Դպրոցական Տարազները

Դպրոցական տարազները, համազգեստ, զոր կը կրեն աշակերտները գլխաւորաբար դպրոցի կամ այլ ուսումնական հաստատութեան համար[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հագուստներու չափանիշներու հասկացողութիւնը յայտնուած է միջնադարեան շրջանին: Սակայն ծանօթ տարազը յայտնուած է Անգլիոյ մէջ, ԺԶ. դարուն, աղքատ աշակերտներու յատուկ բարեգործական դպրոցներուն մէջ:

ԺԹ. դարուն անիկա կը տարածուի Անգլիոյ գրեթէ բոլոր պետական դպրոցներուն մէջ: Սկիզբը անիկա կը ներշնչուի զինուորական տարազներէն, ապա ժամանակի ընթացքին կը դառնայ բարձր դասակարգի հոմանիշ: Այդ ատեն է, որ անիկա մուտք կը գործէ անձնական դպրոցներ եւ տարազներուն վրայ կը յայտնուի իւրաքանչիւր դպրոցի եւ հաստատութեան տարբեր նշանը:

Անգլիոյ մէջ

Խմբագրել

Անգլիոյ նախակրթարանի աշակերտներուն 80 առ հարիւրը եւ միջնակարգի աշակերտներուն` 98 առ հարիւրը: Այս սովորութիւնը մնացած է ԺԶ. դարէն, իսկ կարգ մը հաստատութիւններու պարագային, ինչպէս` Օքսֆորտ եւ Քեմպրիճ, այդ տարազը նոյնը մնացած է 400 տարիներէ ի վեր:

Ճափոնի մէջ

Խմբագրել

Ինչպէս ասիական բազմաթիւ երկիրներու դպրոցներու պարագային, դպրոցական տարազը սովորութիւն դարձած է ԺԹ. դարէն սկսեալ. ճերմակ շապիկ, բաճկոնակ եւ վզկապ` մանչերու պարագային, եւ փլիսէ փէշ, շապիկ, վզկապ կամ ժապաւէն` աղջիկներու պարագային: Անոնք յաճախ կը հագուին նաեւ «լուս սոքս» կոչուած երկար գուլպաներ, ինչպէս` մասկաներուն մէջի հերոսուհիները:

Բոլոր ճափոնցի աշակերտները ունին «րոտուսերօ» կոչուած դպրոցի պայուսակը. սեւ` մանչերուն համար, եւ կարմիր` աղջիկներուն համար: Այս պայուսակը շատ սուղ է եւ կրնայ արժել  200-1800 տոլար: Անիկա խորհրդանշական առարկայ մըն է, զոր փոքրիկ աշակերտները կը ստանան իրենց մեծ հայրիկէն կամ մեծ մայրիկէն` առաջին վերամուտին առիթով[2]:

Կանայի մէջ

Խմբագրել

Կանայի մէջ դասական ոճով, անգլիական իշխանութեան օրերէն մնացած դպրոցական տարազը կը փոխուի 2021-ին, եւ ափրիկեան ոճով տարազներ կ'որդեգրուին դպրոցներուն մէջ: Այս որոշումին գլխաւոր նպատակն էր արժեւորել երկիրին մշակոյթը: Այս ձեւով դպրոցներուն մէջ կը յայտնոին աւելի գունաւոր եւ բնազարդերով տարազներ:

Հնդկաստանի մէջ

Խմբագրել

Հնդկաստանի մէջ իսկական հաւասարութիւն գոյութիւն չունի տարազներու պարագային: Սակայն 2021-ին երկիրին հիւսիսը գտնուող կարգ մը հաստատութիւններ կը ձերբազատուին աղջիկներու եւ մանչերու յատուկ տարբեր տարազներէն եւ կ'որդեգրեն աւելի յարմար երկսեռ տարազ մը: Աղջիկներ այլեւս փլիսէ փէշի փոխարէն` կը սկսին հագուիլ տաբատ, որ իրենց աւելի մեծ ազատութիւն կու տայ շարժելու բակին մէջ, զբօսանքի ատեն:

Պութանի մէջ

Խմբագրել

Աշակերտները կը հագուին աւանդական հագուստ մը` իբրեւ տարազ. մանչերը մէջքին գօտիով սեղմուած պատմուճան մը` «կոն», իսկ աղջիկները` «քիրան», մինչեւ ոտքերուն կոճերը հասնող կերպաս մը, եւ վրայէն կարճ բաճկոնակ մը` «թոէկոն»:

Ինտոնեզիոյ մէջ

Խմբագրել

Ինտոնեզիոյ մէջ իւրաքանչիւր դպրոց ունի իր տարազը: Այդ տարազները յաճախ կարմիր գոյնի տարբեր երանգներ կ'ունենան, սակայն անոնք շատ սուղ են, ինչպէս նաեւ` համապատասխանող կօշիկները. իսկ այս բոլորը ծնողները ստիպուած են գնելու: Այս պատճառով աղքատ ընտանիքներու պատկանող կարգ մը աշակերտները դպրոցէն վերադարձի ճամբան բոպիկ կ'անցնին իրենց թանկարժէք կօշիկները չփճացնելու համար:

Միացեալ Նահանգներու մէջ

Խմբագրել

Աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ դպրոցականները մեծ մասամբ տարազ կը հագուին, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ տարազ գոյութիւն չունի` բացի անձնական կարգ մը դպրոցներէ: Սակայն այս դպրոցներուն մէջ, ուր տարազը պարտադիր չէ, հագուստի չափանիշներ գոյութիւն ունին, ինչպէս, օրինակ, փէշերուն երկարութիւնը, արտօնուած գոյները

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել