Աւօ Ուվէզեան (անգլերէն՝ Avo Uvezian, 22 Մարտ 1926, Պէյրութ, Լիբանան - 24 Մարտ 2017, Օրլանտօ, Միացեալ նահանգներ) հայազգի հանրայայտ ճազ դաշնակահար եւ աշխարհին վրայ յառաջատար դիրքեր զբաղեցնող թան­կար­ժէք «AVO» մակ­նի­շի սի­կառ­նե­րու հիմ­նա­դիրը[1]։

Աւօ Ուվէզեան
Ծնած է 22 Մարտ 1926
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 24 Մարտ 2017
Մահուան վայր Օրլանտօ, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ Միացեալ նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ճուլիարտ Վարժարան
Տեսակ Ճազ
Մասնագիտութիւն Երաժիշտ, սիկառներ արտադրող

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւօ Ուվէզեանը ծնած է 1926 թուականին Պէյրութի մէջ, Լիբանան երաժիշտներու ընտանիքի մէջ։

Հայրը Լայպցիկի սիմֆոնիկ նուագախումբի ղեկավար էր։ Մայրը եւ կրտսեր քոյրը եւս բարձրորակ երաժիշտներ են։ Ընտանիքը տեղափոխուած է Լիբանան, իր հօրը ծննդավայրը[2]:

16 տարեկանին Աւօն կը ստեղծէ ճազ խումբ։ Խումբը կը նուագէ Լիբանանի մէջ, այնուհետեւ իրենց կը հրաւիրեն Պաղտատ եւ Թեհրան։ Մէկ օր պալատին մէջ նուագելէ ետք իրեն կը նկատէ շահ Ռեզա Փեհլեւին։ Վերջինիս շնորհիւ Աւօն կո մեկնի ԱՄՆ, ուր կ'ընդունուի Նիւ Եորքի Ճուլիարտ յայտնի երաժշտական դպրոցը։ Այնտեղ ալ Աւօ Ուվէզեանը կ'ամուսնանայ։

Աւօ Ուվէզեան Եւ Ֆրենք Սինատրա

Խմբագրել

1958 թուականին Լաս Վեկասի մէջ Աւօ Ուվէզեանի աները իրեն կը ծանօթացնեն հանրայայտ երաժիշտ Ֆրենք Սինատրայի հետ։ Հանդիպելով Ֆրենք Սինատրայի հետ՝ Աւօն կ'ըսէ, որ ատիկա իր կեանքի ամենալաւ օրն է, քանի որ հանդիպած է մեծագոյն երգիչի հետ։ Այդ ժամանակահատուածը Ֆրենք Սինատրայի համար այդքան ալ յաջող չէր, եւ կը թուէր, թէ իր ասպարէզը կը մօտենար աւարտին։ Սինատրայի համար շատ հաճելի էր լսել, որ իրեն կը կոչէին մեծագոյն երգիչ, եւ որոշ ժամանակ ետք անոր ասպարէզը սկսաւ վերելք ապրիլ՝ այս անգամ արդէն շարժապատկերի բնագաւառին մէջ։

Մի քանի տարի ետք Աւօն իր երաժշտական գործերէն մէկը՝ Կոտրուած Կիթառ (Broken guitar) անունով, կը ներկայացնէ Ֆրենք Սինատրային։ Վերջինիս շատ հաճելի կու գայ երաժշտութիւնը, բայց կ'որոշէ փոխել ատոր բառերը։ Այսպէս կը ծնի աշխարհահռչակ Strangers in the Night երգը։ [աղբիւրի կարիք ունի]

Աւօ Ուվէզեան Եւ Սիկարներ

Խմբագրել

Մեկնելով Փերթօ Ռիքօ՝ Աւօն երկրորդ անգամ կ'ամուսնանայ։ Այնտեղ ան կը ստեղծէ խումբ, որուն հետ կը նուագէր կուրորտային ճաշարաններուն մէջ։ Օր մը նուագելու ընթացքին ան կը հանդիպի զուիցերիահայ Ժաք Մելքոնեանին, որ միտք կը յայտնէ զբաղիլ սիկարներու արտադրութեամբ։

Սկզբնական ժամանակները Աւօն սիկարներ կը պատրաստէր իր եւ իր ընկերներուն համար։ Այնուհետեւ 1988-ին ան 10 տուփ իր սիկարներէն կ'ուղարկէ աշխարհահռչակ Davidoff ընկերութիւն։ Սիկարները շատ արագ կը վաճառուին, եւ ընկերութիւնը նոր պատուէր կ'ընէ։ Ատկէ ետք Աւօ Ուվէզեանը եւ Davidoff-ը անբաժան են։ 1996-ին Davidoff ընկերութիւնը 10 միլիոն տոլարով կը գնէ AVO սիկարային վաճառանիշի իրաւունքները[3]։ AVO վաճառանիշի հեղինակն է յայտնի անգլիացի յարդարող Տառել Այրլենտը։

2000-ին Աւօ Ուվէզեանը կը ստեղծէ Աւօ Մատուրօ (Avo Maduro) սիկարները, որոնք իւրայատուկ են իրենց քաղցր համով։ Աւօ Ուվէզեանը երբեք չի բաժանուիր երաժշտութենէն։ Ան բեմ ելած ու նուագած է այնպիսի երաժիշտներու հետ, ինչպիսիք են Ռէյ Չարլզը, Ճէյմս Պրաունը, Թաժ Մահալը եւ ուրիշներ։ Անոր կուռքերն են Տիւք Էլլինկթոնը, Օսքար Փիթերսոնը, Չիք Քորէան։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մա­հա­ցած է ե­րա­ժիշտ Ա­ւօ Ու­վե­զեան
  2. «Աւօ Ուվէզեան. Ճազի Եւ Սիկարներու Հայ Արքան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-20 
  3. «ԱՎՈ ՈՒՎԵԶՅԱՆ-Կոմպոզիտոր, գործարար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-20 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել