Բաբգէն Փափազեան

Բաբգէն Փափազեան ծնած է 28 Փետրուար 1915-ին, Պաղտատ, Իրաք։ Զաւակն է տոքթ. Գուրգէն եւ Փերուզ Փափազեաններու, որոնց յարկին տակ ստացած է իր նախնական ուսումը, առաջին ուսուցիչ ունենալով կուսակցական գործիչ եւ գրիչի մարդ իր հայրը։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանէն ներս աշակերտելով Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի։ «Նշան Փալանճեան» (այժմ Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) Ճեմարանի շրջանաւարտներու երրորդ սերունդէն էր ան 1937-ին։

Բաբգէն Փափազեան
Ծնած է 28 Փետրուար 1915(1915-02-28)
Ծննդավայր Պաղտատ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1990

Հետեւած է ֆրանսական բժշկութեան ճիւղին, միաժամանակ դասաւանդելով Ճեմարանի մէջ։ 1946-ին ընտանեօք վերադարձած է Պաղտատ, ուր մնացած է մինչեւ 1959, երբ վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ շարունակելով կիրարկել բժիշկի իր ասպարէզը, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան զուգահեռ։

Փափազեան աւելի քան 50 տարուան գործունէութիւն ունեցած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ։ Ան գործած է Զաւարեան Ուսանողական Միութեան շարքերէն ներս եւ Պաղտատի մէջ բազմիցս եղած է ԼԿեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

1963-1981ին եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, խմբագրած է «Ազդակ Շաբաթօրեակ», «Դրօշակ» պաշտօնաթերթը (1969-1977), ինչպէս նաեւ վարած է Երիտասարդական գրասենեակը։ 1955-էն ետք մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի բոլոր Շրջանային եւ ընդհանուր ժողովներուն։

Հրատարակած է երեք հատոր՝ «Պատմութեան նենգափոխումը» (1968), «Թատերական արուեստ» եւ «Փիրանտելլօ»։ Թարգմանած է Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա Լերան քառասուն օրերը» վէպը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել