Դաւիթ Վարդանեան

Դաւիթ Վարդանեան (յիշուած է նաեւ իբրեւ Դաւիթ Վարդունեան, 15 Ապրիլ 1890(1890-04-15)[1], Օրոր, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 3 Օգոստոս 1966(1966-08-03)[1], Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), խորտակուած «Թիթանիք» նաւուն 771 փրկուողներէն մին։ Նաւուն վրայ գտնուած եօթ հայերէն երկուքը՝ Դաւիթ Վարդանեանն ու Նշան Գրիգորեանը յաջողած են փրկուիլ[2]:

Դաւիթ Վարդանեան
Ծնած է 15 Ապրիլ 1890(1890-04-15)[1]
Ծննդավայր Օրոր, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Օգոստոս 1966(1966-08-03)[1] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Էրզրում[3]։

1911-ին, Դաւիթ Վարդանեան ամուսնացած է Մարիամ Պայծառի հետ (ծն. 15 Ապրիլ, 1895-ին, Քղիի Ճերմակ գիւղը), Էրզրումի մէջ։ Նկատի ունենալով երկրի քաղաքական ու տնտեսական պայմանները, որոշած է իր կինն ու ընտանիքը Էրզրում ձգելով, իր երեք ընկերներուն հետ մեկնիլ Գանատա՝ աշխատելու համար ձուլարանի մը մէջ:

Այդ օրերու ամէնէն ապահով եւ ամէնէն շքեղ զբօսանաւը համարուող «Թիթանիք» նաւուն վրայ, իբրեւ երրորդ կարգի ուղեւորներ, Օսմանեան անցագրերով կը յայտնուին եօթ հայեր` Նշան Գրիգորեան, Սարգիս Մարտիրոսեան, Արսէն Սիրականեան, Դաւիթ Վարդանեան, Մամբրէ Տէր Զաքարեան, Արթին Տէր Ղուկասեան եւ զէյթունցի յայտնի գրող Սմբատ Բիւրատի որդին՝ Վաղինակ Բիւրատ[4][5]:

Դաւիթ Վարդանեան կը ստանայ թիւ 2658 տոմսը: Նաւուն խորտակումը կը պատահի Դաւիթին տարեդարձէն մէկ օր առաջ՝ 14 Ապրիլ, 1912 թուականին: Շնորհիւ լողալու իր վարժութեան, ան կը յաջողի վերապրիլ եւ որոշ ժամանակ լողալէ ետք, կը փրկուի ազատարար խումբերու կողմէ:

Փրկուելէ ետք, Նշան Գրիգորեանի հետ միասին, կ'երթայ Փօլ Մարթինի քով (Princess Street 108, Համիլթոն, Օնթարիօ) եւ որոշ ժամանակ մը կ'ապրի Քանատա, ուր կը դառնայ երկիրին առաջին հայկական եկեղեցւոյ հիմնադիրը. աւելի ուշ կ'անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, Դաւիթ կ'ենթադրած է, թէ իր ընտանիքը կոտորուած է, սակայն առանց յուսահատելու, նամակագրութեամբ կը փորձէ գտնել անոնց հետքը: 11 տարի ետք, հանդիպած է կնոջը Քանատայի մէջ. հանդիպումը տեղի ունեցած է Նիակարայի ջրվէժին Ռէյնպօ (Rainbow) կամուրջին վրայ՝ կինը քանատական կողմէն, ամուսինը՝ ամերիկեան:

Դաւիթ եւ կինը բնակութիւն կը հաստատեն Քրօֆորտ Միտվիլ (Crawford Meadville) քաղաքին մէջ (Փենսիլվանիա)։ Կ'ունենան երեք երեխայ՝ Ճէք (1924-1986), Ռոզ (1926-2012, հետագային ամուսնացած՝ Գէորգ Վարդանեանի հետ) եւ Ալիս (ծն. 1931, հետագային՝ ամուսնացած Թեն Վոյտիլակի հետ)։ 1940-ի մարդահամարին ընտանիքը կը բնակէր Միտվիլի մէջ, բայց հետագային տեղափոխուած եւ հաստատուած է Միշիկընի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ։

Դաւիթ Վարդանեան մահացած է 3 Օգոստոս 1966 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ[6]: Շրջապատին կողմէ ճանչցուած է «Թիթանիք Դաւիթ» անունով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 (unspecified title) — 1996.
  2. ««Թիթանիք» նաւի խորտակումից փրկուած հայը՝ Դաւիթ Վարդանեան»։ www.iammedia.am։ արտագրուած է՝ 2022-04-20 
  3. «David Vartanian : Titanic Survivor»։ www.encyclopedia-titanica.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-04-20 
  4. Հայ Ուղեւորները
  5. Հայ ուղեւորներուն անունները
  6. «ԴԱՒԻԹ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (1890-1966)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-04-20 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել