Աւանց

Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն։

Աւանց, Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, որ կը գտնուի Վան վիլայէթի Վան գաւառակին մէջ: Գիւղը կը գտնուի Վանայ լիճի ափին, բարձր սարահարթի վրայ: Կը հանդիսանար Վանայ լիճի ամէնէն յայտնի նաւահանգիստը։

Գիւղ
Աւանց
Երկիր  Թուրքիա

Բնակչութիւն

Խմբագրել

1850-ական թուականներուն Աւանցն ունեցած է արդէն 300 տուն՝ աւելի քան 2000 հայ բնակիչներով, իսկ աւելի ուշ՝ շուրջ 500 տուն հայ բնակչութեամբ:

1915 թուականին Աւանց գիւղի բնակիչները աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած են Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան:

Աւանց աւերուած է  ցեղասպանութեան տարիներուն։ Բնակիչներէն շատեր զոհուած են  գաղթի ճանապարհին, սակայն փրկուածներուն մէկ մասը  կրօնափոխ եղած է չլքելով հայրենի բնօրրանը,  միւս մասն ալ  ապաստան գտած է  Արեւելեան Հայաստան։

Կրթութիւն եւ գրչութիւն

Խմբագրել

Գիւղը միջին դարերուն եղած է գրչութեան կեդրոն, ուր  գրուած են բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ: 19-րդ  դարու սկիզբը գիւղին մէջ գործած է վարժարան։

Տնտեսութիւն

Խմբագրել

Բնակչութիւնը գլխաւորաբար զբաղած է այգեգործութեամբ, երկրագործութեամբ,  օճառագործութեամբ, ձկնորսութեամբ, նաւաշինութեամբ ու նաւավարութեամբ։

Պատմամշակութային կառոյցներ

Խմբագրել

Մինչեւ 1810 թուականը գիւղը ունեցած է՝ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիները: Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ ընդունուած էր անուանել նաեւ Սուրբ Աստուածածին:

Գիւղին համար աղէտաբեր եղած են լիճի՝ 1810 թուականի կէսերուն տեղի ունեցած  ուժեղ ալեկոծութիւնները, որուն արդիւնքով ջրակուլ եղած է ողջ գիւղը եւ եկեղեցիներէն մէկը: Աւանցը կրկին վերաշինուած է աւելի բարձր դիրք ունեցող սարահարթի վրայ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը. Աւանց գիւղ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-10։ արտագրուած է՝ 2023-04-04 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։