Գէորգ Ղարաջեան

Հայ թատերագիր, քաղաքական գործիչ։

Գէորգ Ղարաջեան (1861, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն - 1936), հայ թատերագիր, քաղաքական գործիչ։

Գէորգ Ղարաջեան
Ծնած է 1861
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1936
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Ժընեւի համալսարան
Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն թատերագիր, Յեղափոխական
Աշխատավայր Շուշիի Թեմական դպրոց
«Շաւիղ»
Երեւանի Պետական Համալսարան
Զարյա Վոստոկա?
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Անդրկովկաս, համալսարանական ուսումը հաւանաբար ըրած է Մոնփըլիէ: 1887-ին Հնչակեան կուսակցութեան ուսանողներէն մէկն է, Ժընեւ:

Մարօ եւ Աւետիս Նազարբէկեանի հետ՝ հեղինակակիցն է Հնչակեան Ծրագրին: Բայց երբ, 1887 Նոյեմբերին, «Հնչակ»ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ՝ արդէն բաժնուած է խումբէն:

Նոյն տարին, կը թարգմանէ «Համայնավար կուսակցութեան մանիֆեստ»ը հայերէնի՝ բաղդատական ուսումնասիրութեամբը ֆրանսերէն եւ ռուսերէն բնագրերու: «Մանիֆեստ»ի այս առաջին հայերէն թարգմանութիւնը ղրկուած է Մ. Փորթուգալեանին, «Արմենիա»ի մէջ հրատարակուելու համար: Բայց փորթուգալեան մերժած է հրատարակել, եւ թարդմանութիւնը կորսուած է:

Ղարաջեանը կրկին կը տեսնենք 1897-ին, Թիֆլիսի մարքսիսա խմբակներուն մէջ, 1898-ին՝ հիմնադիրներէն մէկը եղած է Թիֆլիսի բանուորներու միութեան, որուն մտաւորականն է եւ քարոզիչը:

Անդամակցած է ՌՍԴԲԿԻ, հաւանաբար 1888-էն: Ճանչցուած է իր գործօն մասնակցութեամբը 1905-ի յեղափոխութեան, «Արկոմեդ» անունին տակ:

Յաճախ մատնանշուած գիրք մըն ալ ձգած է, «Անցեալի յիշողութիւններից», Թիֆլիս, 1918:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել