Բանալիներու Եւ Կղպանքներու Պատմութիւնը
Բանալիները եւ Կղպանքները համեստ, բայց կարեւոր գործիքներն են, որոնք կ'ապահովեն մուտք, ապահովութիւն եւ վերահսկողութիւն մարդոց համար ամէնէն կարեւոր տարածքներուն եւ սեփականութիւններուն նկատմամբ: Մարդոց տուներու, մեքենաներու եւ աշխատատեղերու բանալիներէն մինչեւ թուային բանալիները, առանցքային դեր խաղացած են պատմութեան ընթացքին եւ կը շարունակեն այդ մէկը ընել ցայսօր[1]:
Կղպանքներու եւ բանալիներու հնագոյն դարաշրջան
ԽմբագրելԲանալիներն ու կղպանքները ունին աւելի քան վեց հազար տարուան անցեալ: Անոնց պատմութիւնը սկիզբ կ'առնէ հին Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէի աւերակներուն մէջ (ներկայիս Իրաք եւ Սուրիա): Այս կղպանքները փայտեայ էին եւ սողնակ-արգելակի (pin-tumbler) կղպանքներու նախնական աշխատելաձեւը ունէին, ուր կղպանքի մէջ գտնուող սողնակները դուրս կու գային անցքերէն` օգտագործելով որոշ բանալի մը, որ կղպանքը տեղէն կը շարժէր, եւ դուռը կը բացուէր: Այս կղպանքներու բանալիները յաճախ նման էին մեծ փայտէ ակռայի խոզանակներու, որուն ցիցերը կը համապատասխանէին այն սողնակներուն, զորս պէտք էր բարձրացնել` կղպանքը բանալու համար[2]:
Փայտեայ կղպանքի այս ոճը սովորաբար կ'օգտագործուէր Հին Եգիպտոսի մէջ` թանկարժէք իրերը եւ կրօնական նշանակութիւն ունեցող վայրերու դռները ապահով պահելու համար` վերացնելով դռներուն մօտ տեղակայուած պահակներուն կարիքը: Նմանատիպ հնութիւններ յայտնաբերուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, ինչպէս`Ճափոնի եւ Նորվեկիոյ մէջ: Այնուամենայնիւ, այս նախնական կղպանքները կոտրելը շատ դիւրին էր. անոնք կրնային բացուիլ միայն դրան մէկ կողմէն եւ յաճախ կրնային բացուիլ այդ ժամանակի որեւէ սովորական բանալիով:
Հռոմէական կայսրութեան բարելաւումները եւ «խուցային կղպանք»ի ստեղծումը
ԽմբագրելՔաղաքակրթութիւնը հետզհետէ կը զարգանար: Հռոմէական կայսրութիւնը շրջան մը ետք նորամուծութիւններ կը կատարէր եգիպտական սկզբնական կղպանքին վրայ` զայն աւելի ապահով եւ ամուր դարձնելու համար: Փայտեայ նիւթերը կը փոխարինուին արոյրէ շինուած բանալիներով եւ երկաթէ կղպանքներով`զանոնք զգալիօրէն աւելի շատ դիմացկուն եւ աւելի քիչ խոցելի դարձնելով սպառնալիքներու դիմաց: Այս բոլորին հետ միատեղ՝ հռոմէացիները կը մշակեն խցիկներ (կղպանքին ներսը գտնուող արանքներ, որոնց ընդմէջէն որոշակի ձեւ մը ունեցող բանալիին ծայրը կ'անցնէր:
Խուցային կղպանքը արհեստագիտական բեկումնային յառաջընթաց մը կը դառնայ, որովհետեւ զայն բանալու համար անհրաժեշտ էր համապատասխան բանալին. այլեւս անկարելի էր կղպանք բանալ որեւէ բանալիով:
Խուցային կղպանքներու ստեղծման զուգընթաց, փայտեայ բանալիները կը վերածուին մարդոց համար աւելի ճանաչելի «կմախքի բանալիներ»ու (skeleton keys), որոնք երբեմն կ'օգտագործուին նաեւ այսօր:
Հռոմէական կայսրութեան կործանումէն ետք եւս, փականագործութեան համար՝ խուցային կղպանքները կը մնան չափանիշներ, յաջորդող հազար տարիներու ընթացքին: Հակառակ այս բոլորին, խուցային կղպանքները բանալը նաեւ դիւրին էր, ուստի փականագործները կը բարդացնէին կղպանքներուն խուցերուն ձեւերը`գողերու կողմէ բացուելու վտանգին առաջքը առնելու համար: Այս ձեւերը կը ներառէին բանալիի քանի մը սարքաւորումներ, աւելի բարդ բանալիներու ձեւաւորում եւ կեղծ բանալիներու անցքեր`անոնց ներսը ունենալով կեղծ սարքեր:
Կղպանքի յառաջխաղացման վերածնունդ
ԽմբագրելԹէեւ միջին դարերը քիչ նորութիւն կը բերեն կղպանքներու աշխարհին մէջ, սակայն ԺԸ. դարու աւարտին, Ռոպերթ Պարրոն եւ Ճոզըֆ Պրամահ կը ստեղծեն կղպանքի նոր սարքաւորումներ: Պարրոն կ'արտօնագրէ երկակի գործողութեամբ սողնակի կղպանքը, որ իր մէջ կը պարունակէր երկու լծակ (lever), զորս պէտք էր բարձրացնել տարբեր բարձրութիւններու՝ նախքան կղպանքին պտուտակը հանելը:
Այդ մէկը աւելի ուշ, 1818-ին, կը բարելաւուի Ճերըմայա Չապի կողմէ, որ զսպանակ մը կ'աւելցնէ: Այդ զսպանակը կը սեղմուէր եւ կը պահէր չափազանց բարձրացուած սողնակները: Այս սարքը ազդանշան կը հանդիսանար այն արարքին, որ մէկը փորձած էր սխալ բանալիով մը կոտրել այդ կղպանքը:
Պարրոնի սկզբնական կղպանքին ստեղծումէն քանի մը տարի ետք, Ճոզըֆ Պրամահ իր օգնական Հենրի Մոտսլէյի հետ կը ստեղծէ բոլորովին իւրայատուկ իր կղպանքը: Պրամահի կղպանքին սարքը կ'օգտագործէր գլանաձեւ բանալի մը, յատուկ ծայրերով, որոնք կղպանքի մետաղէ սահնակները կը տեղափոխէին դէպի ճշգրիտ հարթութիւն` կղպանքը բանալու համար: Այս կղպանքները այսօր տակաւին կը վաճառուին եւ կ'օգտագործուին «Bramah» ընկերութեան կողմէ եւ ճանչցուած են իբրեւ ապահով սարք ունեցող բականքներ:
Ժամանակակից կղպանքի եւ բանալիի նախնական ձեւը
ԽմբագրելԺԹ. դարը տարբեր զարգացումներ եւ կրկնութիւններ կը բերէ Պարրոնի եւ Պրամահի կղպանքներուն վրայ, 1848-ին Լայնըս Եէյլ Աւագը կ'արտօնագրէ սողնակ-արգելակի կղպանքը, որ հին եգիպտացիներու կողմէ օգտագործուած առաջին կղպանքի յարմարեցումն ու ձեւափոխումն էր: Այս մեքանիզմը կ'օգտագործէր տարբեր բարձրութիւններու գագաթներով բանալի` շարք մը առանցքային պտուտակներ ճիշդ դասաւորելու համար` այնուհետեւ կղպանքի տակառը դարձնելով եւ զայն բանալով: Մեքանիզմը կը կատարելագործուի անոր որդիին` Լայնըս Եէյլի կողմէ, որ կ'արտօնագրէ այնպիսի բարելաւումներ, ինչպիսիք են պտուտակներու տարբեր երկարութիւնները կղպանքներէն ներս եւ սուր եզրերը` փոքր ու հարթ բանալիներուն վրայ:
Եէյլի կղպանքները այսօր կ'օգտագործուին ամբողջ աշխարհի մէջ, բաւական պարզ կղպման սարքով, որ մեծապէս ապահով է բաղդատաբար նախորդներուն եւ միաժամանակ դիւրին է զայն սպասարկելը եւ փոխելը: Թէեւ ներկայիս կղպանքներու որոշ յառաջընթացներ կատարուած են մագնիսական բանալիներու միջոցով, սակայն օգտագործուող կղպանքներուն մեծ մասը Պարրոն, Պրամահ եւ Եէյլ կղպանքներու տարբերակներն են:
Կալուածներ մուտք գործելը այսօր
ԽմբագրելՄիջավայրէն բանալիները հեռացնելու փորձերը սկսած են շուրջ 50 տարի առաջ` կոճակներով կղպանքի յայտնագործումով: Այս կղպանքները կը պահանջեն կանխորոշուած համակցութիւն մը թիւերու կամ տառերու (նայած կղպանքին), զորս մուտքագրելէ ետք կղպանքը կը բացուի: Թէեւ այս կղպանքը մարդիկը կը ձերբազատէ բանալիներու օգտագործումէն, սակայն անիկա օգտատէրերէն կը պահանջէ յիշել համադրութիւնը, գաղտնի պահել զայն եւ կանոնաւոր կերպով փոխել այդ մէկը` ապահովութեան նկատառումներով: Հակառակ անոր որ այս կղպանքները դեռ կ'օգտագործուին ցայսօր, սակայն անոնք այնքան ալ տարածուած չեն տան կղպանքներու համար եւ աւելի յաճախ կ'օգտագործուին անձնակազմի յատուկ մուտքը վերահսկելու համար մեծ շէնքերու մէջ, ինչպիսիք են՝ հիւանդանոցները եւ օդակայանները:
Որովհետեւ տան ուշիմ համակարգերը եւ արհեստագիտութիւնը կը յառաջդիմեն, թուային կղպանքները դարձած են աւելի կենսունակ այլընտրանք` կալուածներու հասանելիութիւնը կառավարելու համար: Թէեւ բազմաթիւ տուներու թուային կղպանքները տակաւին ունին զգայակներու վահանակ, խելացի հեռախօսները այսօր կղպանք արտադրողներուն առիթ տուած են ստեղծել թուային կղպանքներ, որոնք չեն պահանջեր լրացուցիչ իրեր, եւ փոխարէնը` լիովին կը կառավարուին այդ հեռախօսներու կիրարկիչներով: Հիւրերու մուտքը կարելի է դիւրութեամբ տրամադրել թուային եղանակով` դիւրացնելով անոնց մուտքը Airbnb-ի միջոցով, եւ տանտէրերն այլեւս ստիպուած չեն ըլլար մտահոգուելու տան բանալիները մէկու մը տալով կամ կորսնցնելով: