Գուրգէն Գ. Սեւակ

Գուրգէն Գ. Սեւակ (Գրիգորեան, 15 Ապրիլ 1904, Թիֆլիս- 14 Սեպտեմբեր 1981), մանկավարժ, հայ լեզուաբան, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր  :

Գուրգէն Գրիգորեան
Ծնած է 15 Ապրիլ 1904
Ծննդավայր Թիֆլիս
Մահացած է 14 Սեպտեմբեր 1981

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական եւ երկրորդական ուսումը կը ստանայ Ներսէսեան դպրոցին եւ 16-րդ Ուսումնարանին մէջ։ 1924-ին մուտք կը գործէ Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմագրութեան բաժանմունքը: 1929-1932 թուականներուն՝ նոյն համալսարանի ասպիրանդական բաժնի ուսանող է ան, երբ առիթը կ'ունենայ հետեւելու մեծանուն գիտնականներ՝ Հ. Աճառեանի, Մ. Աբեղեանի, Յ. Մանանդեանի, Գ. Ղափանցեանի եւ Ա. Տէրտէրեանի դասախօսութիւններուն: 1940-ին Գ. Սեւակ կ'արժանանայ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան բանասիրական գիտութիւններու կոչումին, պաշտպանելով «Խօսքի Մասերի Ուսմունքը» աւարտաճառը: Իսկ 1948-ին կը ստանայ Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր աստիճանը, փայլուն կերպով պաշտպանելէ ետք «ժամանակակից Հայերէն Լեզուի Համառոտ Պատմութիւն» խորագրով թեզը:

Գուրգէն Սեւակ մանկավարժական գործունէութիւնը կը սկսի 1930-ին: 1931-1979 թուականներուն ան իբրեւեւ դասախօս կը պաշտոնավարէ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ։ 1941-1971 թուականներուն կը վարէ նոյն Համալսարանի Հայոց Լեզուի Ամբիոնը: 1932-1940 թուականներուն կը ստանձնէ Պետական Եզրաբանական Յանձնախումբի քարտուղարի պաշտօնը: 1947-էն սկսեալ նաեւ կը պաշտօնավարէ Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի Ինստիտուտին մէջ,իբրեւեւ ժամանակակից Հայոց Լեզուի բաժնի վարիչ:

1956-ին Գ. Սեւակ կ'ընտրուի Հայկական Ս.Ս Հանրապետութեան Գիտութիւններու թղթակից անդամ, իսկ 1971-ին ակադեմիկոս: Գ. Սեւակ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր էսպիրանտիստներէն մէկն էր։ Անգամ՝ էսպիրանտիստներու միջազգային ակադեմային: Դեռ 1930-ին ան կը հրատարակէ էսպերանտօ լեզուի համառօտ ձեռնարկ: Այդ լեզուով թարգմանութիւններ կը կատարէ հայերէնէ, ու այդ ճամբով աշխարհի կը ծանօթացնէ հայ գրականութեան դասական էջերէն ոմանք:

Գուրգէն Սեւակ իր վաստակը ունի նաեւ թարգմանական գրականութեան մէջ։ Յիշատակութեան արժանի է յատկապէս Պուշկինի «Եւգենի Օնեգին» չափածոյ վէպի անոր հայերէն թարգմանութիւնը:

Գ.Սեւակ գնահատելի վաստակ ունի նաեւ հայ-վրացական բանասիրութեան գործի զարգացման ասպարէզին մէջ:Իր նախաձեռնութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի մէջ կը ստեղծուի Հայ-Վրացական բանասիրութեան մասնաբաժանմունք, որ կը կոչուի Շոթա Ռուսթաւելիի անունով:

Գ.Սեւակ ժամանակակից հայոց լէզուի հանրածանօթ մասնագէտներէն մէկս էր։ Անոր աւանդը յատկապէս մեծ է լէզուագիտութեան տեսական խնդիրներու պարզաբանման գործին մէջ, մասնաւորաբար խօսքի մասերու տեսութեան, եզրաբանութեան, խօսքի մշակման եւ գրական լէզուի բնականացման հարցերու աշխատանքին մէջ:

Գիտական եւ մասկավարժական իր բեղուն զործունէութեան համար Գ. Սեւակ 1961-ին կը պարգեւատրուի Հայկական ՍՍ Հանրապետութեան, իսկ 1967-ին՝ Վրացական ՍՍ Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումներով: Գուրգէն Սեւակ նաեւ զբաղած է Հայ մշակոյթի պատմութեան հարցերով: Ուշագրաւ են անոր աշխատանքները նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ գիրերու գիւտին:

Հայոց լեզուին նուիրուած իր բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն անկախ, Գ.Սեւակի գրչին կը պատկանին հետեւեալ մենագրութիւնները. ՀԱՅՈՑ ԼԷԶՈՒԻ ՇԱՐԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ (Երեւան, 1936), ԽՕՍՔԻ ՄԱՍԵՐԻ ՈՒՍՄՈՒՆՔԸ (Երեւան, 1939), ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ (Երեւան, 1939), ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՄԱՌՕՏ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ (Երեւան, 1948), ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑ (Երեւան, 1955), ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ. ՇԱՐԱՀԻՒՍՈՒԹԻՒՆ (Երեւան, 1956), ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ (Երեւան, 1962) եւ ՀԱՅՈՑ ԼԷՑՈՒԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՍՈՎԵՏԱԿԱՆ ՓՈՒԼԸ (Երեւան, 1964):

Գուրգէն Սեւակ կը մահանայ 14 Սեպտեմբեր 1981-ին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1981, (էջ 351-352)