Արցախի Պետական Պատմաերկրաբանական Թանգարան
Արցախի պետական պատմաերկրաբանական թանգարան, հիմնադրուած է 1939-ին։ ԼՂՀ պատմամշակութային միակ օջախն է, ուր կը ներկայացուի Արցախի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։
Արցախի Պետական Պատմաերկրաբանական Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր |
Խորհրդային Միութիւն Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն Արցախի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Ստեփանակերտ |
Վայր | Ստեփանակերտ |
Հասցէ | Սասունցի Դավթի փողոց, 1 |
Հիմնադրուած է | 1939 |
39°49′03″N 46°45′16″E / 39.817389°N 46.754381°E | |
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԱրցախի պետական պատմաերկրաբանական թանգարանի հիմնադրամապահոցներուն եւ ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են աւելի քան 50 հազար պատմամշակութային արժէքներ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականցուող պեղումներու շնորհիւ թանգարանը հնարաւորութիւն ունի արդիւնաւէտ կերպով ընդլայնելու իր ցուցանմուշներու ցուցակը։
Հնագիտութեան բաժին
ԽմբագրելԹանգարանի ցուցադրութիւնը կը սկսի Արցախի բնաշխարհը պատկերող հետաքրքիր տեսարաններով, որուն կը յաջորդէ հնաբանութեան բաժինը։ Այստեղ ցուցադրուած նիւթերու մէջ ընդգրկուած են բնութեան քարացած նմուշներ, ամենավաղ քարէ դարու գործիքներ, պրոնզէ ամենատարբեր իրեր (զարդարանքներ, սպասք, զէնքեր), Ուրարտական ժամանակներէն պահպանուած զարմանահրաշ զարդագօտիներով կաւանօթներ, հայկական, հռոմէական, պարսկական, արաբական ծագման արծաթէ ու պղինձէ մետաղադրամներ եւ այլն։
Միջնադարեան բաժին
ԽմբագրելՀայոց առաջին փիլիսոփայ Գրիգոր Լուսաւորիչը Արցախի մէջ հիմնադրած է առաջին եկեղեցիներէն մէկը՝ Ամարասը, որու լուսանկարի եւ համապատասխան քարտէզի ցուցադրութեամբ կը սկսի թանգարանի միջնադարեան բաժինը։ Այստեղ առկայ են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անոր քարոզչութեան փաստացի վկայութիւններ։
Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ազգագրութեան բաժինը, ուր ցուցադրութիւնը սկսած է արցախցի նահապետական ընտանիքի (տատիկը ճախարակով թել է մանում, իսկ պապիկը՝ իր մշակած կաշուց տրեխ տեսարանով։
Գորգագործական բաժին
ԽմբագրելՑուցադրուած են նաեւ գորգագործական հին դազգահ, արցախեան գորգագործութեան նմուշներ՝ 18-20-րդ դարերու գորգեր։ 19-րդ դարուն հայ մշակոյթի կեդրոնն էր Շուշին, որու մասին կը պատմեն ցուցադրուած աւետարանները, հին տպագիր գիրքերը, լուսանկարները։
Նոր ժամանակներ բաժին
ԽմբագրելՓաստագրական նիւթերով առաւել հարուստ են նոր եւ նորագոյն բաժինները, ուր կը ներկայացուին արցախահայութեան մղած ազգային ազատագրական պայքարը Ազրպէյճանի դէմ 1918-1921-ականներուն։ Այստեղ ներկայացուած է 1926-ի Հայաստանի քարտէզը, որ պատրաստուած էր 10 Օգոստոս1920-ի պայմանագրի համաձայն, ինչպէս նաեւ 23 Մարտ 1920-ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերու մասին վկայող փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Ղարաբաղի՝ բռնի ուժով Խորհրդային Ազրպէյճանին միացման մասին։
Արցախեան համազգային շարժում բաժին
ԽմբագրելԱռանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն արցախեան համազգային շարժումը, Ղարաբաղեան ազգային ազատագրական պատերազմը, հետպատերազմեան շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի շարժման մասին պատմող թանգարանի վերջին բաժինները[1]։
Հասցէ
ԽմբագրելՊատկերասրահը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ, Սասունցի Դաւիթ 4 հասցէին վրայ։