Գաբրիէլ Մէնէվիշեան

Հայ հայագէտ-բանասէր

Հայր Գաբրիէլ Վրդ. Մէնէվիշեան (3 (15) Ապրիլ 1864[1], Կոստանդնուպոլիս[1] - 14 Նոյեմբեր 1936(1936-11-14)[1], Նովի Սատ, Սերպիա[1]), հայ հայագէտ-բանասէր։ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Գաբրիէլ Մէնէվիշեան
Ծնած է 3 (15) Ապրիլ 1864[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1]
Մահացած է 14 Նոյեմբեր 1936(1936-11-14)[1] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Նովի Սատ, Սերպիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Սերպիա
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, հայագէտ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Հանդէս Ամսօրեայ[1]

Իր միաբանակից ընկերներուն հետ միասին (Գրիգորիս ԳալեմքեարեանՅակոբոս Տաշեան‚ Գաբրիէլ Մէնէվիշեան) հանդիսացած է «Հանդէս ամսօրեայ» պարբերականի հիմնադիրը‚ ուր հանդէս եկած է բանասիրական բնոյթի շահեկան յօդուածներով։ Հեռացուած է միաբանութեան շարքերէն 17 Յունուար 1891-ին[2]:

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Կ․ Պոլիս։ 1878-ին մեկնած է Վիեննա, 1882-ին դարձած է միաբանութեան անդամ։ 1886-89 թուականներուն դասախօսած է միաբանութեան դպրոցին մէջ։ 1889-ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ապա՝ Զմիւռնիա եւ մինչեւ 1892 պաշտօնաւարած է տեղի Մխիթարեան դպրոցին մէջ։

1892-1913 թուականներուն եղած է Կ. Պոլսոյ Մխիթարեան դպրոցի ուսուցիչ, ապա՝ տնօրէնը (որոշ ընդմիջումներով)։

1895-96 թուականներուն եղած է «Հանդէս ամսօրեայ»-ի խմբագիրը։ 1913-ին Մխիթարեան միաբանութեան վարչութիւնը զինք ուղարկած է Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաք՝ միաբանութեան տնտեսական գործերը տնօրինելու։

Իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ քննած է հայերէն բառերու ծագումնաբանութիւնը, պարզաբանած է ոսկեդարեան հայերէնի, աշխարհաբարի քերականութեան եւ ուղղագրութեան որոշ հարցեր։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

«Արդի լեզուագիտութիւնը» (հ.1, 1903) աշխատութեան մէջ շարադրած է ժամանակի լեզուաբանութեան նուաճումները։

Գրած է նաեւ «Վոլափիւք կամ աշխարհալեզու» արհեստական լեզուին, գրելու արուեստին («Գիրք գրելու արուեստը», 1898), գրական քննադատութեան դերին եւ այլ խնդիրներու մասին։

Մանկավարժական գրականութեան բնագաւառին մէջ կ'առանձնանայ անոր եռահատոր «Պատկերազարդ բնական պատմութիւն» (1897) դասագիրքը, որ կը ներառէ կենդանաբանութիւնը, բուսաբանութիւնն ու հանքաբանութիւնը։

Անդրադարձած է նաեւ ազգագրական ու բանասիրական այլեւայլ խնդիրներու։ Կատարած է թարգմանութիւններ[3]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 461.
  2. «ՆԱՄԱԿԱՆԻ - Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներ»։ digilib.aua.am։ արտագրուած է՝ 2022-12-12 
  3. «Գաբրիէլ Մէնէվիշեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-12-12-ին։ արտագրուած է՝ 2022-12-12 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։