Իրանը Եւ Արցախեան Ազատագրական Պատերազմը
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը (ԻԻՀ) քանի մը անգամ հանդիսացած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջնորդական առաքելութեան առաջարկութիւններով, հատկապէս մինչեւ ԵԱՀԽ Մինսքի խումբի ձեւաւորումը (1992) կը դիմէ գործնական քայլերու։
1988
Խմբագրել1988 թուականի Նոյեմբերին, ԽՍՀՄ փլուզումէն մէկ ամիս առաջ, Իրանի արտագին գործոց նախարար Ալի Աքբար Վելայըտտին Մոսկուաի առաջին անգամ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Իրանը պատրաստ է Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործի մէջ ստանձնել միջնորդի դերը։
1989
Խմբագրել1989 թուականի զկիսբը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, դիվանագիտական հարաբերութիւններ հաստատելու համար իրենց հետ։
1992
Խմբագրել1992 թուականի Փետրուար 6-9-ը Հայաստանի Հանրապետութեան արտագին գործոց նախարար Ր. Հովհաննիսեանի գլխաւորած պատվիրակութեան ԻԻՀ կատարած առաջին պաշտօնական այցի ժամանակ, կը ստորագրուի (Փետրուարի 9-ին) Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ դիվանագիտական հարաբերութիւններ հաստատելու մասին հռչակագիր, խանական կողմը կրկին կը հանդիսանայ իբրեւ միջնորդ ստանձնելու առաջարկութեամբ։ Մինչ այդ, նման առաջարկութիւն կ'արնուէր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանը։
Ստանալով կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ 1992 թուականի Փետրուարի վերջերուն Հայաստանի Հանրապետութեան այցելած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը կը ներկայացնէ Իրանի տեսակետները հակամարտութեան կարգաւորման հարցին առմամբ եւ առաջարկներ կու տայ։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հրաւերով Մարտի կիսուն Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխ արտագին գործոց նախարարներու մակարդակով տեղի կ'ունենան բանակցութիւններ, որոնց աւարտին փոխ արտագին գործոց նախարարները եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտագին գործոց նախարարը կը ստորագրեն համատեղ յայտարարութիւն, համաձայն որու՝ մէկ շաբաթուայ մէջ կը յայտարարուէր զինադադար։ Բանակցութիւններու ավարտական փուլին դիտորդի կարգավիճակով մասնակցած է նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ա. Գորդեւը։
Համատեղ յայտարարութեան ընդունումէն 10 օր ետք իրանական միջնորդարան առաքելութիւնը (9 անդամ) Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան փոխարտագին գործոց նախարար Մահմուդ Վայեզիի ղեկավարութեամբ կ'այցելէ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնները։ 1992-ի Ապրիլ 1-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Իրանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Իջեւանի մէջ տեղի կ'ունենայ հանդիպում մը, որուն պետք է մասնակցէին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները, որոնք, սակայն, վերջին վարկեանին կը հրաժարին։ Մուհմուդ Վայեզիի առաքելութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 20, որու ընթացքին իրանական կողմը կ'առաջարկէ հակամարտող կողմերուն համաձայնութեան գալ՝ զինադադար հաստատելու, ռազմագերիներուն եւ զոհուածներու դիակները փոխանակելու հարցերով։ Սակայն ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու հակադարձութեան պատճառով Իրանի միջնորդական առաջին փորձը շոշափելի արդիւնք չ'արձանագրեց։ Մայիս 19-ին ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պուտրոս Ղալին հեռագիր կը հղէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտագին գործոց նախարարին՝ «գոհունակութիւն եւ աջակցութիւն» յայտնելով Թեհրանի միջնորդական ջանքերու առնջութեամբ։
Տարածաշրջանին մէջ Մ. Վայեզիի միամսեայ գործունէութեան արդիւնքով հակամարտող կողմերու միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Իրանի ղեկավարներու գագաթնաժողով։ 1992-ի Մայիս 6-8-ը տեղի ունեցած գագաթնաժողովին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Յաղուբ Մամեդովը եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Արի Աքբար Հաշեմի Ռաֆսանջանին կը ստորագրեն եռակողմ յայտարարութիւն, համաձայն՝ Մ. Վայեգին պետք է կրկին ժամանէր տարածաշրջան՝ Պաքու, Երեւան եւ Ստեփանակերտ՝ զինադադարն իրականացնելու համապատասխան գործունէութիւններ մշակելու համար։
Շուշիի ազատագրումը եւ Լաչինի միջանցքի բացումը դժգոհութեամբ կ'ընդունուի Իրանի մէջ՝ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման օրը։
Այդ պատճառով Լաչինի միջանցքի բացումէն (1992 Մայիս 18-ին) ետք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութիւնը Ազրպեյճանի Ռազմական Նախարարութեան եւ Բաքվում Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութեան միջոցով, ստեղծուած իրավիճակէն մտահոգ, հակամարտող կողմերուն կոչ կ'ուղղարկէ՝ ելակետ ընդունիլ Մայիս 8-ի թեհրանեան եռակողմ յայտարարութիւնը եւ վերադառնալ նախքին դիրքերուն։ Բաքվում Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանը նմանատիպ յայտարարութեամբ հանդիսացած է նաեւ Յունիս 16-ին՝ նշելով, որ յայտարարութեան պայմանները կատարելու դեպքին Իրանը պատրաստ է կրկին ստանձնել իր խաղաղարար առաքելութիւնը։ Միաժամանակ Իրանի մէջ, հատկապէս Արեւելեան Ատրպատականի մէջ եւ թրքախօս այլ շրջաններու մէջ տեղի կ'ունենայ հակահայկական ցոյցեր։
Մինսքի խումբ
ԽմբագրելՌուսաստանի, ԵԱՀԽ-ի եւ Մինսքի խումբի հետագայ աշխուժութեան շնորհիվ հակամարտութեան կարգաւորումը հիմնականապէս ընթացել է Մինսքի խումբի շրջանակների մէջ։ Իրանը, սակայն, բազմութեան կը յայտնէ միջնորդական առաքելութեամբ կրկին կը հանդիսանայ իր պատրաստականութիւնը։