Բամբիռ (նուագարան)

Բամբիռ, հայկական ազգային լարային կսմիթաւոր նուագարան, եղեր է վիպասաններու գործիքը: Իր նախնական տեսքով չէ պահպանուած, վերականգնուած է միայն ըստ աղբիւրներուն պահպանուած նկարագրութիւններու ու տեղեկութիւններու, սակայն ներկայիս բամբիռ կոչուող նուագարանները ոչ թէ կսմիթային են, այլ աղեղնաւոր:

Բամբիռ
Տեսակ լարային-աղեղնավոր նվագարան
Որակաւորում խորդոֆոն?
փանդիռ, ջութ

Հին յիշատակութիւններ բամբիռի մասին Խմբագրել

Հայ միջնադարեան մանրանկարները մեզ պատկերացում կու տան, թէ ինչպիսի նուագարաններ գործածուեր են Հայաստանի մէջ հին ժամանակներէն վեր: Իսկ ատոնք կը փաստեն, որ Հայաստանի մէջ գործածուեր են բոլոր տեսակի նուագարանները. հարկանային կամ հարուածային, փողային, լարային, կսմիթային եւ աղեղնային՝ իրենց տարատեսակներով: Բայց ատոնցմէ ոչ մէկուն մէջ՝ թէ՛ գտածոներու, թէ՛ մանրանկարչութեան մէջ, պատմութեան խորքերէն եկող բամբիռի ոչ մէկ պատկեր չէ հանդիպեր: Նուագարանի մասին առաջին տեղեկութիւններն ի յայտ եկած են միայն 9-րդ դարու աղբիւրներուն մէջ։ Այս նուագարանի մասին փաստագրական տեղեկութիւնները շատ քիչ են: Մինչեւ այժմ ստոյգ կերպով բնութագրուած չեն աւանդական բամբիռի արտաքին տեսքը եւ կիրառման եղանակը: Յստակօրէն յայտնի չէ լարերու քանակը, տեղեկութիւններ չունինք լարուածքի, հնչողութեան եւ ընդգրկած ձայնածաւալի մասին: Ամենահին այս նուագարանի մասին մօտաւոր պատկերացումներ տուած են հայ պատմիչներու ու վիպասաններու կցկտուր տեղեկութիւնները եւ վերջին ժամանակներու մասնագէտներու կատարած ուսումնասիրութիւնները: Ըստ երաժշտագէտ Նիկողոս Թահմիզեանի՝ այդ «լարաւոր-կսմիթահար նուագարանը տարածուած նուագարան եղած է հին եւ միջնադարեան Հայաստանի մէջ»:

Բամբիռի գործածութիւնը հին եւ վաղմիջնադարեան Հայաստանի մէջ Խմբագրել

Վիպասաններն ու գուսանները հին Հայաստանի մէջ շրջեր են գաւառէ գաւառ եւ կատարեր վիպական երաժշտական ստեղծագործութիւններ, եւ քանի որ ատոնց արուեստին մէջ կարեւոր դեր ունեցեր է երգը եւ խօսքը, ուստի անոնց անրհաժեշտ էին այնպիսի նուագարաններ, որոնցմով միաժամանակ կը կարողանային նուագակցիլ իրենց երգին ու արտասանութեանը: Պարզ է, որ փողային նուագարանները կը բացառուէին, քանի որ ատոնք թոյլ չէին տար երգել եւ նուագել միաժամանակ: Այս պատճառով անոնք նախընտրած են լարային աղեղնաւոր ու կսմիթային նուագարանները: Ատոնցմէ մէկն ալ այդ բամբիռն էր։ Պատմահայր Մովսէս Խորենացին իր Հայոց պատմության մէջ կը հաղորդէ, որ Վահագնի ծնունդի, Արտաշէսի ու Սաթենիկի, Արտաւազդի մասին երգերն ինքը լսեր է Գողթան երգիչներէն, որոնք իրենց երգին կը նուագակցէին բամբիռներով: Պատմական աղբիւրներու մէջ, թեկուզ եւ կցկտուր, բայց բազմաթիւ յիշատակութիւնները բամբիռի եւ փանդիռի մասին վկայած են, որ միեւնոյն ընտանիքի այս նուագարանները լայնօրէն տարածուած եղած են Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր դեր խաղցեր են երկրի մշակութային կեանքին մէջ։ Օրինակ Փավստոս Բիւզանդը կը հաղորդէ, որ սգոյ արարողութիւններու ժամանակ հանգուցեալի հարազատները եւ ներկայ ողբասացները ողբերգեր կ'երգէին, իսկ անոնց կը նուագակցէին փողերով (փողային նուագարաններով), փանդիռներով եւ վիներով: Իսկ Գրիգոր Մագիստրոսը կը գրէ, որ տօնակատարութիւններու ժամանակ մարզական խաղերու ընթացքին հայ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի ուժը, մտքի ու հոգիի կարողութիւնները, բանաստեղծները կը մրցէին՝ արտասանելով իրենց յօրինած ստեղծագործութիւնները, իսկ երաժիշտները բամբիռ կը նուագէին: 10-12-րդ դարերուն բամբիռ տեսել եւ ատոր նուագը լսեր են Յովհաննէս Դրասխանակերտցի կաթողիկոսը եւ Գրիգոր Մագիստրոսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ աշուղագէտ Գարեգին Լեւոնեանը՝ իր «Հայ աշուղներ» գիրքին մէջ։ Ցաւոք, գիտնականը չի նշէր այն աղբիւրները, որոնցմէ նուագարանագիտական արժէքաւոր նիւթեր քաղեր է: Յովհաննէս Դրասխանակերտցին կը նշէ, որ բամբիռը աղեբախ գործիք է: Հետեւաբար կարելի է կարծել, որ այն հաւանաբար եղեր է պարանոցէն կախելու պարզ նւագարան, որու լարերուն հարուածեր է գողթան երգիչը: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ կը պահպանուի 14-րդ դարու ձեռագիր մատեան մը, որու էջերուն կայ այսպիսի նկարագիր. «Եթէ փանդիռի լարերը քաշուած չեն՝ ձայն չի հանէր: Իսկ եթէ քաշուած են եւ բախում կայ, այն կը հնչէ»: Ըստ այս նկարագրութեան՝ ակներեւ է, որ խօսքը լարային-կսմիթային նուագարանի մասին է: «Բախել» բառը ենթադրութիւն կու տայ, որ գուցէ սանթուրի հետ որոշ ընդհանրութիւններ ունեցեր է:

Բամբիռի կառուցուածքը եւ հնչողութիւնը Խմբագրել

Երկար ժամանակ ազգագրագէտներու ու երաժշտագէտներու շրջանակի մէջ կը տիրապետէր այն կարծիքը, թէ բամբիռը ծնծղայ կամ ցնցղայ է, այսինքն՝ միմեանց խփելու ափսեաձեւ գործիք: Սակայն հայագէտ Մկրտիչ Էմինն իր «Վէպք հնոյն Հայաստանի» գիրքին մէջ կը պարզաբանէ, որ «թէեւ ճշգրիտ ցուցադրեր այս նուագարանը դիւրին չէ, կարող ենք համարձակ միայն ըսել, որ բամբիռը ծնծղայ չէ, այլ աղելար նուագարան»: Ծնծղայի եւ բամբիռի` տարբեր նուագարաններ ըլլալու օգտին կը խօսի նաեւ Ղեւոնդ Ալիշանի մօտ հանդիպող այն տողը, ուր այս երկուքը կը յիշատակուին կողք-կողքի՝ որպէս տարբեր նուագարաններ: Անհիմն է նաեւ այն տեսակէտը, թէ բամբիռը ջութակներու ընտանիքին պատկանող գործիք է, քանզի գիտականօրէն ապացուցուած է, որ այդ դասակարգի նուագարաններէն ամենահինը 9-րդ դարու ծնունդ է: Բամբիռի կառուցուածքի մասին պահպանուեր են խիստ կցկտուր տեղեկութիւններ: Յայտնի է, որ այն լարային նուագարան է, որու լարերը պատրաստուեր են որեւէ կենդանիի աղիքէն: Այդ կը փաստէ միջնադարեան ձեռագիրներուն պահպանուած այն տեղեկութիւնը, որ բամբիռը աղելարային նուագարան է: Երաժիշտ-նուագարանագործ Մարթին Երիցեանի կարծիքով բամբիռը եղած է եւրոպական թավջութակի նախատեսակը, քանի որ անունն ալ այդ տեսակէտի օգտին կը խօսի. այդ երկու նուագարաններն ալ ունին թավ, բամբ հնչողութիւն: Բայց, ի տարբերութիւն թավջութակի, բամբիռը նուագեր են առանց աղեղի:

Բամբիռը՝ 20-րդ դարուն Խմբագրել

Վարպետներու տարբեր սերունդներ փորձեր են վերականգնել բամբիռ նուագարանը: Արեւելեան երաժշտութեան տեսաբան, երաժիշտ Վարդան Բունին նոյնիսկ ստեղծեր է ժամանակակից աղեղնաւոր նուագարան մը, որը նոյնութեամբ չի պահպանուեր մինչեւ մեր օրերը: 1950-ական թուականներու կէսերուն ան կ'առաջարկէ քամանչահար, մանկավարժ Մարթին Խաչատրեանին ստեղծել քառեակ՝ ազգային նուագարաններով, որոնց կազմին մէջ պետք է ըլլային նաեւ իր պատրաստած նուագարանները: Ատոնք իրենց արտաքին տեսքով նման էին քամանչային, բայց ունէին աւելի թավ ձայնային թեմպր: Այդ նուագարաններն իրենց հնչողութեամբ կը բաւարարէին քառեակի համար անհրաժեշտ պահանջները: Կը ստեղծուի այդ քառեակը, որը, սակայն, կը գործէ միայն երկու-երեք տարի եւ քանի մը համերգներ տալով: Վարդան Բունիի ստեղծած նուագարանները դեռ չէին կոչուիր բամբիռ, եւ Խաչատուր Աւետիսեանի ցանկութեամբ ու Մարթին Խաչատրեանի յօժարութեամբ, վերցնելով Խորենացիի յիշատակած «բամբիռներ եւ փանդիռներ» անունները, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով այս նուագարաններու թավ հնչողութիւնը, ատոնք կ'անուանուին բամբիռ՝ իբրեւ նուագարանի ազգային անուանում: «Բամբ» բառը հայերէնի մէջ կը նշանակէ պաս, թաւ հնչողութիւն: Ատոնցմէ ետք շուտով նորօրեայ բամբիռներ ընդգրկուեցան պետական նուագախումբերի կազմ եւ մինչեւ այսօր կը գործածուին որպէս նուագախմբային ու մենանուագային գործիք:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Մովսէս Խորենացի, Պատմութիւն Հայոց:
  • Փավստոս Բուզանդ, Պատմութիւն Հայոց:
  • Մկրտիչ Էմին, Վէպք հնոյն Հայաստանի:
  • Ղեւոնդ Ալիշան, Նուագք, վենետիկ, 1857 թ:
  • Ռիտա Շառոյեան, Հնագոյն նուագարաններ. Բամբիռ (վաւերագրական ֆիլմ), 2013 թ.: