Գրականութիւնը 1960-2000-ական տարիներուն

Գրականութիւն, 1960-ականներու աւարտին՝ Սփիւռք եւ Հայաստան, կը գտնուին մշակութային շրջափոխութեան որոշ փուլի մը մէջ, որ կը յատկանշուի դրական եւ բացասական երեսներով։

Սփիւռքեան որոշ կարեւոր գօտիներ, հակառակ շրջանային անկայանութիւններու, ապրած են մշակութային բարգաւաճում։ Առաջին փորձերը եղած են կրթական ցանցը տարածելու դէպի Արեւմուտք՝ Եւրոպա եւ հիւսիս՝ Ամերիկա։

Բարձրագոյն հիմնարկներ եւ հայագիտական ամպիոններ բազմացած են, օրաթերթային մամուլը՝ մորթ փոխած։ Գրական պարբերականներ ճամբայ հանուած են՝ «Բագին», «Շիրակ», «Ահեկան»՝ Պէյրութ, «Անդաստան»՝ Փարիզ, ընթացիկ մամուլի գրական յաւելուածներ՝ Մոնթրէալէն ու Լոս Անճելըսէն՝ Թեհրան։ Նորահաս սերունդի մէկ թեւը, Սուրիայէն եւ լիբանանէն, մասամբ՝ նոյնիսկ հասնելով մինչեւ Պոլիս, Փարիզ, ճիգ դրսեւորած է լուրջ ինքնանորոգման ուղղութեամբ․․․ Հայրենի հողին վրայ, «ձիւնհալ»ը կարելի դարձուցած է գրական աննախընթաց ծաղկում մը, յատկապէս արձակի մարզին մէջ։ «Գարուն» եւ «Գրական Թերթ», աւանդապահ «Սովետական Գրականութիւն» օրկանի կողքին, կը թարմացնեն գրական մթնոլորտը։