Զաւէն Պարտաքճեան
Զաւէն Պարտաքճեան (ծն․՝ 30 Մարտ 1948, Հալէպ, Սուրիա), երկրաչափ՝ ճարտարագէտ, արուեստագէտ, գեղանկարիչ։
Զաւէն Պարտաքճեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 30 Մարտ 1948 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կարողութիւն | Արուեստագէտ, Գեղանկարիչ |
Մասնագիտութիւն | Երկրաչափ՝ Ճարտարագէտ Civil Engineer |
Անդամութիւն | Հայաստանի Նկարիչներու Միութիւն |
Երեխաներ | 4 մանչ՝ Պօղոս, Յարութ, Գէորգ եւ Ռաֆֆի |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՊարտաքճեան ծնած է 30 Մարտ 1948-ին, Հալէպ, Սուրիա: Նախնական Ուսումը ստացած է Մխիթարեան վարժարանէն ներս: 1970-ին աւարտած է Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը:
1979-ին Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի ճարտարագիտութեան կաճառը եւ միաժամանակ վարած է համալսարանի գեղանկարչական ցուցահանդէսներու րնղհանուր պատասխանատուի պաշտօնը 1974-1978։
1974-էն սկսեալ եղած է գծագրութեան ուսուցիչ Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին մէջ, ինչպէս նաեւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերած է Հալէպի Սարեան ակադեմիային մէջ: Հանդէս եկած է անհատական եւ հաւաքական բազմաթիւ ցուցահանդէսներով։
Պարտաքճեան պատւոյ անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան:
1974-ին Զաւէն Պարտաքճեանի ջանքերով հիմնուած է Համազգայինի անդրանիկ ակադեմիան, որ յետագային 1985-ին պիտի կոչուէր Արշիլ Կորքի Կերպարուեստի Ուսումնարան։
Զաւէն Պարտաքճեան Սուրիոյ Հայ համայնքի գեղանկարիչը
ԽմբագրելԳեղանկարիչ Զաւէնը Սուրիոյ Հայ համայնքի իրականութեան գեղանկարային լեզուին մէջ արդիականութիւնը ներածողներէն մէկը եղաւ, գոյնին տուաւ ծաւալ եւ հնչողական ոյժ, իսկ արժէքին նոր ըմբռնում: Գեղանկարիչին բոլոր գործերը կարելի է միաւորել Մարդու Աշխարհը խորագրին տակ, ուր կան ժամանակակից մարդու տագնապները, մտահոգութիւնները, հոգեկան փլուզումներն ու բարդոյթները եւ կայ անոնցմէ ձերբազատուելու փորձը, յոյսը:
1969-էն սկսեալ կ՛ունենայ անհատական ապա հաւաքական ու խմբային ցուցահանդէսներ:
Զաւէն Պարտաքճեանի գեղանկարչութեան ոճը
ԽմբագրելԱն սիրահարն է մարդուն եւ արուեստին։ Ան իր վրձինի մոգական հարուածներով կր պնդէ մարդուն չյայտնաբերուած, բայց վստահաբար ապրուած ամենաթրրթոան բառերր եւ իր գոյներով կիսէ այն,ինչ որ պիտի չրսէր խօսքի վարպետը:
«Գեղանկարչութիւնը կր սկսի հոն. ուր կր վերջանայ բառը, քանի որ ան կր պնդէ, կը վերծանէ այնպիսի հոգեկան ոլորտներ, որոնք բառերով դեռ չեն բնորոշուած»։ - Զաւէն Պարտաքճեան
|
Պարտաքճեանի գեղանկարներուն մէջ գերիրապաշտութիւնն ու արդիապաշտութիւնը տիրական են: Կտաւին իր երանգաշարերը կը ստեղծեն հանդարտ մթնոլորտ բայց յուզառատ հորիզոն: Զաւէն Պարտաքճեան ունի ինքնավստահ վրձին ու ներքին տեսողութիւն, կեանքը ըմբռնելու իւրայատուկ դատողութիւն, անոր համար իր կտաւները իր իսկ էութիւնն են:
«Սուրիական արուեստով հետաքրքրուողները լաւ կը ճանչնան Զաւէն Պարտաքճեանը, որուն 30 եւ աւելի տարիներու ստեղծագործական կեանքը իր կնիքը դրոշմած է ոչ միայն սուրիական այլ համաշխարհային արուեստին վրայ, այն արուեստին որ սահմաններ չունի ու կը թեւածէ համայն մարդկութեան մէջ:
Ան կը շարունակէ ստեղծագործել հակառակ Հալէպի պատերազմական դժուար կացութեան: Եւ կարելի է ըսել, որ գոյներու եւ գիծերու սիրահար ոեւէ անձ պէտք է կարենայ արդարօրէն գնահատել Զաւէնը` մաղթելով որ Աստուած երկար կեանք տայ անոր, որպէսզի շարունակէ ստեղծագործել»: [1]- Կը վկայէ Կիպրոսի Առաջնորդ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
|
«Սուրիացի եւ սուրիահայ արուեստասէրները լաւ կը ճանչնան Զաւէն Պարտագճեանը, որ գեղանկարչութեան արդի դպրոցին մէջ իր երեսուն տարուան վաստակին ինքնատպութեամբ արդէն դասականութիւն մըն է եւ վաստակաշատ հեղինակութիւն մը իբրեւ մանկավարժ եւ արուեստի գործիչ:
Անվերապահ կերպով կարելի է ըսել, որ Զաւէնին տեսադաշտը մարդկային հոգին է, իսկ գեղանկարչութիւնը` այդ անսահմանութեան անդուլ խուզարկուն:» [2]- Բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, մատենագէտ Յակոբ Չոլաքեան
|
Պարտաքճեան կը պայքարի իր ողջ էութեամբ, տարիներ շարունակ իր կողքին ապրող ու երազային Հալէպի խճանկարը պահպանող իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ան կը գծէ ու գծելով կ՛արտայայտէ Հալէպի նկատմամբ իր սէրն ու անոր կառչած մնալու փափաքը:
Զաւէն Պարտաքճեանի արտայայտող արուեստը Հալէպի պատերազմական տարիները
ԽմբագրելՀալէպահայը մեզի համար դարձաւ ներշնչման աղբիւր, ապրելու վառելանիւթ ու այդ դրամագլուխին կառչելով մենք խօսեցանք Սփիւռքի մէջ հայ մնալու հրամայականին մասին…:
[3] - Երկրչ. Ճարտարագէտ,Գեղանկարիչ Զաւէն Պարտագճեան
|
Զաւէն Պարտաքճեանի արուեստի փիլիսոփայութիւնը
ԽմբագրելՊարտաքճեան ունի այնպիսի ներաշխարհ մը, որուն մէջ սուզուելով միայն կարելի է ըմբռնել սուրիական թէ հայկական գեղարուեստական հարթակներու վրայ մերթ ընդ մերթ յայտնուող անոր արուեստը ու փորձառութիւնը:
Զաւէն Պարտաքճեանի 2017 թուականի ցուցահանդէսները
Խմբագրել- 25 Ապրիլ, 2017-ին Հալէպի Պետական համալսարանի, Բժշկական կաճառի «Ալ Րազի» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հալէպի հայ համայնքի արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի, 100+ Պահանջքի խորհրդանիշը «Հալածուած Ժողովուրդներու» 1915 - 2017 խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը:
- 9 Մայիս, 2017-ին, Հալէպի մէջ, երեքշաբթի, Ճամիլիէ շրջանի «Ալ-Ասատ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հալէպահայ արուեստագէտ Զաւէն Պարտագճեանի, «Միասին ահաբեկչութեան դէմ» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Պաըս կուսացութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար ՖատըլՆաճճարի եւ Լրագրողներու Միութեան հովանաւորութեամբ, համագործակցութեամբ՝ Հալէպի գեղարուեստական նկարիչներու Միութեան:
.-
Բանաստեղծութիւններ
ԽմբագրելԶաւէն Պարտագճեան ունի նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնք իրենց խօսքի եւ ոճի ինքնատպաթեամբ առաւել եւս կր շեշտեն իր արուեստագէտի խառնուածքը, հարուստ ներաշխարհն ու աշխարհայեացքր։
Անդամակցութիւն
ԽմբագրելԶաւէն Պարտաքճեան պատւոյ անդամ է Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան: