Գոհար Գասպարեան (բանաստեղծուհի)
Գոհար Գասպարեան (Երեւան): Գիտական աշխատող, ռատիոկայանի թղթակից եւ բանաստեղծուհի։
Կեանքը
ԽմբագրելՅաճախած է Երեւանի անգլիական թեքումով միջնակարգ վարժարան մը, զոր աւարտած է 1973-ին։ Միաժամանակ հետեւած է Սայեաթ-Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանի ջութակի ճիւղին։ 1978-ին վկայուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռոմանօ-Գերմանական մասնաճիւղի անգլերէն լեզուի բաժինէն։
Պաշտօնավարած է նոյն համալսարանի օտար լեզուներու աշխատանոցին մէջ, իբրեւ գիտական աշխատող։
1980-1990 գիտական աշխատանք կատարած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ մէջ, նախ Սփիւռքահայ Մշակոյթի եւ Պատմութեան, ապա Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկներուն մէջ։ Տոքթորական աւարտաճարն է «Ամերիկահայ Արձակի Հոգեբանական եւ Ընկերվարական Արժէքը»:
1990-ին ընտանեօք տեղափոխուած է ԱՄՆ: Երկու տարի աշխատած է Նիւ Ճըրզիի Հայկական Բարեգործական Ընդհ. Միութեան մէջ։ 1992-էն ի վեր կ'աշխատի Միւնիխի Ամերիկեան ռատիոկայանին մէջ իբրեւ թղթակից։
Աշխատակցած է Հայաստանի գիտական պարբերաթերթերուն, ստորագրելով շարք մը գիտական-գրական յօդուածներ նուիրուած ամերիկահայ գրական դէմքերու ստեղծագործական որոնումներուն ու նուաճումներուն (Յակոբ Կարապենց, Պօղոս Գուբէլեան, Նուպար Ակիշեան, Վահէ Օշական, Վեհանոյշ Թէքեան, եւ այլն):
Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Հայաստանի «Գարուն», «Աւանագարդ», «Երեւան», «Նորք» եւ այլ թերթերու մէջ։
Իր բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածուն է «Հրկիզուող Բացատը», որ լոյս տեսած է 1993-ին Երեւանի «Նայիրի» հրատարակչութեան կողմէ։
Տաղանդաւոր բանաստեղծուհին տուած է ինքնատիպ եւ գողտրիկ քերթուածներ, պատկերալից ոճով։ Իր խոհերը համամարդկային են, շաղախուած ցաւի, ափսոսանքի, սիրոյ, դրժումի, յոյսի եւ իղձերու ապրումներով։
Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։