ԵՐԱՄ ՊԷՅ ԱՐԱՄ (1815, Տրապիզոն - 1926, Դեկտեմբեր) , ճարտարագէտ եւ հաշուագէտ, բարեկարգիչ՝ Թուրքիոյ ընդհանուր երկրտգործութեան, Խորհրդարանի ծերակոյտի անդամ:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

ԵՐԱՄ պէյ Արամ, ծնած է Տրապիզոն 1815-ին: Ոսումը ստացած է Փարիզի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, վկայուած է Բատուայի համալսարանի երկրագործական ճիւղէն եւ Կրինեօնի երկրագործական վարժարանէն: Մտած է Օսմանեան պետական ծառայութեանց մէջ իբրեւ ճարտարագէտ եւ հաշուագէտ բարձրանալով երկրագործական ընդհանուր տնօրէնութեան, Հալգալըի ուսուցիչ կարգուած է: Սելանիկի երկրագործական վարժարանի հիմնադիրը եւ միակ բարեկարգիչը եղած է Թուրքիոյ ընդհանուր երկրագործութեան: Մերժած է շատ մը նախարարական պաշտօններ, որոնք իրեն առաջարկուած են, 1908-ին երբ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը կը հռչակուի, Արամ էֆ. Խորհրդարանի ծերակոյտի անդամ կ'ընտրուի: Իբրեւ մէկ անդամը կաթոլիկ համայնքին՝ վարած է Աւագանիի ժողովի Ատենապետի պաշտօնը: Ունէր Պալայի աստիճան: Մահացած է 1926 Դեկտեմբերին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդապետ Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ