Դաւիթ Դաւիթեան (1880[1], Տրապիզոն, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 25 Ապրիլ (8 Մայիս) 1911[1], Մարզուան, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն[1]), ջութակահար։

Դաւիթ Դաւիթեան

Ծնած է Տրապիզոն, ուր Մխիթարեան վարժարանի մէջ իրեն ջութակի ուսուցիչ կ՚ունենայ Տիգրան Կիւրեղեան։ 1898-1903 կ՚աշակերտի Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի, առանձին ջութակի դաս առնելով Կուառնիէրի Ուսուցչապետէն եւ յաճախելով «Պենետէթթոյ Մարչէլլոյ» երաժշտանոցը՝ ունենալով կանոնաւոր դասընթացք մը։ Պրիւքսէլի մէջ թոմսընի առաջնորդութիւնով կատարելագործած է իր արուեստը։

Եղած է ուսուցիչ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին։ Եւրոպայի զանազան մայրաքաղաքներուն եւ նշանաւոր քաղաքներուն մէջ իբրեւ վիրթուող նուագած է ցոյց տալով իր արուեստին բարձր արժէքը եւ հայ թէ օտար մամուլէն գնահատուած է իր տաղանդը։ Իր նախասիրած կտորները եղած են Սարազատի «Անտալուզին» եւ Գնչուական նուագները»։ Նօթագրած է «Հայուն Հոցին» եւ խուռն բազմութեան առջեւ նուագած Ֆրանսական Սալոնի մէջ, որու մասին մամուլը սքանչացումով խօսած է։

Յօրինած է նաեւ «Նէյին Ողբը» եւ «Վշտին խօսքերը»։

Դաւիթեան երկար մնացած է Կոլկաս, ուր զինքը դնահատած են Կրանտիւքներէն սկսած մինչեւ դժուարահաճ քննադատները։ Պոլսոյ, Եգիպտոսի եւ Իզմիրի մէջ տուած նուագահանդէսները իր մէջ շեշտել տուած են իր լրումին կասած բարձր ու իրական տաղանդ մը։

Սրտի հիւանդութիւն մը մանկութենէն հալածած է Դաւիթեանը։ Ան Եգիպտոսէ վերադարձին արդէն քալքսյուած էր։ 23 Ապրիլ 1911-ին Մարզուանի մէջ յաջող նուագահանդէս մը տալէ յետոյ անկողին կը մտնէ եւ երկրորդ առաւօտե կաթուածահար կը մեռնի։

Մրցանակներ

Խմբագրել
  • Պրիւքսէլի միջազգային մրցույթի դափնեկիր։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պատուրեան, 1939, էջ 610։
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.