Երգեհոնը (իւնարէն՝ ὄργανον organon) երաժշտական ստեղնաշարային գործիք։ Կազմուած է քանի մը ստեղնաշարերէ։

Երգեհոն
Որակաւորում երգեհոն?, sets of open flutes with internal duct without fingerholes?, sets of oboes with conical bore?, wind instrument with keyboard? եւ կառոյց
Հորնբոսթել-Զաքսի հանմակարգ 421.222.11+421.222.3+412.1

Երգեհոն կը նուագեն ոտքերով եւ ձեռքերով։ Երգեհոնը աշխարհի ամէնէն հին երաժշտական գործիքներէն մէկն է, որ յառաջացած է Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ։ Կ'ենթադրուի, որ զայն ստեղծած է (կամ մասնակցութիւն ունեցած է ստեղծման) յոյն Կտեսիբիոս՝ Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքէն: Երգեհոնը կարեւոր նշանակութիւն ունի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ժամերգութեան մէջ։

Ընդհանուր ակնարկ

Խմբագրել

Խողովակաւոր երգեհոնները ձայնը կը տարածեն գործիքին վերին մասին գտնուող խողովակներուն միջոցով։ ԺԶ. դարէն սկսեալ, երգեհոններ պատրաստելու ատեն կը սկսին օգտագործել տարբեր խողովակներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան փոխել ձայնին որակը։ Ընդհանրապէս, երգեհոնը ամենամեծ չափեր ունեցող երաժշտական գործիքն է։ Անիկա կը համարուէր մարդկութեան ամենամեծ յայտնագործութիւններէն մէկը։ Ուոլֆկանկ Ամադեուս Մոցարտ երգեհոնը կ'անուանէր «երաժշտական գործիքներու թագուհի»ն։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 

Երգեհոնը ամենահին երաժշտական գործիքներէն է։ Կ'ենթադրուի, որ երգեհոնը ստեղծած է յոյն յայտնագործող Ցտետիպուս՝ Ք.Ա. 290-280-ական թուականներուն։ Մեծ չափեր ունեցող երգեհոններ սկսած են ստեղծուիլ Դ. դարուն, աւելի կատարելագործուած ձեւերը՝ Է.-Ը. դարերուն։

Երգեհոններ ստեղծելու մշակոյթը սկիզբ առած է Իտալիոյ մէջ, ուրկէ ալ Թ. դարուն տարածուած է Ֆրանսայի մէջ։ Աւելի ուշ այս մշակոյթը տարածուած է նաեւ Գերմանիոյ մէջ։ Ամբողջ Եւրոպայի տարածքին երգեհոնը տարածուած է ԺԴ. դարէն։ Միջնադարեան երգեհոնի ամենահին օրինակը յայտնաբերուած է Նոր Զելանտայի մէջ (վանական համալիր Նիտըրլենտի մէջ), 1370-1400 թուականներուն։ Անիկա ներկայիս կը պահուի Սթոքհոլմի պատմութեան ազգային թանգարանին մէջ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Barnes, William Harrison (2007). The Contemporary American Organ - Its Evolution, Design And Construction. Barnes Press. p. 376. ISBN 978-1-4067-6023․
  • Hunt, Henry George Bonavia (2008). A Concise History of Music. BiblioLife. p. 137. ISBN 0554753871.