Զազ (երգչուհի)
Զազ (ֆրանսերէն՝ Isabelle Geffroy, Իզապէլ Ժեֆրուա, 1 Մայիս 1980[1], Թուր[2]), ֆրանսիացի երգչուհի: Զազ յայտնի է մանաւանդ իր հիթային «Je veux» երգով, իր առաջին՝ «Zaz» ալպոմէն, որ թողարկուած է 2010 թուականին:
Զազ ֆրանսերէն՝ ZAZ | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | ֆրանսերէն՝ Enól |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Zaz |
Ծնած է | 1 Մայիս 1980[1] (44 տարեկան) |
Ծննդավայր | Թուր[2] |
Քաղաքացիութիւն | Ֆրանսա |
Ուսումնավայր | Toulouse Regional Conservatory? |
Տեսակ | Երգ, փոփ երաժշտութիւն, Ժամանակակից ժողովրդական երաժշտութիւն, Ճազ եւ Gypsy jazz? |
Մասնագիտութիւն | Հեղինակ ու կատարող, ստուդիական երաժիշտ |
Անդամութիւն | Les Enfoirés? |
Կայքէջ | zazofficial.com |
Ստորագրութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է ֆրանսական Թուր քաղաքը՝ 1980 թուականին: Երգչուհիին մայրը սպանացի ուսուցչուհի եղած է, հայրը՝ ելեկտրական ընկերութեան մը մէջ աշխատող:
1985 թուականին ապագայ երգչուհին իր քրոջ եւ եղբօր հետ ընդունուած է Թուրի երաժշտանոցը, ուր յաճախած է մինչեւ 11 տարեկան։ Ան ուսումնասիրած է երաժշտութեան տեսութիւնը, նաեւ՝ ջութակ, դաշնամուր, կիթառ եւ երգչախմբային երգեցողութիւն։
1994 թուականին Զազ փոխադրուած է Ֆրանսայի հարաւ-արեւմտեան մասը գտնուող Պորտօ քաղաքը եւ մէկ տարի հետեւած է երգեցողութեան դասերու եւ զբաղած է մարզանքով․ ընտրած է արեւելեան մարզաձեւը եւ արհեստավարժ մարզիչի մը հետ պարապած է քունկ ֆու:
2000 թուականին տեղի մարզպետարանէն Զազ կրթաթոշակ կը շահի, որ իրեն կարելիութիւն կու տայ դառնալ ժամանակակից երաժշտութեան դպրոցի անդամ՝ Պորտոյի երաժշտական գործունեութէան եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին մէջ:
Անոր երաժշտական հետաքրքրութիւններուն մէջ կը մտնէին Վիվալտիի «Տարուայ չորս եղանակները», ճազ երգիչներու կատարումները, ինչպէս նաեւ ափրիկեան, լատինական եւ քուպայական կշռոյթները:
2006 թուականին երգչուհին փոխադրուած է Փարիզ։
Ան եղած է «Իզար-Ատաթց» խումբի երգիչներէն մին: Այս բազմանդամ խումբը կազմուած էր տասնվեց հոգիէ, որոնց հետ ան երկու տարի մասնակցած է շրջագայութիւններու։
2011 թուականին Զազ յաղթած է «Եւրոպան առանց սահմաններու» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ: Այդ մրցանակաբաշխութիւնը ամէն տարի ի յայտ կը բերէ տասն զարգացող երգիչներ կամ խումբեր, որոնք նախորդ տարիներուն ընթացքին իրենց թողարկած միջազգային ալպոմներով գրաւած են բազմաթիւ հանդիսականներ։
2010 թուականին ֆրանսական «Տելեմա» ամսագիրը յայտարարած է հետեւեալը.
Վերջին շաբաթներուն ընթացքին լուր մը տարածուած է, որ Զազը անզուգական ձայն ունի եւ ան պիտի ըլլայ ամրան բացայայտումը։ |
2010 թուականին Զազ թողարկած է իր առաջին ալպոմը, որ կ՚ընդգրկէ իր իսկ գրած եւ համատեղ կազմած երգերը: Նոյն տարին երգչուհին պայմանագիր կնքած է «Caramba» եւ «Sony ATV» ձայնագրման սթուտիոներուն հետ՝ իր հիւրախաղերը կազմակերպելու համար:
Շուտով երգչուհին հրաւիրած են հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային ելոյթներու, որոնք աւելցուցած է անոր ճանաչումը: Զայն կոչած են ֆրանսացի այն արուեստագէտը, որուն երգերը արտասահմանի մէջ 2010 թուականին ամենէն շատ հնչած են եւ այդ նոյն տարին ալ, ըստ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ան ճանչցուած է որպէս 2010 թուականի ամենայայտնի ֆրանսացի երգչուհին[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 FemBio տվյալների շտեմարան
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Deutsche Nationalbibliothek Record #141800089 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ «ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԶԱԶ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՄԷՋ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-06-28