Լաթերնա․ երաժշտական գործիք որ կազմուած է 7000 գամեր պարունակող թաւալող ղուղանէ մը։ Լաթերնան մինչեւ 9 երգեր կրնայ նուագել։

Լաթերնա․ Քաթերինի քաղաք, Յունաստան - նկար՝ Նոյեմբեր, 2015

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել

Լաթերնա երաժշտական գործիքը կազմուած է թաւալող գամերով ղուղանէ մը, որ կը պարունակէ 7000 գամեր։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը միայնակ ձայնանիշ կ՛արտադրէ։ Ղուղանը կը դառնայ ձեռքի մանիճի մը շնորհիւ։

Իւրայատուկ այս նուագարանը, կը զետեղուի ինքն իր վրայ ծալլուող փայտէ ոտքերու վրայ։ Նուագողը լաթերնան իր ուսերուն կը շալկէ երիզներու օգնութեամբ: 800 ժամուայ աշխատանք անհրաժեշտ է, որպէսզի լաթերնան կազմուի։ 1950 - 1970 քսանամեակին արտադրուած յունական շարժապատկերի ֆիլմերուն մեծամասնութիւնը անպայման ընդգրկած են լաթերնան եւ կարգ մը ժապաւէններու մէջ լաթերնան գլխաւոր դերակատարը եղած է։ Լաթերնայի տէրերը յաճախ իրենց նուագարանը ծաղիկներով ու նկարներով կը զարդարեն։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Լաթերնայի նախահայր կը սեպուին հնադարեան ինքնաշարժ գործիքներ, որոնք մինչեւ միջնադարին կը գործածուէին ազնուական խաւի ժամանցին համար։ Նորագոյն շրջանին, առաջին լաթերնան կը ստեղծուի 1808-ին Անգլիոյ Պրիսթոլ քաղաքին մէջ դաշնամուրի գործարանատէրէ մը։ Ան ձայնանիշերը կը փոխարինէ գամերով ղուղանով մը։

1855-ին Պոլսոյ մէջ իտալացի Թուրքոնի Քարմելօ եւ յոյն Իոսիֆ Արմաոս կը սկսին լաթերնա արտադրել, ինչպէս նաեւ յօրինել անոր երաժշտութիւնը։ Առաջին լաթերնաները կը պարունակէին 33 – 42 ձայնի աստիճաններ։

ԺԹ․ դարավերջին եւ Ի․ դարուն մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին արագօրէն կը տարածուի Ամերիկա, Եւրոպա եւ Ասիոյ ու Ափրիկէի յունական համայնքներուն մէջ։

Լաթերնա մեծ ժողովրդավարութիւն վայելած է մանաւանդ Կոստանդնուպոլսոյ, Գահիրէի, Աղեքսանտրիոյ, Զմիւռնիոյ  եւ Պուքրէշի յունական գաղութներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի մէջ՝ Աթէնք, Փիրէա, Սելանիկ, եւայն։ Ի․ դարու առաջին երեք տասնամեակներուն լաթերնաներուն թիւը Պոլսոյ, Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ 5000-ի կը հասնէր։

Այսօր, Յունաստանի մէջ կան միայն 200 լաթերնա։

Ծանօթ լաթերնա նուագողներ եղած են Եորղիու, Պրինտիզի, Թրիփոլիցիոթիս, Փոլիքարփոս, հայազդի Տիգրանը, Ալի Պէյի, Էֆթիմիու եւ Ֆոթիու։

[1][2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել