Թագուհիի վզնոց (ֆրանսերէն՝ Collier de la reine), 1785-1786 թուականներուն խարդախութեան մասին աղմկահարոյց եւ սկանդալային քրէական գործ, Ֆրանսայի թագուհի Մարի Անթուանէթի համար իբր թէ նախատեսուած վզնոցին տիրանալու նպատակով, որ տեղի ունեցած է նախքան Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը։ Այս գործի բոլոր մանրամասնութիւնները են չեն բացայայտուած։ 

Ադամանդէ վզնոց՝ վերականգնված զիրքոնով եւ Մարի Անթուանէթ թագուհիի դիմանկարը, Շաթօ տը Պրէտէուլ պալատ, Շուազէլ, Ֆրանսա[1]

Գործի Էութիւն

Խմբագրել
 
Մարի Անթուանէթ

Լիուտովիկոս ԺԵ-ի մահէն ետք ֆրանսացի Պեմեր եւ Պասանժ ոսկերիչներու ձեռքը մնացած էր 2 միլիոն լիվր հսկայական արժողութեամբ հրաշալի ադամանդեայ վզնոցը, որ պատրաստուած էր թագաւորի սիրահարին՝ Տիուպարիի համար։ Թագաւորի մահէն ետք սիրահարը զրկուեցաւ իր հարստութիւններէն, իսկ նման թանկարժէք զարդի համար նոր գնորդ գտնելը դիւրին չէր։ 1781-ին ոսկերիչները փորձեցին համոզել նոր թագուհի Մարի Անթուանէթին ձեռք բերելու համար վզնոցը, բայց թագուհին, դրամական սղութիւնը նկատի ունենալով, չհամարձկեցաւ այդպիսի մեծ գումար պահանջել Լիուտովիկոս ԺԶ-էն։

Որոշ ժամանակ ետք պալատական տիկիններէն մէկը՝ խաբեբայ եւ բախտախնդիր Ժանն Լամոտ Վալուան, որ ինք զինք կը համարէր թագուհիի մտերիմներէն (չնայած ՝ Մարի Անթուանէթ 1793-ին իր մահապատիժէն առաջ յայտարարած է, որ կեանքին մէջ երբէք անոր ծանօթ չէ եղած), ոսկերիչներու խնդրանքով համաձայնած էր համոզել Մարի Անթուանէթին։ Քանի մը օր ետք Լամոտ ոսկերիչներուն կը յայտնէ, որ թագուհին կը գնէ վզնոցը, իսկ այդ գործարքի բանակցութիւնները յանձնարարուած է ճանչցուած անձերէն մէկուն։ Միեւնոյն ժամանակ համախոհները կարդինալը կը ներշնչեն գնել վզնոցը թագուհիին համար, որ խոստացած է հետագային զայն փոխհատուցել։ Ժաննը կարդինալը համոզելու համար ըսած էր, որ թագուհին կ'ուզէ 2 Փետրուարի տօնակատարութեան ժամանակ կրել վզնոցը եւ կը խոստանայ վճարել մաս-մաս[2]։

Անկէ ետք ոսկերիչներուն քով կու գայ կարդինալ Լուի տը Ռոկանը եւ թագուհիի անունէն 1 միլիոն 600 հազար լիվրով կը գնէ վզնոցը։ Սակայն գումարի մէկ մասը ան վճարէ կանխիկ, իսկ մնացեալ գումարի դիմաց կու տայ տարբեր ժամկէտներով վարկային նամակներ։ Վզնոցը գնելու գործարքի պայմաններու վերաբերեալ փաստաթուղթերու մէջ թագուհիի ստորագրութիւնը կեղծուած էր, քանի որ ստորագրուած էր. Մարի Անթուանէթ, Ֆրանսայի թագուհի: Կարդինալը պէտք էր իմանար, որ թագուհին կը ստորագրէր միայն Մարի Անթուանէթ։

2 Փետրուարին, երբ տօնակատարութեան ժամանակ թագուհին առանց վզնոցի կը ներկայանայ, կոմսուհի Ժաննը կարդինալին եւ ոսկերիչներուն կ'ըսէ, որ թագուհին վզնոցի գինը չափազանց բարձր կը համարէ։ Ոսկերիչները գինը կ'իջեցնեն։ Որմէ ետք Ժաննը կ'ըսէ, որ թագուհին քանի դեռ չէ վճարած վզնոցի դիմաց, անիկա իրը չի համարուիր։ Առաջին` 80 000 լիվրի վճարման ժամկէտը լրանալէ ետք գումարի վճարումը կ'ուշանայ։ Կոմսուհին կարդինալին կը փոխանցէ գրութիւն մը, ուր թագուհին կ'ըսէր, որ կ'ուզէր հանդիպիլ կարդինալին եւ գումարը անձամբ վճարել։ Այդ գրությունը կասկածելի կը թուի Ռոկանին, իսկ ոսկերիչները նամակ կ'ուղարկեն թագուհիին։ Կեղծարարներու բախտը կը բերէ, քանի որ Մարի Անթուանէթ առանց կարդալու նամակը կ'այրէ։ Պասանժ Ռոկանին կը հարցնէ, թէ արդեօք վստահ է այն անձէն, որու միջոցով փոխանցուած է վզնոցը (այդ «անձը» Ռեթռ տէ Վիլիետն էր, որ այդ ժամանակ ձի հեծնած Ճենովա կը գնէր, Ֆրանսայէն կարելի եղսծին չափ հեռու մնսլու համար։ Երկրորդ նամակէն ետք թագուհին կը կանչէ ոսկերիչներուն։ Զանոնք լսելէ ետք խիստ զայրացած թագուհին կ'երթայ թագաւորի մօտ` պահանջելով կարդինալը պատժել[2]։

 
Կարդինալ տէ Ռոկանը

Թագուհիի վզնոցի գործի մէկ այլ տարբերակին մէջ կ'ըսուի, որ ոսկերիչները անհանգստնալով այդ մասին կը տեղեկացնեն Լիուտովիկոս ԺԶ-ին[3] եւ շուտով, 15 Օգոստոս 1785-ին Կարդինալ տէ Ռոկանը, իսկ քանի մը օր ետք մատամ Լամոտ Վալուան եւ քանի մը այլ անձնաւորութիւններ (որոնց մէջ՝ յայտնի արկածախնդիր Կալիոստրան, որ տը Ռոկանի ընկերներու եւ խորհրդատուներու շարքին մէջ կը դասուէր) կը կալանաւորուին կողոպուտի մեղադրանքով եւ թագուհիի համար վզնոց գնելու անուան տակ զայն իւրացնելու մեղադրանքով եւ կը նետուին Պաստիլ։ Լա Մոտը, իմանալով այդ մասին, այրած էր զինք վարկաբեկող բոլոր թուղթերը, սակայն ոչ ան, ոչ ալ Կալիոստրան փախչած էին։

Դատական Գործընթացներ

Խմբագրել

Վզնոցի մասին գործը քննուած է Փարիզի խորհրդարանի մէջ։ Դատարանին մէջ պարզուած է, որ Ռոկան միանգամայն անկեղծօրէն ինքզինք կը համարէր թագուհիի հաւատարմատար եւ իր սիրուհիի` Լամոտի խաբէութեան զոհ դարձած էր։ Լամոտին հայտնի էր կարդինալի` Մարի Անթուանէթը տեսնելու կրքոտ ցանկութիւնը, որպէսզի անոր բարեսրտութեան արժանանայ եւ այդպիսով ուղղէ իր խախտուած քաղաքական ասպարէզը: Կարդինալը ամէն գնով կը ձգտէր Ֆրանսայի առաջին նախարարի պաշտօնը ստանցնել։ Այդ գործին հիմնական խոչընդոտը թագուհիի թշնամութիւնն էր անոր նկատմամբ[2]։ Օգտուելով Ռոֆանի դիւրահաւատութենէն՝ կոմսուհի Լամոտը Վերսալի այգիի մէջ անոր համար կասկածելի ժամադրութիւններ կը կազմակերպէր թագուհիի հետ։ Թագուհիի դերով հանդես կու գար այլ անձ (դատարանը պարզած է, որ ատիկա եղած է մոտիստ Նիքոլ Լեկէն, որ կը բնակէր Օլիվա մականունով)։ Յստակ պարզ չէ, թէ կարդինալին վզնոցը գնելու ուղարկողը թագուհիի տեղ ներկայացնող այդ կինը եղած է, թէ` Լամոտը[3][4]։

Նաեւ պարզ չէ, թէ ինչ դեր խաղացած է Լամոտի այդ բոլոր գործողութիւններու մէջ ինքը՝ Մարի Անթուանէթը։ Ժամանակակիցները հիմք ունէին մտածելու, որ կարդինալի գլխին սարքած բանտարկութիւններէն շատերու մասին ան տեղեակ եղած է։ Ամէն պարագային, այն փաստը, որ կարդինալը կը համարէր, որ թագուհին առանց թագաւորի գիտութեան ընդունակ է վարկով զարդ գնել ու գաղտնի ժամադրութիւն նշանակել, չի կրնար լաւագոյնս վկայել Մարի Անթուանէթի հեղինակութեան մասին։

 
Կոմսուհի Լամոտ

Դատավճիռ

Խմբագրել

Դատավճիռը կայացած է 31 Մայիս 1786-ին՝ երկարատեւ դատական գործընթացէ ետք։

Կարդինալ տէ Ռոկանը զրկուեցաւ կոչումներէ եւ աքսորուեցաւ Օւէրն աբբայութիւն։ Կալիոստրօն 10 ամիս Պաստիլի մէջ մնալէ ետք արդարացուեցաւ եւ ազատ արձակուեցաւ։

Լամոտ Վալուան դատապարտուեցաւ մարմնական պատիժի եւ երկու ուսերու վրայ դրոշմաւորման եւ մարմնավաճառներու Սալպետրիէր բանտին մէջ ցկեանս ազատազրկման։ Հեռակայ կարգով մարմնական պատիժի եւ դրոշմաւորման դատապարտուած էր նաեւ անոր ամուսինը` Կոմս տէ լա Մոտը, որ վաճառած էր վզնոցի քարերու մէկ մասը եւ թաքնուած Լոնտոնի մէջ. ան խուսափեցաւ այդ բոլոր պատիժներէն: Թագաւորական խարդավանքներու «զոհի» լոյսի տակ ներկայացած Ռոկանի արդարացումը շատ դրական ընդունուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ։ 21 Յունիս 1786-ին Ժանն Լամոտը Կրեւսի հրապարակին վրայ մտրակներով գանակոծեցին, ապա դահիճը անոր ուսին "V" — voleuse ("գող") տառը դրոշմեց։

Նիկոլ Լակէն, որ ամուսնացած էր, ձերբակալուեցաւ Պելճիքայի մէջ եւ Փարիզ վերադարձուեցաւ։ Ան արդարացուեցաւ, քանի որ պատկերացում չունէր իր դերակատարման մասին։

Շուտով Լամոտ յաջողեցաւ բանտէն փախչիլ եւ մենկիլ ամուսինին քով՝ Լոնտոն։ Ան թագուհիի մասին հրապարակեց աղմկահարոյց եւ մերկացնող յիշողութիւններ, որոնց մէջ կը գերակշռէին անուղղակի փաստերը եւ յօրինուածքները, սակայն յեղափոխութեան շատ գործիչներ անոնց վստահութեամբ վերաբերուեցան։

Վզնոցի գործի քննութիւնը նպաստած էր երկրին մէջ դժգոհութեան աճին։ 12 Յունիս 1789-ին Պաստիլի գրաւումով կազմաքանդուեցան հին կարգերը եւ Ֆրանսան միապետականութենէն վերածուեցաւ հանրապետութեան։

Թիուիլրիի Գանձ

Խմբագրել

1789-ին Լիուտովիկոս ԺԶֆրանսական հեղափոխութեամբ հարկադրոֆած էր լքել Վերսալը։ Ան իր նստավայրը տեղափոխեց Թիուիլրի պալատ։ 10 Օգոստոս 1792-ին, գրաւուելով Թիուիլրի պալատը, Փարիզի բնակչութիւնը տապալեց միապետութիւնը: 24 Մայիս 1871-ին վերսալցիների հետ փարիզեան կոմունարներու մարտերու ժամանակ Թիուիլրիի մեծ մասը այրեցաւ։ Կոմունայի ճնշումէն ետք պալատին մէջ կատարուեցան աւերակներու մաքրութեան աշխատանքներ։ Տեղեկութիւններ կան, որ այդ աշխատանքներու ժամանակ աշխատողներէն մէկը` Օկիւստ Տոլոնէն, յայտնաբերած է երկաթէ արկղիկ։ Արկղիկի կափարիչը զարդարուած եղած է երեք պուրպոնեան շուշաններով։

Գտածօն տեղափոխուած է Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիսավոր կերպով բացուած է կառավարութեան ղեկավար Տիէրի, նախարարներու եւ Փարիզի ոստիկանապետի ներկայութեամբ։ Արկղիկին մէջ յայտնաբերուած են բազմաթիւ թանկարժէք զարդեր, ինչպէս շքեղ վզնոց, որ նոյնականացուեցաւ իբրեւ հանրայայտ "թագուհիի վզնոց"։ Այս բացահայտումը միայն կը վկայէ, որ Մարի Անթուանէթը գողերու խումբին մէջ էր[2]։

Չնայած անոր, որ Պրուսիոյ դէմ պատերազմէն ետք Ֆրանսան դրամի խիստ կարիք ունէր, սակայն հանրային սկանդալէն խուսափելու համար գանձը յանձնուած է ոչ թէ գանձարան, այլ Պուրպոններու գերդաստանի ներկայացուցիչներուն, մասնաւորապէս Ամսթըրտամի մէջ բնակող արքայադուստր Ամալիա Պուրպոնցիի։

Վզնոցը այժմ զիրկոն քարերով վերականգնուած վիճակի մէջ կը պահուի Շաթօ տը Պրետէուլ պալատին մէջ, որը տեղակայուած է Փարիզէն 35 քմ հարաւ գտնուող Շեւրէզ հովիտին մէջ։

 
Թագուհիի վզնոցը կը գտնուի Շաթօ տը Պրետէուլ պալատին մէջ, զորկոն քարերով վերականգնուած վիճակի մէջ

Մշակոյթի Մէջ

Խմբագրել

Տես Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Château de Breteuil
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 АФЕРА С ОЖЕРЕЛЬЕМ
  3. 3,0 3,1 Ожерелье_королевы. Բրոքհաուզի եւ Եֆրոնի հանրագիտական բառարան: 86 հատոր (82 հատոր եւ 4 լրացուցիչ հատորներ). Սանկտ Պետերբուրգ. 1890–1907.
  4. Chisholm, Hugh, ed. (1911). DIAMOND NECKLACE, THE AFFAIR OF THE... Encyclopædia Britannica. 8 (11th ed.). Cambridge University Press. pp. 164–165.
  5. Nicole Vougny Le collier de la reine. Վէպի մասին տեղեկութիւն եւ վերլուծութիւն Société des Amis d'Alexandre Dumas կայքին վրայ
  6. Стефан Цвейг «Мария-Антуанетта: портрет ординарного характера» (Marie Antoinette, 1932) Archived 2017-01-09 at the Wayback Machine.
  7. The Affair of the Necklace (2001).Internet Movie Database-ում
  8. Жюльетта Бенцони Ожерелье для дьявола. Archived 2017-07-07 at the Wayback Machine. «Книжная полка букиниста» (ռուս.)
  9. Жюльетта Бенцони Сокровище. Archived 2017-09-25 at the Wayback Machine. «Книжная полка букиниста» (ռուս.)
  10. Ларец Марии Медичи: Роман. М., 1972 (Библиотека приключенческой и научной фантастики)
  11. The Casket of Maria Medici (1980).

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Алданов М. А., Графиня Ламотт (1932) // Алданов М. А. Очерки. М., 1993.
  • Самвелян Н., Семь ошибок, включая ошибку автора // Мир приключений. М., «Детская литература», 1983, էջ 263—304.
  • М. И. Пыляев. Драгоценные камни. Их свойства, местонахождение и применение. СПб: ООО "СЗКЭО «Кристалл», 2007, էջ 192.

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  • «Ожерелье королевы». Բրոքհաուզի եւ Եֆրոնի հանրագիտական բառարան: 86 հատոր (82 հատոր եւ 4 լրացուցիչ հատորներ). Սանկտ Պետերբուրգ. 1890–1907.
  • The Affair of the Necklace վրա IMDB