Զարեհ Ամատունի, (1879, Եոզղատ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1935, Պէյրութ, Լիբանան), բնիկ Եոզղատցի, հօր անունը Համբարձում, մօրը՝ Վարդենի։ Ծնած Եոզղատ, 1879-ին։ Շրջանաւարտ՝ Պէյրութի Ֆրանսական Բժշկական Համալսարանէն, 1903-ին։ Շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ կ'երթայ Փարիզ մասնագիտութեան համար։ Ապա կը վերադառնայ Պէյրութ, ուրկէ կ'անցնի Ատանա, յետոյ Պոլիս, ուր կը նշանակուի Քարանթինայի պետական բժիշկ (Մէտրսէս Քարանթընէր): Դարձեալ կու գայ Պէյրութ, ուր կ'ամուսնանայ եւ կ'անցնի քամարան (Կարմիր Ծով): Հոն երկար տարիներ կը պաշտօնավարէ յաճախ գալով Պէյրութ: Պատերազմի բերմամբ (1914) կ'անցնի Եէմէն (Հօդէյտա), ուր պատերազմի ընթացքին կղզիացած է եւ ապա գերի ինկած՝ անգլիացիներուն ձեռքը 1918-ին։ Հօդէյտայի մէջ, զուրկ՝ ընտանեկան խնամքէ, թանջքէ կը բռնուի, որ մեծապէս կե հիւծէ իր մարմինը, ի վերջոյ իր մահուան պատճառ ըլլալով։ 1920-ին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ անմիջապէս Ֆրանսական իշխանութեանց կողմէ Սանճագի Մէտըսէն Քարանթընէր կը նշանակուի։ Հոն կը պաշտօնավարէ մինչեւ իր մահը՝ 1935: Կը մեռնի Պէյրութ, գերմանական հիւանդանոցը։ Տօքթ. Ամատունիի զաւակներն են.- Եգուարդ, Զաւէն, Սեպուհ, Նուարդ եւ Ալիս[1]:

Զարեհ Ամատունի
Ծնած է 1879
Ծննդավայր Եոզղատ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1935
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ծնողներ Համբարձում, Վարդենի
Երեխաներ Եգուարդ, Զաւէն, Սեպուհ, Նուարդ եւ Ալիս

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 387։