Եղիա Նաճարեան (17 Ապրիլ 19336 Յունուար 2008), արեւելագէտ, խմբագիր։

Եղիա Նաճարեան
Ծնած է 17 Ապրիլ 1933
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 6 Յունուար 2008
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է ատանացի ծնողքէ, նախնական ուսումը ստացած է Ագգային Աբգարեան Վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի ճեմարանին մէջ:

1950ականներէն դասաւանդած է Պէյրութի եւ Դամասկոսի Աբգարեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններան մէջ, միաժամանակ վարած է Պէյրութի Այգ օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը, ուր կա­տարած է նաեւ ֆրանսերէնէ հայերէն թերթօնային գրականութեան թարգմանութիւններ: Աշխատակ­ցած է նաեւ Պէյրութի Ազդարար օրաթերթին:

1959-ին ընտանեօք հայրենադարձած է Հայաստան: Ուսումը շարունակած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Ֆակուլտէտին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1963-ին:

Աւելի քան քառասուն տարի աշխատած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան Ինստիտուտի Արաբական Բաժնին մէջ:

Դասաւանդած է ԵՊՀի Արեւելագիտութեան Ֆակուլտէտին մէջ։ 1974-ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը՝ «Արաբական Ազգային Մշակութային Զարթօնքը» նիւթով: Գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսաւ 2005-ին Դամասկոսի եւ Գահիրէյի մէջ միաժամանակ:

Ան աշխատակցած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին, որուն Ա. եւ Բ. հատորներուն մէջ լոյս տեսած են Լիբանանի եւ Արեւելքի մասին իր ստորագրած կարգ մը յօդուածները:

1986-ին պարգեւատրուած է Սովետական Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի Աշխատանքի Վետերանի շքանշանով:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, հատոր ԻԹ․, Պէյրութ, 2009, էջ 428-429։