Գրիգոր Գլըտճեան

Գրիգոր Գլըտճեան (Պարոյր-Հայկազն) (1868-1898), Հայ յեղափոխական շարժման առաջին նուիրեալներէն։

Գրիգոր Գլըտճեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գրիգոր Գլըտճեան ծնած էր Տիվրիկ, 1868-ին։ Իրեն դպրոցի ուսուցիչներէն կ՚ըլլայ հետագային Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիր դէմքերէն Ժիրայրի (Մարտիրոս Պոյաճեանի, որ եղբայրն էր Հնչակեան Մուրատի՝ Համբարձում ՊոյաճեանիՊերլինի վեհաժողովէն եւ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի պատգամէն ետք ան շատ կը ոգեւորուի ու կ՚ուզէ ամպայման իր մասնակցութիւնը բերել յեղափոխական շարժման։

1883-ին, 15 տարեկան Գրիգորը կ՚երթայ Պոլիս ուսումի պատճառով։ Կարճ ժամանակի մը համար կ՚աշակերտէ փաստաբանի մը, մինչեւ որ մուտքի յաջող քննութիւն տալով՝ կþընդունուի Պոլսոյ նորաբաց Իրաւաբանական վարժարանը։ Իր ուսումնական օրերուն մօտէն կը սերտէ ահաւորութիւնը Համիտեան ոճրագործ բռնատիրութեան եւ կ՚ուզէ յեղափոխական շարժման գործօն անդամ ըլլալ եւ կ՚անդամակցի Արմենական Կուսակցութեան «Յեղափոխական Վարչութեան»։

Սակայն, Արմենական կուսակցութիւնը իր բարձրագոյն ղեկավարութեամբ պատրաստ չէր զինեալ պայքարին ամբողջապէս նուիրուելու։ Պարոյր կը միանայ նորաստեղծ Հնչակեան կուսակցութեան եւ իր ընկերներով կը նախաձեռնէ կուսակցութիւններու բանակցութիւնները, համախոհութիւն կը յառաջանայ, միացումը կ՚իրագործուի եւ Պոլսոյ Յեղափոխական Վարչութիւնը «Հնչակ»ը կ՚ընդունի իբրեւ իր պաշտօնաթերթը։

Պարոյրի հնչակեան գործունէութեան բարձրակէտը հանդիսացաւ 15 Յուլիս 1890-ին (նոր տոմարով՝ 28 Յուլիս) Գում-Գաբուի մեծ ցոյցին ղեկավար մասնակցութեամբ։ Հնչակեան յայտնի գործիչներ Յ. Ճիհանկիւլեանի եւ Հ. Պոյաճեանի (Մուրատ)ի հետ, Պարոյր մասնակցեցաւ ցոյցի նախապատրաստութեան 12 Յուլիսի ժողովին եւ ինք եղաւ Պատրիարքարանի անունով Սուլթանի կառավարութեան յանձնուելիք հայկական պահանջներու յուշագրին հեղինակը։ Մինչ Ճիհանկիւլեան եւ Մուրատ ձերբակալուեցան, Պարոյր յաջողեցաւ երկու ամիս անյայտ մնալ թրքական իշխանութեանց համար եւ շարունակել հնչակեան գործունէութիւնը յառաջ մղել։ Բայց Սեպտեմբերին, հայազգի տխրահռչակ մատնիչ Մամբրէի կողմէ իր անունը եւս տրուեցաւ թուրք ոստիկանութեան եւ Պարոյր ձերբակալուեցաւ ու բանտ նետուեցաւ։

Թէեւ մահապատիժ չտրուեցաւ Պարոյրին, բայց երկարամեայ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ ու աքսորուեցաւ Աքեա, ուր այդ աքսորավայրին մէջ սկսաւ տարածել իր գաղափարները բոլորին քարոզելով թէ «բոլորս ալ բախտակից ենք»։

Պարոյր վեց տարի մնաց աքսորավայրի մէջ, ուր բռնուեցաւ թոքախտէ եւ հիւծեցաւ մարմնապէս։ Բայց ոգեկան կորովը բնաւ չկորսնցուց։ 1896-ի Դեկտեմբերին, երբ Ընդհանուր Ներում հռչակուեցաւ, Պարոյր առիթը օգտագործեց Լիբանանի վրայով ուղղակի Պոլիս վերադառնալու, փոխանակ հետեւելու բժիշկներու խորհուրդին, որ Եւրոպա անցնիլն էր՝ ապաքինման նպատակով։ Հազիւ Պոլիս հասած, Պարոյր դարձեալ ձերբակալուեցաւ, բայց առողջական վիճակին բերմամբ նախ Ազգային Հիւանդանոցի մէջ արգելափակուեցաւ, իսկ յետոյ դարձեալ աքսորուեցաւ, այս անգամ Ալեքսանդրիա (Եգիպտոս

1897-ի Օգոստոս Ալեքսանդրիա հասնելով՝ Պարոյր դէմ յանդիման գտնուեցաւ Հնչակեան կուսակցութիւնը խոր տագնապի եւ եղբայրասպան արիւնահեղութեան մատնած գաղափարական պառակտումին։ Ամէն ճիգ թաբեց, որպէսզի կարենայ վերականգնել իր կուսակցութեան ներքին միութիւնը։ Բայց չկրցաւ եւ ի վերջոյ Պարոյր որոշեց միանալ Դաշնակցութեան։ Իր կեանքի վերջին տարին Պարոյր-Հայկազն անցուց Եգիպտոսի մէջ դաշնակցական գործեր զբաղելով։ 18 Մարտ 1898-ին պատգամաւոր ընտրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի Շրջանային Ժողովին։ Առաղջական իր վիճակը բարելաւելու համար, ընկերները Պարոյրին կը ղրկէն Աթէնք, սակայն ան երեք ամիսէն կը մահանայ 9 Օգոստոս 1898 թուականին։

Աղբիւրներ

Խմբագրել