Գտչավանք

(Վերայղուած է Գտիչի վանք-էն)

Գտչավանք, Գտիչի վանք, վանական համալիր, որ կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Հադրութի շրջանի Տող գիւղի մօտակայքը, Տողասար կամ Ճգնաւորի լերան հիւսիս-արեւմտեան լանջին գոգաւորութեան մէջ։ Նախապէս ներառուած է Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Միւս Հաբանդ գաւառի տարածքին մէջ։

Վանական համալիր «Գտչավանք» 15.jpg
Գտչավանքը

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Արցախ Հադրութի շրջան, Տող գիւղի մօտ
Թեմ ՀԱԵ
Օծման թուական 1251
Ներկայ վիճակ Վերականգնումի մէջ է
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Կառուցման սկիզբ 1241 թ.
Կառուցման աւարտ 1248 թ.
Առանձնայատկութիւններ

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ Է. դարու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացիի, Պարտաւի եկեղեցական ժողովին մասնակցած է նաեւ Գտչավանքի ներկայացուցիչը:

Իբրեւ եպիսկոպոսանիստ կը յիշատակուի վաղ միջնադարէն։ Սկիզբը գտնուած է Առանշահիկ իշխանութեան, իսկ Ը. դարուն անցած է Դիզակի ճիւղի հովանաւորութեան տակ։

Վանքին անունով Գտիչ կոչուած է վերը կառուցուած ամրոցը, որ Թ. դարուն կը հանդիսանար Եսայի Ապու-Մուսայի նստավայրը։ Ժ. դարուն Դիզակի մէջ հիմնուած նոր թագաւորութեան թագաւորանիստ կեդրոնն էր։

ԺԳ. դարու կէսերուն Գտչավանքը կ'ընդարձակուի՝ ունենալով նոր շինութիւններ։ Մելիք Աւանի՝ նոյն ինքը Եկանի, իշխանութեան ատեն Գտչավանքը կը հասնէր իր զարգացման գագաթնակէտին, դառնալով այդ ժամանակաշրջանի նշանաւոր վանական համալիրներէն մէկը։

Վանքին մէջ պահպանուած իրեղէնները կը հաստատեն, որ հնագոյն ժամանակներուն, վանքը աւերուած է արաբական տիրապետութեան ընթացքին։

ԺԵ. դարուն Գտչավանք դարձած է նաեւ մշակութային կեդրոն, ունեցած է գրչատուն: 1717-ին Գտչավանքի գլխաւոր եկեղեցւոյ գմբէթը նորոգած է Տողի գիւղացի Սայիւն անունով մէկը: 1723-ին Մելիք Եկան Մեսրոպ եպիսկոպոսը նշանակած է Գտչավանքի վանահայր: ԺԹ. դարուն Գտչավանքի վանահայրն էր Առաքել վարդապետ Կոստանդեանցը, որ գրած է Արցախի մելիքներուն նուիրուած գործ մը, որմէ օգտուած է Րաֆֆին իր «Խամսայի մելիքութիւնները» գործը գրելու ատեն։ 1868-ի երկրաշարժէն աւերուած է միանաւ եկեղեցին, եւ վնասուած գմբէթը, որմէ ետք Գտչավանք լքուած եւ ամայացած է:

Վանքը ունէր բազմաթիւ գրչագիրեր, որոնք ստեղծած էին տեղւոյն գրչատունը: ԺԹ. դարուն Գտչավանքի վանահայր Առաքել վարդապետ Կոստանդեանց 18 տարի շարունակ գրած է պատմագիտական եւ ազգագրական ձեռագիր գործ մը, որմէ փոքր հատոր մը՝ «Դիզակի մելիքութիւնը» վերնագիրով լոյս տեսած է Վաղարշապատի մէջ՝ 1913-ին: Ձեռագիրը ամբողջութեամբ կը պահուի Մատենադարանին մէջ:

1868-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով աւերուած է միանաւ եկեղեցին եւ վնասուած գլխաւոր գմբէթաւոր եկեղեցին, սակայն պահպանուած է իր նախնական տեսքը գրեթէ ամբողջութեամբ: Երկրաշարժէն ետք Գտչավանք լքուած եւ ամայացած է:

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել
 
Գտչավանքի յատակագիծը

Գտչավանքի յուշարձանը իր արուեստով եւ ճարտարապետական բարձր առանձնայատկութիւններով հայ բազմադարեան ճարտարապետութեան նշանաւոր կոթողներէն մէկն է: Արցախ աշխարհի քարագործ վարպետները չեն պարփակուած իրենց ճարտարապետական միջավայրին մէջ, այլ Մեծ Հայքի նահանգներէն վերցուցած են աւելի նորն ու գեղեցիկը: Շքեղ բնութեան հետ ունեցած ներդաշնակութեամբ, համալիրներու տարբեր մասերու համամասնութիւններու համաչափութիւններով, մուտքի պատերուն յարդարանքի զուսպ ձեւերով ինքնատիպ է անիկա:

  «Առհասարակ, ներքին եւ արտաքին կողմերից Գտչավանքի ճարտարապետութիւնը կրում է Բագրատունեաց ոճի կնիք»:
- Լէօ, Իմ յիշատակարանը, Շուշի, 1885, էջ 247
 


Արձանագրութիւն

Խմբագրել

Վանքին շէնքին պատերուն պահպանուած են ԺԳ.-ԺԴ. դարերու արժէքաւոր արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն գաւառի տուեալ ժամանակահատուածին վերաբերեալ կարեւորագոյն պատմական տեղեկատուութիւն։Ըստ վանքին եկեղեցւոյ հիւսիսային պատին արձանագրութեան՝ վանքին գլխաւոր եկեղեցին կառուցած են Ամարասի վանքէն այստեղ տեղափոխուած Տէր Սարգիս եւ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս եղբայրները։ Շինարարութիւնը սկսած է 1241-ին եւ աւարտած՝ 1248-ին։ Այս արձանագրութիւնները կը հաստատեն այն դէպքերու իրողութիւնը, որ մելիք Եկանը, Գտչավանքի վանահայր Ղուկաս վարդապետը եւ մելիք Եսային նորոգած են վանքին կաթողիկէն, բարեկարգած մելիքանիստ Տող գիւղը, Վերանորոգած Ս. Ստեփանոս, Ս. Յովհաննէս եւ Թեժ եկեղեցիները։ Այս երկու եպիսկոպոսները մոնկոլ- թաթարներու արշաւանքերէն կործանած Ամարաս վանքին միաբաններուն ապաստան կու տային:

Այդ արձանագրութեան մէջ կը նշուի ոչ միայն վանքին շինարարութեան հետ կապուած տուեալներ, այլ նաեւ որոշ չափով վկայակոչուած են վանքապատկան տարածութիւնները, որոնք վանքին նուիրած է Դիզակի Գագիկ թագաւորը, ժառանգորդները եւ այլ նուիրատուներ:

  «...ի յԱղուանոյ գետոյ մինչ ի Երասխն, մինչ ի Աւազն Գատուհատի, Վակունիս Վաղազնագետով, ի Քարատնիս եւ Խոզանագետով, Զառիստ իւր գետովն. Հաքարի Հազարագետովն, Քրտագետ իւր գետովն, իւր սահմանովն, Դիզակ, Բելուկան իւր գետովն եւ հայրենիքն եկեղեցւոյս տուինք, Փարախն ու Գոտանոցն, Եկեղեցաձորն իւր սահմանովն...»:
- Մ. Բարխուդարեան, Արցախ. «Ամարաս» տպարան - Երեւան 1996, էջ 81
 


Գլխաւոր եկեղեցի

Խմբագրել

Համալիրին գլխաւոր զարդն է գլխաւոր եկեղեցին: Եկեղեցւոյ ճարտարապետութիւնը թէ՛ դուրսէն եւ թէ ներսէն պարզ է, ծանրաբեռնուած չէ զարդարիչ զարդաքանդակներով:

Եկեղեցին միջին մեծութեամբ կառոյց մըն է: Չափերը՝ 10 x 7.5 մ: Արտաքուստ ուղղանկիւն է, ներսէն՝ խաչաձեւ յատակագիծով, ուղղանկիւն խաչթեւերով: Ունի այդ ժամանակաշրջանին յատուկ գմբէթաւոր դահլիճի յօրինուածք, մէկ զոյգ որմնամոյթերով եւ երկյարկանի աւանդատուներով՝ բեմին կիսաշրջանաձեւ պատշգամին երկու կողմերը: Վերնայարկին խորաններուն դռները կը բացուին պատշգամին մէջ, ուրկէ կը բարձրանան քարէ սանդուխով:

Եկեղեցին ամբողջութեամբ կառուցուած է դեղնագոյն, սրբատաշ մեծ քարերով: Եկեղեցւոյ որմնամոյթերը կը միանան աղեղնաձեւ կամարներով, որոնք իրենց վրայ կը կրեն գմբէթը, որ բարձր է ու ոչ սրածայր վեղարով: Անիկա ունի գլանաձեւ թմբուկ մը եւ հովահարաձեւ ծածկոյթ մը, կառուցուած է երկթեք ցից սալերով: Կաթողիկէին ճակատները մշակուած են եռանկիւնաձեւ զոյգ խորշերով: Լուսամուտներուն երեսակալները ներառուած են ուղղանկիւնաձեւ, զարդանախշ խորոչներու մէջ:

Եկեղեցւոյ ճակատային յարդարանքին մէջ կ'առանձնանան լուսամուտներու կամարները, եռանկիւնի խորշերու պսակները: Միաժամանակ նկատելի են հնաւանդ եւ նորարարական զարդարիչ միջոցներու զուգակցման լուծումներ: Յարդարանքի որոշ կերպարներ իրենց նմանակները ունին Ամարասի Ս. Գրիգորիսի դամբարանի զարդաքանդակներու եւ Գանձասարի եկեղեցւոյ խորշերուն կամարային պսակներուն հետ:

Գաւիթը զգալի չափով լայն է եւ յատկանշանական է հիւսիսային մասը կանգնած սիւնի առկայութեամբ, որ կ'ընդլայնէ ներսի տարածութիւնը: Կիսամշակ պազալթէն ու կրաքարերէն կառուցուած թաղածածկ գաւիթ-ժամատունը բազմութեան համար հաւաքատեղի ըլլալէն բացի, ծառայեր է նաեւ որպէս իշխանական դամբարան: Գաւիթի յատակի տապանաքարերը մշակուած են գեղեցիկ եւ նուրբ ժանեակներով, բոլորագիր տապանագիրերով:

Միանաւ եկեղեցի

Խմբագրել

Գլխաւոր եկեղեցւոյ եւ գաւիթին հիւսիսային պատին կողմէն կից միանաւ է, թաղածածկ, ուղղանկիւն բեմով երկրորդ եկեղեցին: Անոր ծածկոյթը փլած է, խաթարուած են կողապատերու վերի մասերը: Նկատելի են ԺԷ. դարու վերանորոգումներու հետքեր: Հարաւային մուտքով կապուած է գաւիթին հետ, այսինքն վանքին երկու եկեղեցիներն ալ կապուած են գաւիթին հետ: Պատերուն մեջ դրուած են քանդակազարդ եւ արձանագրութիւններով հարուստ խաչքարեր, որոնցմէ մէկուն վրայ նշուած է 1000 թուական:[1] Ասիկա ապացոյցն է, որ այժմեան եկեղեցւոյ տեղը հին ժամանակ եղած է այլ քարաշէն եկեղեցի մը:

Խաչքար

Խմբագրել

Բազմաթիւ են այստեղի բարձրարուեստ խաչքարերը, որոնցմէ ամենահինը կը թուագրուի Թ. դարու, իսկ ամենանորը՝ ԺԹ. դարու: Իրենց չափերով, զարդանախշերու ոսկերչական նրբութեամբ, ճարտարապետական-գեղարուեստական կատարելութեամբ կ'առանձնանան երկու մեծ խաչքարեր, որոնք ագուցուած են գլխաւոր եկեղեցւոյ մուտքին երկու կողմերը:Խաչքարերէն հիւսիսայինը տեղափոխուած է եւ ներկայիս կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հին վեհարանին մէջ:[2]

Հարաւային խաչքարին վրայ գրուած էր.

  «Թվին ՈՂԵ (1246 թվական) Ես տէր Վրդանէս կանգնեցի զխաչս իր փրկութիւն հոգւոյ իմոյ»:
- Ս. Գ. Բարխուդարեան, Դիւան հայ վիմագրութեան ՀՍԱՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ։ Երեւան, ՀՍԱՀ ԳԱ հրատ., 1982 թուական, էջ 184
 


Հիւսիսային խաչքարին վրայ գրուած էր.

  «Ես... եպիսկոպոս կանգնեցի խաչս...»:
- Ս. Գ. Բարխուդարեան, Դիւան հայ վիմագրութեան ՀՍԱՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ։ Երեւան, ՀՍԱՀ ԳԱ հրատ., 1982 թուական, էջ 184
 


Համալիրին այլ կառոյցները

Խմբագրել

Արեւմտեան կողմը դեռ պահպանուած են բնակելի շինութիւններու եւ պարիսպի աւերակներ: Գերեզմանոցը կը տարածուի վանքին շուրջ, որու մեծ մասը աւերուած է: Շատ քիչ թիւով տապանաքարերը թաղուած են գետնին մէջ, իսկ մեծ մասը պատուած են հողով, խաչքարերը ինկած են գետնին վրայ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Բարխուդարեանց Մ․, Արցախ, Բաքու, 1895
  • Բ․ Ուլուբաբեան, Մ․ Հասրաթեան Գտիչի վանքի (1241) ընդհանուր տեսքը հարաւ-արեւելքէն

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Շ. Մկրտչեան, Հադրութի շրջանի եկեղեցական եւ պատմական յուշարձաններ, Էջմիածին, 1977 թուական, հ Գ, էջ 43
  2. Armenian Legal Information system