Լալա Միսկարեան-Մինասեան

(Վերայղուած է Լալա Միսկարեան-էն)

Լալա Միսկարեան-Մինասեան ծնած է 6 Ապրիլ 1946-ին, Արճիս գիւղը, (Տաւուշի մարզ, Նոյեմբերեանի շրջան), գրող, հրապարակագիր, մանկավարժ, խմբագիր եւ դասախօս։


Միսկարեան-Մինասեան 2017-ին
Ծնած է 6 Ապրիլ 1946
Ծննդավայր Արճիս (Նոյեմբերեան)
Մասնագիտութիւն Բանասէր
Աշխատավայր Մանկավարժ եւ դասախօս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Լալա Միսկարեան-Մինասեան ծնած է մանկավարժներու ընտանիքի մը մէջ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ճիւղէն: Համալսարանական տարիներուն կը հանդիպի ապագայ ամուսինին` Բիւզանդ Մինասեանին, կ'ամուսնանայ ու Երեւանի մէջ կ'ունենայ առաջնեկին։ 1973-ին կը տեղափոխուին Հալէպ, ուր կը ծնի երկրորդ տղայ զաւակը:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Աշխատանքային գործունէութիւնը կը սկսի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ որը եւ Միսկարեան-Մինասեանին մանկավարժական գործունէութեան դարբնոցը կը դառնայ, ուր կ'աշխատի մինչեւ 2011թ.:

Կը դասավանդէ Մխիթարեան եւ Սարգիս Չեմպերճեան Կրթասիրաց վարժարաններուն, ինչպես նաեւ Կիլիկեան Ճեմարանին մէջ։

1995Էն, hիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն մինչեւ օրս, կը դասախօսէ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկ էն ներս, դասաւանդելով հայ գրականութիւն, հայ ժողովրդական բանահիւսութիւն եւ գրականութեան տեսութիւն նիւթերը:

2007-2009 թուականներուն եղած է խմբագիր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Շաւիղ» պարբերականին:

Հետեւողականօրէն աշխատակցած է գաղութիս մէջ հրատարակուող մամուլին, ինչպէս՝ «Օշական» պարբերաթերթ, «Գանձասար» շաբաթաթերթ, Հալէպահայ գրողներու «Երթ» պարբերական, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան այլ հրատարակութիւններու, ինչպէս՝ «Ազդակ», «Ասպարէզ» օրաթերթեր, «Բագին» պարբերական եւ այլն:

2007-ին լոյս կ'ընծայէ իր առաջին գիրքը՝ «Յոյսի Հորիզոններ»-ը[1]: Գիրքը հեղինակին յուշերն են՝ կապուած ծննդավայրին, հայրենի երկրին, սովետական իրականութեան առնչուած կարգ մը դէպքերուն եւ իր հոգիին վրայ անոնց ձգած անդրադարձին։ Հատորը կը հրատարակուի Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով, իսկ 20 նոյեմբեր 2007-ին, Հալէպի մէջ տեղի կ'ունենայ հատորին գինեձօնը։

2010-ին, կը հրատարակուի երկրորդ գիրքը՝ «Հող ու Երկինք»[2] պատմուածքներու ժողովածուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով։

2016-ին Լա­լա Միս­կար­եան-Մի­նաս­եան կը հեղինակէ «Սուր­ի­ա­կան Օրագ­րու­թիւն»ը: Գիրքը «Արաբական գարուն» անուան տակ մեծ պետութիւններու սանձազերծած պատերազմի բերած արհաւիրքներու ֆիզիքական, տնտեսական ու հոգեկան ազդեցութիւններուն անդրադարձն է Հալէպի ու Սուրիոյ բնակչութեան վրայ՝ հեղինակի ընդվզումին ու խորհրդածութիւններուն դրոշմով[3]:

Գիրքը, որ բաղկացած է 374 էջերէ,[4] արժանացած է «Գէ­որգ Մե­լի­տի­նե­ցի» գրա­կան մր­ցա­նա­կ ին եւ հրատարակուած Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տպարանը, Ան­թիլ­ի­աս, 2016-ին[5], խմբագրութեամբ` տոքթ. Ար­մե­նակ Եղ­իայ­եա­նի: Նոյեմբերի 30ին, Հալէպի մէջ տեղի կ'ունենայ գիրքին շնորհանդէսը[6]:

Հեղինակի յատկապէս ա՛յս գիրքը առաւել լայն ուշադրության կ'արժանանայ ընթերցասէր հայ հասարակութեան, մշակութային-գրական շրջանակներու ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար լրատուամիջոցներու կողմէ[7][8][9][10]:

2017-ին լոյս կ'ընծայէ «Ծիրանի ոգիներ» պատմուածքներու ժողովածուն[11]: Գիրքին առաջին մասը Սուրիական պատերազմին ու մարդկային խեղուած  կեանքերու կը վերաբերի։ Հոն կան նաեւ ազգային մտահոգութիւններ, կեանքի իմաստի որոնումներ, կնոջական հոգիի տագնապներ, երեւակայական փնտռտուքներ ու առօրեայ մարդկային յարաբերութիւններ[12]։ Գիրքը հրատարակուած է Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարով:



Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris - Մինասեան , Լալա»։ www.bibliotheque-eglise-armenienne.fr։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  2. Միսկարեան-Մինասեան Լալա (2010)։ Հող ու երկինք: Պատմվածք։ Այգ։ Հալէպ: Ա. հ 
  3. «Սիրիայում ներկայացվել Է հայ գրողի գիրքը, որը պատմում Է Հալեպի պատերազմի մասին»։ armenpress.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  4. Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Սուրիական Օրագրութիւն (Հեղինակ` Լալա Միսկարեան-Մինասեան)
  5. «ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»։ Armenian Church Catholicosate of Cilicia (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  6. ««Սուրիական Օրագրութիւն» Հատորի Շնորհահանդէս»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-12-17։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  7. «Լալա Միսկարեան-Մինասեան. «Գրելու ատեն յաճախ զգացի, որ պատերազմը ամբողջ կեանք մը պիտի տեւէ»»։ www.arevelk.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  8. admin։ «Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական Օրագրութիւն»-ը` Արաբական Չծաղկած Գարուններու Վաւերագրութիւն | Yerepouni Daily News» (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-26-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  9. ««Հայաստանում անոնք կարող էին փոքրիկ քաղաք հիմնել»»։ www.irates.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  10. «Книга о войне в Алеппо армянской писательницы представлена в Сирии»։ ТАСС։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  11. «Լալա Միսկարեան-Մինասեան – Cilicia Bookstore» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-09-12 
  12. «ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ ՓՈԽԱՐԷՆ.- «ԾԻՐԱՆԻ ՈԳԻՆԵՐ» ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ | Hairenik Weekly Newspaper»։ hairenikweekly.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-09-09