Գալուստ Ասլանեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Գալուստ Ասլանեան (13 Փետրուար 1868, Վան - անհայտ), հայ բժիշկ։
| |
Ծնած է | 13 Փետրուար 1868 |
Ծննդավայր | Վան |
Մահացած է | անհայտ |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Շրջանաւարտ Մ. Փորթուգալեանի հիմնած Կեդրոնական Վարժարարէն։ Երկու տարիի չափ ուսուցչութեամբ կը զբաղի յիշեալ վարժարանին մէջ։ Բժշկութիւն ուսանողութեան սկսած է Մարսիլիոյ մէջ, ուր 1890-ին, հիւանդանոցներու «Interne» մրցումին մէջ առաջին կ՛ելլէ։ Բժշկական վկայական կը ստանայ՝ Փարիզի համալսարանէն՝ 1895-ին եւ Սալոնիկ կը հաստատուի, երկար տարիներ վարելով Իտալական եւ Հրէական հիւանդանոցներու վիրաբուժապետի պաշտոնները։ Իտալական կառավարութիւնը անուանած է զինք՝ «Ասպէտ Իտալական Թագին» ։
Տոքթ. Ասլանեան վարած է ազգային եւ հասարակական կարեւոր պաշտօններ։ Ան՝ եղած է Հայ Հանրապետական Կարավարութեան պատուակալ Հիւպատոս։ Սելանիկի Խնամակալութեան Բարեգոծականին տեղւոյն մասնաճիւղին եւ Ազգային Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ։
Տոքթ. Ասլանեան, իր հանրային կեանքին մէջ, ցոյց տուած է հասուն, փորձառու եւ ողջախոհ հայու մը ոգին։ Ինքն է Սելանիկի ամէնէն վաղեմի բժիշկը։
Գիրքեր
Խմբագրել- «Հայ Հանրագիտակ», Հ․ Մկրտիչ Վարդ․ Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Բ հատոր․ էջ 226։
- Մարկարեան, «Յուշագիրք», էջ 201։