Արցախի Պետական Պատմաերկրաբանական Թանգարան


Արցախի պետական պատմաերկրաբանական թանգարան, հիմնադրուած է 1939-ին։ ԼՂՀ պատմամշակութային միակ օջախն է, ուր կը ներկայացուի Արցախի պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։

Արցախի Պետական Պատմաերկրաբանական Թանգարան
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Արցախի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Ստեփանակերտ
Հասցէ Սասունցի Դավթի փողոց, 1
Հիմնադրուած է 1939
39°49′03″N 46°45′16″E / 39.817389°N 46.754381°E / 39.817389; 46.754381
Քարտէս
Քարտէս

Ցուցադրութիւն Խմբագրել

Արցախի պետական պատմաերկրաբանական թանգարանի հիմնադրամապահոցներուն եւ ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են աւելի քան 50 հազար պատմամշակութային արժէքներ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականցուող պեղումներու շնորհիւ թանգարանը հնարաւորութիւն ունի արդիւնաւէտ կերպով ընդլայնելու իր ցուցանմուշներու ցուցակը։

Հնագիտութեան բաժին Խմբագրել

Թանգարանի ցուցադրութիւնը կը սկսի Արցախի բնաշխարհը պատկերող հետաքրքիր տեսարաններով, որուն կը յաջորդէ հնաբանութեան բաժինը։ Այստեղ ցուցադրուած նիւթերու մէջ ընդգրկուած են բնութեան քարացած նմուշներ, ամենավաղ քարէ դարու գործիքներ, պրոնզէ ամենատարբեր իրեր (զարդարանքներ, սպասք, զէնքեր), Ուրարտական ժամանակներէն պահպանուած զարմանահրաշ զարդագօտիներով կաւանօթներ, հայկական, հռոմէական, պարսկական, արաբական ծագման արծաթէ ու պղինձէ մետաղադրամներ եւ այլն։

Միջնադարեան բաժին Խմբագրել

Հայոց առաջին փիլիսոփայ Գրիգոր Լուսաւորիչը Արցախի մէջ հիմնադրած է առաջին եկեղեցիներէն մէկը՝ Ամարասը, որու լուսանկարի եւ համապատասխան քարտէզի ցուցադրութեամբ կը սկսի թանգարանի միջնադարեան բաժինը։ Այստեղ առկայ են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ անոր քարոզչութեան փաստացի վկայութիւններ։

Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ ազգագրութեան բաժինը, ուր ցուցադրութիւնը սկսած է արցախցի նահապետական ընտանիքի (տատիկը ճախարակով թել է մանում, իսկ պապիկը՝ իր մշակած կաշուց տրեխ տեսարանով։

Գորգագործական բաժին Խմբագրել

Ցուցադրուած են նաեւ գորգագործական հին դազգահ, արցախեան գորգագործութեան նմուշներ՝ 18-20-րդ դարերու գորգեր։ 19-րդ դարուն հայ մշակոյթի կեդրոնն էր Շուշին, որու մասին կը պատմեն ցուցադրուած աւետարանները, հին տպագիր գիրքերը, լուսանկարները։

Նոր ժամանակներ բաժին Խմբագրել

Փաստագրական նիւթերով առաւել հարուստ են նոր եւ նորագոյն բաժինները, ուր կը ներկայացուին արցախահայութեան մղած ազգային ազատագրական պայքարը Ազրպէյճանի դէմ 1918-1921-ականներուն։ Այստեղ ներկայացուած է 1926-ի Հայաստանի քարտէզը, որ պատրաստուած էր 10 Օգոստոս1920-ի պայմանագրի համաձայն, ինչպէս նաեւ 23 Մարտ 1920-ին տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերու մասին վկայող փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Ղարաբաղի՝ բռնի ուժով Խորհրդային Ազրպէյճանին միացման մասին։

Արցախեան համազգային շարժում բաժին Խմբագրել

Առանձին հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն արցախեան համազգային շարժումը, Ղարաբաղեան ազգային ազատագրական պատերազմը, հետպատերազմեան շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի շարժման մասին պատմող թանգարանի վերջին բաժինները[1]։

Հասցէ Խմբագրել

Պատկերասրահը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ, Սասունցի Դաւիթ 4 հասցէին վրայ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարան