Դանիէլ վրդ. Աշըգեան (Բարսեղեան) (1848, Կեսարիա, Թուրքիա - 1917, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս), միաբան Երուսաղէմայ Ս. Յակոբայ վանքին:

Դանիէլ Աշըգեան
Ծնած է 1848
Ծննդավայր Կեսարիա, Թուրքիա
Մահացած է 1917
Մահուան վայր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս
Ուսումնավայր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարան
Մասնագիտութիւն քահանայ

Ծնած է Տէրէվանք (Կեսարիա) 1848-ին, մկրտութեան անունով Գրիգոր։ Ուսած Երուսաղէմայ Ժառանգաւորաց վարժարնին մէջ, ուր 1871-ին աբեղայ կը ձեռնադրուի վանքին մէջ այլեւայլ պաշտօններ վարելէ ետք 1877-ին հայրենիք կը մեկնի եւ վանահայր կը կարգուի Տէրէվանքի: 1878-ին Մնացական Սէմէրճեանի հետ Եոզղատի մօտ Թէրզիլիի մօտ կեդրոնական վարժարան մը բանալու խորհուրդը կը յղանայ: Աապաւինեալ տետրակով հանգանակութեան կը ձեռնարկեն։ Թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ աշխարհական երեւելիները չեն վստահիր, կը հակառակին եւ ծրագիրը կը վիժի:

Քաղաքական դէպքերու հետեւանքով Աշըքեան Տրիպոլիս կ’աքսորուի. Ներման արժանանալէ ետք Աղեքսանդրիա կը հաստատուի, կը զբաղի Աղքատախնամ գործերով, 1917-ին Աղեքսանդրիոյ մէջ կը մահուան :

Աղբիւրներ

Խմբագրել