանակերտ քաղաին մէջ։ Ստեղծման պահուն համալսարանը կը կոչուէր «Պաքուի Վ. Լենինի անուան մանկավարժական հիմնարկի Ստեփանակերտի մասնաճիւղ» եւ ունէր ընդամէնը երկու ամպիոն՝ լեզուի եւ գրականութեան ու մաթեմատիկայի, որոնց ուցսուցումը տարուած է հայերէն, ատրբէյճաներէն, հետագային նաեւ՝ ռուսերէն:

1973 թուականին բուհն ստացել է ինքնուրոյն կարգավիճակ եւ վերանուանուել Ստեփանակերտի պետական մանկավարժական ինստիտուտ։

Արցախեան ազտամարտի տարիներ

Խմբագրել

80-ական թուականներբւ երկրորդ կիսուն, արցախահայութեան ազատագրական պայքարի նոր փուլի սկզբնաւորման օրերբուն, համալսարանը դարձաւ համաժողովրդական պայքարի գիտական հիմնաւորման օջախ։ Արցախեան ազատամարտի առաջին օրերէն ուսանողներն ու դասախօսները կամաւոր զինուորագրուեցան ղարաբաղեան հողում հայութեան յարատեւման պայքարին։ 1988 թուականի փետրուարին բուհի մէջ սկզբնաւորուած ուսանողական շարժումները նպաստեցին, որպէսզի մայր Հայաստանի հետ արցախահայութեան վերամիաւորման արդարացի պահանջը վերաճի համազգային գաղափարի։ Ժամանակաւորապէս դադարեցուեցին ուսումնական պարապմունքները Ստեփանակերտի պետական մանկավարժական հիմնարկին մէջ, եւ բուհի հայկական ու ռուսական բաժինները նոյն թուականի նոյեմբեր ամսուան ընթացքին տեղափոխուեցին Վանաձոր` տեղի մանկավարժական հիմնարկին մէջ ուսումը շարունակելու համար:

Արցախեան պատերազմի թէժ տարիներուն` 1992 թուականի հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշում ընդունեց միաւորել վանաձորի մանկավարժական հիմնարկի Ստեփանակերտի բաժանմունքը երեւանի ճարտարագիտական համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի հետ՝ միաւորուած նորաստեղծ բուհն անուանելով Արցախի պետական համալսարան՝ Արպհ։

ԼՂՀ անկախութեան տարիներ

Խմբագրել

ԼՂՀ անկախութեան տարիներուն համալսարանը աննախադէպ կը զարգանայ արձանագրել։ 2008-2009 թուականներուն ուսումնական տարին իրականացուած է անցումը կրեդիտային համակարգի՝ ուսումնառութիւնը կազմակերպելով պոլոնիայի հռչակագիրի համաձայն, եռաստիճան համակարգով՝ բակալաւրիատ, մագիստրատուրայ, ասպիրանտուրա։ Ուսումնական գործընթացը առկայ կը կազմակերպուի եւ հեռակայ բաժիններուն մէջ։

Համալսարանը ունի երեք մասնաշէնք եւ վարչական շէնք, կը գործէ 9 հիմնարկ, 25 ամպիոն, որոնցմէ մէջ կ'աշխատի մօտ 350 դասախօս, որոնցմէ են գիտութեան 9 տոկթոր, գիտութեան 69 թեկնածու, 24 մասնագէտ, 76 դոցենտ։ Պայմանագրային հիմունքներով համալսարանին մէջ կը դասախօսեն ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ ՀՀ-էն եւ ՌԴ-ից հրաւիրուած բարձրակարգ մասնագէտներ։ Համալռարանի առկայ եւ հեռակայ բաժիններու բակալաւրիատին մէջ եւ մագիստրատուրային մէջ կան շուրջ 3300 ուսանողներ։ Ասպիրանտուրայի մէջ կան շուրջ հինգ տասնեակ ասպիրանտներ, որոնք, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը պաշտպանեն թեկնածուական թեզեր եւ կ՛ըստանան գիտական աստիճան[1][2]։

Հիմնարկներ

Խմբագրել
  • Ֆիզմաթ հիմնարկ
  • Հայոց լեզուի ու գրականութեան եւ օտար լեզուներու հիմնարկ
  • Քիմիայի եւ կենսաբանուեան հիմնարկ
  • Ճարտարագիտական հիմնարկ
  • Մանկավարժութեան հիմնարկ
  • Պատմա-քաղաքագիտական հիմնարկ
  • Տնտեսա-իրաւաբանական հիմնարկ
  • ՆԶՊ եւ ֆիզդաստիարակութեան հիմնարկ

Տուեալներ

Խմբագրել

Համալսարանը ունի հրատարակչութիւն, ուր կը հրատարակուին «Գիտական տեղեկագիրը», «Հայագիտական հանդէսը», «Արցախի համալսարան» ամսաթերթը, գիտամեթոդական եւ այլ գրականութիւն։ Համալսարանը ունի աստղադիտարան, ուր ուսանողները կ՛ուսումնասիրեն իրենց պարապմունքները եւ կը դիտեն աստղային երկինքը։

Արցախեան պատերազմին նահատակուած թիւով 72 ուսանողներու յիշատակին կառուցուած հյւշակոթողին իրենց հարգանքի տուրքն կը մատուցեն համալսարան ժամանած հիւրերն ու պաշտօնական պատուիրակութիւնները։

Շրջանաւարտներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել