Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան (Երեւան)

Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարան, հիմնադրուած է 1972-ին, Հենրիկ Իգիթեանի, քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանի եւ ժամանակի ականաւոր հայ նկարիչներու ջանքերով[1]:

Ժամանակակից Արուեստի Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Վայր Մաշտոցի Պողոտայ
Հասցէ Երևան, 0002, Մ․ Մաշտոցի պողոտա 70002
Հիմնադրուած է 1972
Հիմնադիր Հենրիկ Իգիթեան
40°11′N 44°31′E / 40.18°N 44.51°E / 40.18; 44.51
Կայքէջ mamy.am(հայ.)
Քարտէս
Քարտէս

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Թանգարանի առաջին ցուցանմուշները հայ արուեստագէտներու նուիրատուութիւններն էին եւ 1960-ականներու Հայաստանի ու Սփիւռքի նկարիչներու գործեր։ Հետագային, ցուցանմուշներու քանակը աւելցած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան գեղարուեստական ֆոնտի եւ ձեռքբերումներուն շնորհիւ։ Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին Մինաս Աւետիսեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Աշոտ Յովհաննիսեանի, Մարտին Պետրոսեանի, Գայանէ Խաչատուրեանի, Վրոյր Գալստեանի, Լաւինիա Բաժբէուկ-Մելիքեանի, Վաղարշակ, Հենրի ու Ռոբերտ Էլիբէկեաններու, Յարութիւն Կալենցի, Ռուդոլֆ Խաչատրեանի, Վարուժան Վարդանեանի, Աշոտ Ղազարեանի (Աշոտ-Աշոտ), Աշոտ Բայանդուրի, սփիւռքահայ նկարիչներ Ժիրայր Օրագեանի, Ժանսեմի, Գառզուի, Էմիլ Գազազի, Ասատուր Պզտիկեանի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններէն նմուշներ։ Թանգարանի հաւաքածոն համալրուած է միջին ու երիտասարդ սերունդի՝ Սարգիս Համալբաշեանի, Արթուր եւ Արարատ Սարգսեաններու, Մարինէ Դիլանեանի, Ալբերտ Յակոբեանի, Սամուէլ Բաղդասարեանի, Արեւիկ Արեւշատեանի, Կամօ Նիգարեանի, Տիգրան Մատուլեանի, Թենի Վարդանեանի եւ այլ հանրաճանաչ նկարիչներու աշխատանքներով։

Թանգարանը մայրաքաղաքի տարբեր ցուցասրահներուն մէջ («Գէորգեան», «Ակադեմիա» եւ այլն), Հայաստանի նկարիչներու միութեան դահլիճներուն մէջ յաճախակի կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ, հրատարակած է շարք մը ալպոմներ՝ «Քոչար», «Ալեքսանտր Բաժբէուկ-Մելիքեան», «Յովնաթանեանից Մինաս», «Թանգարան», «Մինաս Աւետիսեան», «Վրոյր Գալստեան», «Աշոտ Հովհաննիսեան» եւ այլն։ 2006–2007 թուականներուն Ֆրանսայի մէջ՝ «Հայաստանի տարի», 2007-ին Հռոմի մէջ՝ «Հայ մշակոյթի օրեր» ծրագիրներու շրջանակներուն թանգարանը կազմակերպած է նոր ցուցադրութիւններ, տպագրած է գրացուցակներ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Թանգարանի մասին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-13-ին։ արտագրուած է՝ 2018-12-25 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել