Արեւմտեան պատ, Լացի պատ կամ Ա-Կոթըլ (եբր.՝ ‏הַכֹּתֶל הַמַעֲרָבִי‏‎‎‎, հա-Կոթըլ հա-Մաարաուի, Աշկենազական արտասանութիւնը` Քոսել ‎), Երուսաղէմի հին քաղաքի պատի մաս (485 մ երկարութեամբ), որ պահպանուած է ք.ա. 70 թուականին հռոմէացիներու կողմէ Երկրորդ Տաճարի կործանումէն ետք։ Ան կը համարուի յուդայականութեան խոշորագոյն սրբավայր։ Երկար դարեր շարունակ համարուած է բազմաթիւ հրեաներու յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշ, անոնց ուխտագնացութիւններու աղօթավայրը։ Ամէնավաղ աղբիւրը, որ հրեաներուն կը կապէ Լացի պատին հետ, կը թուագրուի 4-րդ դարուն։ 20-րդ դարին Սիոնիզմի շարժման հետ մէկտեղ պատը դարձաւ հրեական համայնքի եւ մահմետական արաբներու կրօնական առաջնորդներու միջեւ առաջացած վէճերու պատճառներէն մէկը։

Արեւմտեան Պատի համայնապատկերը Ժայռի Գմբէթով (ձախ կողմը) եւ Ալ-Աքսա մզկիթով (աջ կողմը)

Անուան ծագումնաբանութիւն

Խմբագրել
Լացի Պատ

Հրեական հին աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի «Տաճարի արեւմտեան պատի մասին», սակայն պարզ չէ, այդ գրուածքներուն մէջ կը խօսուի տաճարի բուն պատի, թէ զայն շրջապատող պատի հատուածի մասին։ «Արեւմտեան պատ» եզրոյթի մասին վկայող հրեական ամէնահին յիշատակումը ակնյայտօրէն կը վերաբերի պատին, որ մենք կը տեսնենք այսօր եւ կը թուագրուի 11-րդ դարուն։ «Լացի պատ» անուանումը արաբերէն el-Mabka (المبكى) բառի թարգմանութիւնն է, երբեմն «Հառաչանքի վայր»` պատի արաբական աւանդական անուանումը[1][2]: Այդ սահմանումը կը ծագի հրեաներու այդ վայրը գալու եւ տաճարի կործանումը սգալու աւանդոյթէն:

  Լացի պատը՝ Լեռան պատի միակ հատուածն է, որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը: Միտրաշի մէջ, որ գրուած է 2000 տարի առաջ կ'ըսուի, որ Արարիչը երդում տուաւ, որ պատի այս մասը պիտի չի կործանուի: Իրականութեան մէջ պատը չի համարուիր յուդայականութեան սրբավայր: Հրեաներու սրբավայրը այդ Տաճարն է, որ կառուցուած է Լեռան վրայ: Այն հրեաներուն համար, որոնք կ'ապրէին Տաճարի կործանումէն ետք, այդ պատի նշանակութիւնը այդ է, որ ան միակն է, որ մնացած է Տաճարէն: Սակայն Միտրաշի մէջ (Պեմիտպար Ռապպա 11, 2) կ'ըսէ, որ այդ պատէն երբեք չի հեռանար Շխինան (Աստուածային ներկայութիւնը): Եբրայերէնով ան չ'անուանուիր «Լացի պատ»: Անոր անուանումը «Քոթել Մաարաուի» է, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Արեւմտեան պատ»: Այդպէս նաեւ յաճախ անգլերէնի մէջ կ'անուանեն The Western Wall: Այդպէս կ'անուանէն, քանի որ արեւմտեան պատի այդ հատուածը կը շրջապատէ Տաճարի Լեռը: Արաբները տեսնելով, որ հրեաները կու գան պատի մօտ աղօթելու Բարձրեալին եւ սգալու Տաճարի կործանումը, անուանեցին զայն «Լացի պատ»: Այստեղէն սկսաւ անոր անուանումը նաեւ շարք մը այլ լեզուներու մէջ, օրինակ անգլերէն` (The Wailing Wall) եւ ռուսերէն (Стена Плача)[3]:  


«Լացի պատ» անուանումը եւ այդպիսի անուանումներ, ինչպէս «լացի տեղը», պարբերաբար կը յայտնուին անգլիական գրականութեան մէջ 19-րդ դարու ընթացքին[4][5][6]: Ֆրանսերէնի մէջ օգտագործուած է Mur des Lamentations անուանումը, գերմաներէնի մէջ` Klagemauer:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Կառուցում (ք.ա. 19 թուական)

Խմբագրել

Թանախի համաձայն Սողոմոնի Տաճարը կառուցուած է ք.ա. 10-րդ դարուն եւ կործանուած է բաբելոնացիներու կողմէ ք.ա. 586 թուականին, իսկ երկրորդ տաճարի շինարարութիւնը աւարտած եւ օծուած է ք.ա. 516 թուականին։ Մօտաւորապէս ք.ա. 19 թուականին Հերովդէս Մեծը (ք.ա. 37-4 թուականներուն) սկսած է Լեռան ընդարձակման լայնամաշտաբ ծրագիրին։ Տաճարի չափերը մեծցնելու համար ան արհեստական ճանապարհով մեծցուցած է փոքրիկ կեղծ-բնական սարահարթը, որուն վրայ կառուցուած էին առաջին եւ երկրորդ տաճարները, լեռան չափերը ընդարձակելով եւ տալով ներկայիս տեսքը։ Այդ հասցուց ցանկապատուած տարածքի ընդարձակման՝ այդ հարթավայրի երկայնքով կ'անցնէր հիմնական պատը, որ կը պահէր հողաթումբը եւ որ լեցուած էր Լեռան մակերեսը ընդարձակելու համար։ Մերօրեայ արեւմտեան պատը կը համարուի այդ նեցուկ պատի մասը։ 2011 թուականինհրեայ հնէաբանները յայտարարեցին հռոմէական դրամներու յայտնաբերման մասին, որոնք հատուած էին Հերովդէսի մահէն շատ աւելի ուշ, պատի հարաւային մասի զանգուածային հիմքի ծիսական աւազանին մէջ, որ յաջորդած է լեռան նորացուած համալիրի կառուցման ժամանակ եւ լրացուած է, որպէսզի ապահովէ նոր պատերու հիմքը[7]: Այդ ցոյց կու տայ, որ Հերովդէսը չէ կառուցած ամբողջ պատը եւ որ անոր մահուան ժամանակ շինարարութիւնը նոյնիսկ աւարտին չէր հասած։ Այդ գտածոները կը հաստատեն պատմաբան Յովսէփոս Փլավիոսի նկարագրութիւնը, որուն համաձայն շինարարական աշխատանքները աւարտած էին միայն Հերովդէսի ծոռան՝ Ագրիպպա 2-րդ թագաւորի կառավարման տարիներուն[8]: Համաձայն համընդանուր կարծիքին, Հերովդէս Մեծի կողմէ կառուցուած է պատի կէսէն աւելին, որ թուագրուած է երկրորդ տաճարի ժամանակաշրջանին, ներառեալ անոր 17 շերտերը, որոնք կը գտնուին ներկայիս մակերեսի ստորին մակարդակին։ Հերովդէսի տաճարը կործանուած է Հռոմէական կայսրութեան կողմէ Երուսաղէմի հետ միասին ք.ա. 70 թուականին՝ առաջին հրեական պատերազմի ժամանակ։

Հռոմէական կայսրութիւն եւ քրիստոնէութեան առաջացում (100-500 թուական)

Խմբագրել

Ք.ե. 1-ին դարերու ընթացքին` հռոմէացիներու կողմէ 135 թուականին Պար-Քոհպայի ապստամբութեան ճնշումէն ետք, կայսերական հրովարտակի համաձայն հրեաներուն արգիլուեցաւ ապրիլ Երուսաղէմի մէջ։ Կան որոշ ապացոյցներ այն մասին, որ 2-րդ եւ 3-րդ դարերուն[9] հռոմէական կայսրերը անոնց կը թոյլատրէին այցելել քաղաքը՝ Ձիթենեաց լեռան վրայ ժամերգութիւն կատարելու համար, իսկ երբեմն նաեւ տաճարի լեռան վրայ։ Երբ Կոստանդիանոս 1-ի ժամանակ կայսրութիւնը դարձաւ քրիստոնէական, անոնք իրաւունք ստացան մտնել քաղաք միայն տարին մէկ անգամ Տիշա Բ. Ավ-ի ժամանակ, որպէսզի պատի մօտ զգան տաճարին կորուստը եւ դառնօրէն ողբան իրենց ազգի ճակատագիրը[10]: 333 թուականի գրութիւնը թոյլ կու տայ ենթադրել, որ հնարաւոր է այդ տեղի ունեցած է Մորիայի լեռան մոտ «որուն մօտ ամէն տարի կու գան հրեաները անուշահոտ իւղերով կ'օծեն զայն, կը զգան, կը պատռտեն իրենց զգեստերը եւ այդպէս կը հեռանան»: Մեզի հասած են նկարագրութիւններ, ներառեալ Հայր Գրիգոր Նազիազանցիի եւ Հիերոնիմոսի մեկնաբանութիւնները Սոֆանիային, գրուած՝ 392 թուականին։ 4-րդ դարու քրիստոնէական աղբիւրները կը նշեն, որ հրեաները կը բախէին մեծ դժուարութիւններու, արեւմտեան պատի մօտ աղօթելու իրաւունքի գնման ժամանակ, թէկուզ եւ Իններորդ Ավի օրը[9]: Ք.ա. 425 թուականին Գալիլիայի հրեաները նամակ գրեցին կայսրուհի Էլիա Եւդոկիային թոյլտուութիւն խնդրելով աղօթելու տաճարին մօտ։ Թոյլտուութիւնը տրուեցաւ եւ անոնց պաշտօնապէս թոյլ տրուեցաւ նորէն բնակիլ Երուսաղէմի մէջ[11]:

Միջին դարեր (500-1500 թուականներ)

Խմբագրել

Պատը վերաշինուած է, քանի որ Հերովդէս Մեծի ժամանակ կառուցուած վարի շարքի շարուածքը ծածկուած են հողակոյտերով[12]: Յաջորդ չորս շերտերը աւելցուցին Ումայատները, 7-րդ դարուն։ Խաչակիրներու արշաւանքներու ժամանակաշրջանէն առաջ այդտեղ սինակոկ կանգնած էր[9]: Հրեայ ուխտագնաց Իսահակ Ճելոն (1334) կը գրէ արաբական թագաւորի մասին, որ Պաղեստինը գրաւեց քրիստոնեաներէն։ Թագաւորը երդում ըրաւ, որ եթէ անոր յաջողուի գրաւել Երուսաղէմը, ան կը վերականգնէ տաճարի փլատակները։ Իր յաղթանակէն ետք ան սկսաւ փնտրել փլատակները, բայց անոնք թաքնուած էին աղբի կոյտի տակ։ Թագաւորին մօտեցաւ ծերունի մը եւ ըսաւ. «Ես կ'ըսեմ քեզի, թէ ուր է տաճարը, բայց ես կ'ուզեմ, որ դուն երդում ընես մեզի տալու արեւմտեան պատը»: Ատկէ ետք, երբ թագաւորը երդում տուաւ, անոր ցոյց տուին, թէ ուր է հողի տակ թաղուած փլատակները։ Թագաւորը հրամայեց մաքրել այդ տեղը եւ «կառուցեց հսկայական մզկիթ եւ տուաւ արեւմտեան պատը հրեաներուն, որոնք խոնարհեցան անոր աղօթելու համար»[9]: Երուսաղէմի պաշարումէն ետք, 1193 թուականին, Սալատին ալ - Աֆտալի որդին եւ յետնորդը պատին հարող տարածքը առանձնացուց բարեգործական ֆոնտի համար։ Ան անուանեց ի պատիւ ականաւոր միսթիք Ապու Մատիան Շուաիպայի եւ նուիրուեցաւ մարոքցի նորաբնակիչներուն, որոնք այնտեղ հաստատուեցան։ Տուները կառուցուած էին պատէն ընդամէնը չորս մեթր հեռաւորութեան վրայ[13]: Ռապպի Օպատիան Պերթինորոյէն, 1488 թուականին կը գրէ եւ կը պնդէ, որ «Արեւմտեան պատը, որուն մէկ մասը դեռեւս կանգուն է, կառուցուած է հսկայական, հաստ քարերէ, անոնք աւելի մեծ են, քան ես տեսած եմ Հռոմի եւ այլ երկիրներու հին շինութիւննրու մէջ»[14]:

Օսմանեան ժամանակաշրջան (1517-1917 թուականներ)

Խմբագրել

1517 թուականին Սէլիմ I-ին ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը գրաւեց Երուսաղէմը Մամլուքներէն, որոնք կը տիրէին հոն1250 թուականէն։ Օսմանեան թուրքերը կը ցուցաբերէին բարեացակամ վերաբերմունք հրեաներու նկատմամբ, սիրալիր ընդունելով հազարաւոր հրեաներ, որոնք արտաքսուած էին Սպանիայէն Ֆերտինանտ 2-րդ Արագոնացիի եւ Իզապելլա 1-ին Քասթիլացիի կողմէ։ Սուլթան Սուլէյման Փառայեղը հրամայեց ամբողջ քաղաքի շուրջ կառուցել հսկայական բերդապատ` այսօրուայ հին քաղաքի պատը։ Գոյութիւն ունին Սուլէյմանի կողմէ ձեռնարկած ջանքերու տարբեր նկարագրութիւններ, որպէսզի որոշեն տաճարի փլատակներու գտնուելու վայրը։ Ռապպի Էլիեզեր Նահման Փուախը (մօտաւորապէս 1540 թուական) կը հաղորդէ.-

  Ինծի ըսած են, որ Սուլթան Սուլէյմանի օրօք տաճարի գտնուելու վայրը յայտնի էր եւ Սուլթանը կը զննէր Երուսաղէմի իւրաքանչիւր անկիւնը, ձգտելով գտնել զայն: Անգամ մը մարդը, որ պատասխանատու էր այդ աշխատանքի համար, յուսահատ՝ երկար, ապարդիւն որոնումներէն եւ հարցուփորձերէն, տեսաւ կին մը, որ իր գլխուն կը տանէր աղբի եւ թափոններու զամբիւղ: Ան հարցուց վերջինիս. «Ի՞նչ կը տանիս գլխուդ վրայ: Կինը պատասխանեց. «աղբ»:

-Եւ ո՞ւր կը տանիս զայն:
-Տեղ մը:
-Ո՞ւր կ'ապրիս:
-Բեթղեհէմի մէջ:
-Իսկ Բեթղեհէմի եւ այդ տեղի միջեւ աղբակոյտ չկա՞յ:
-Մեր աւանդոյթին համաձայն, երբ այստեղ փոքր աղբ մը բերի, բարի գործ ըրի:

Պաշտօնեային հետաքրքրութիւնը գրգռեց եւ ան հրամայեց բազմաթիւ մարդոց, որ հաւաքեն աղբը այդտեղէն...եւ սրբատեղին բացուեցաւ: Երբ Սուլթանը գիտցաւ անոր մասին, ուրախացաւ եւ հրամայեց սրբել Սինանը եւ ցօղել այդ տեղը, իսկ արեւմտեան պատը ցօղել վարդաջուրով...»[15]:

 


16-րդ դարու երկրորդ կիսուն Սուլէյման Փառայեղը հրեաներուն իրաւունք տուաւ արեւմտեան պատին մօտ աղօթել եւ հրամայեց իր պալատական ճարտարապետ Միմար Սինանին կառուցել այդտեղ անոնց համար օրաթորիա[9][15]: 1625 թուականին, գիտնական մը, որուն անունը չէ պահպանուած, առաջին անգամ կը յիշատակէր պատին մօտ կազմակերպուած աղօթքները։ Կետալիան Ռապպին Սեմիտիզին, որ ուղեւորուեցաւ Երուսաղէմ 1699 թուականին, կը գրէ, որ Օրենքի ձեռագիրները կը բերուէին պատի մօտ հասարակական յուզումներու եւ պատուհասներու դէպքին[9]: Հարիւրամեակներու հետ միասին պատին յարող տարածքը կառուցապատուեցաւ։ 1840 թուականի Մայիսին Իպրահիմ Պածայի կողմէ հրատարակուած հրամանով ան արգիլեց հրեաներուն պատին առջեւէն անցում կառուցել։ Ան նաեւ նախազգուշացուց զանոնք «ձայնի բարձրացման եւ իր գիրքերու ցուցադրութեան» համար։ Անոնց սակայն թոյլ տրուեցաւ «այցելութիւններ կատարել այնտեղ, ինչպէս նախկին ժամանակ»:

Ռապպի Յովսէփ Շուարցը, որ կը գրէր 19-րդ դարու կէսերուն, կը նշէ.

  Այդ պատին կ'այցելէին մեր բոլոր եղբայրները բոլոր տօնական օրերուն եւ հանդիսութիւններուն, եւ յաճախ անոր ստորոտին մեծ տարածութիւնը այնպէս կը խճողուէր, որ ոչ բոլորը կը կարողանային միաժամանակ խոնարհիլ այդտեղ: Մահմետականները ոչ մէկուն չեն խանգարէր այդ այցելութիւններուն, քանի որ մենք ունինք Կոստանդնուպոլսոյ Սուլթանի հին հրովարտակը այն մասին, որ մեր այցելութեան հնարաւորութիւնը պետք չէ խանգարուի, թէկուզ Բարձր Դուռը այս առաւելութեան համար կը ստանար յատուկ հարկ, որ սակայն կարեւոր չէ[16]:  
 
Փորագրութիւն, 1850

Օսմանեան ժամանակաշրջանին կը վերաբերին հետեւեալ` պատի տասնչորս շերտերու կառուցուածքը (Ումայատներէն յետոյ) (19-րդ դարի սկիզբները հողի երեսին մնացեր էր միայն հերովդէսեան շերտերիու վերի հինգ շարքերը)։ Անոնց յաւելումը կը վերագրուի (հաւանաբար սխալ է) սըր Մովսէս Մոնթեֆիորիին, որ իբրեւ թէ 1886 թուականին աւելցուցած է յաւելեալ շերտեր «ստուերի ստեղծման եւ անձրեւէն պաշտպանման համար, բոլոր անոնց համար, որ կու գան մեր տաճարին մօտ սուրբ մասունքերուն աղօթելու»[17]: Ժամանակի ընթացքին այդտեղ հաւաքուող մարդոց թուաքանակը լարուածութիւն ստեղծեց հրեայ այցելուներու մօտ, որոնք կը ցանկանային աւելի հեշտ մուտք գործել եւ աւելի լայն տարածութիւն գրաւել տեղաբնիկներուն մէջ, որոնք կը բողոքէին աղմուկի համար։ 1830-ական թուականներու վերջերուն Շեմարիա Լուրիա անունով հարուստ հրեայ մը փորձեց Պատին մօտ տուն ձեռք բերել, սակայն չյաջողեցաւ[18], ինչպէս եւ հրեայ իմաստուն Ապտուլլան Պոմպէէն, որ փորձեց գնել արեւմտեան պատը 1850-ական թուականներուն[19]:

 
Արեւմտեան պատի լուսանկարը, 1870

1869 թուականին Երուսաղէմի մէջ բնակութիւն հաստատեց Կիլել Մոշէ Կելպշտէյն Ռապպինը։ Ան մշակեց ծրագիր, ըստ որու կ'ենթադրուէր Պատին մօտ գտնուող քանի մը բակերու ձեռք բերելը, մտադրութիւն ունենալով հիմնել երեք սինակոկ՝ մէկական Սեֆարտներու, Հասիտներու եւ Փարիսեցիներու համար։ Ինչպէս նաեւ ան կը փորձէր վերականգնել «պատուոյ պահակախումբի» հին փորձը, որ համաձայն միշնայի՝ տեղադրուած էր Լեռան շուրջը։ Ան տուն վարձեց Պատին մօտ տղամարդոց, որ անոնք այնտեղ պահակութիւն ընեն, ինչպէս նաեւ այլ տարբեր դարպասներու մօտ լեռան շուրջ։ Սակայն այդ կարգը գոյատեւած է միայն կարճատեւ շրջան մը, միջոցներու անբաւարարութեան կամ արաբներու դիմադրութեան պատճառով։ 1874 թուականին Մորտեխայ Ռոսանենսը վճարեց Պատին յարող ճանապարհի կրկնակի սալարկման գումարը[20]:

1877 թուականին Երուսաղէմի մուֆթին ընդունեց հրեաներու առաջարկը՝ գնել Մարոքեան թաղամասը, սակայն հրեական համայնքի միջեւ տարաձայնութիւնները թոյլ չեն տար համաձայնութեան գոյացման[21]: 1887 թուականին խոստմնալից փորձ կատարուեցաւ Ռոտշիլտի կողմէ, որ կը ծրագրէր գնել եւ քայքայել Մարոքեան թաղամասը «ի պատիւ հրեական ժողովուրդի եւ ի նշան անոր ձեռքբերումներուն»[22]: Գնման մասին առաջարկը քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած է Երուսաղէմի օսմանեան նահանգապետ Ռաուֆ փաշայի եւ Երուսաղէմի մուֆթի Մուհամմատ Թաղիր Հուսէյնի կողմէ։ Չնայած անոնցմէ ետք, երբ վերի քաղաքական եւ մահմետական իշխանութիւններու կողմէ թոյլտուութիւն տրուեցաւ ծրագիրի իրականացման համար, գործարքը «դրուեցաւ դարակին մէջ», այն բանէն ետք, երբ իշխանութիւնները պնդեցին, որ թաղամասի քանդումէն ետք այնտեղ պետք չէ իրականացուի ոչ մէկ կառոյց, որ կանխամտածուեր էր կառուցել. կարելի է միայն ծառեր տնկել տարածքի գեղեցկացման համար, որուն մէջ հրեաներուն չէր վստահուեր չէին անոր ամբողջական վերահսկողութիւնը։ Այդ կը նշանակէ, որ անոնք լիազորութիւններ չունէին արգիլելու որեւէ մէկուն, որ կ'ուզէր տարածքը օգտագործել, գումարած ջորիներու վրայ անցումը, որ կը խանգարէր աղօթողներու անդորրը։ Այլ հաղորդագրութիւնները ծրագիրի անյաջողութիւնը կը վերագրեն հրեաներու ներքին պառակտումներուն[23]:

 
Լացի պատը, Երուսաղէմի տաճարը փլատակներուն մէջ, E. Berninger, Die Gartenlaube 1879

1895 թուականին հրեայ լեզուաբան եւ խմբագիր Խայիմ Խիրշենզօ Ռապպին ներգրաւուած էր Արեւմտեան պատի գնման անյաջող ծրագրին մէջ եւ կորսնցուցած՝ իր ամբողջ կարողութիւնը[24]: Անգամ Պաղեստինի հողերու զարգացման կազմակերպութեան փորձերը, հրեաներու համար ձեռք բերել արեւմտեան պատի մօտ տարածքներ, Առաջին աշխարհամարտի սկսման ժամանակ այդպէս ալ ապարդիւն մնացին։ Օսմանեան կայսրութեան Առաջին աշխարհամարտին մէջ ընդգրկուելէն ետք, յետագայ երկու ամիսներու ընթացքին Երուսաղէմի թրքական նահանգապետ Զաքէյ պէյը առաջարկեց հրեաներուն ծախել Մարոքեան թաղամասը, որ բաղկացած էր համարեայ 25 տուներէ, որպէսզի մեծցնեն իրենց աղօթավայրի տարածքը։ Ան պահանջեց 20.000 ֆոնտ, որ պէտք է ծախսուէր ինչպէս մահամետական ընտանիքներու վերաբնակեցման, այնպէս ալ պատին դիմաց հասարակական պարտէզի ստեղծման համար։ Սակայն քաղաքին մէջ ապրող հրեաները չկրցան հաւաքել պահանջուող գումարը։ Յարաբերութիւններու մէջ այդ տհաճ շրջադարձին դէմ դուրս եկաւ Խախամ պաշին, որ յաջողեցաւ հասնիլ արգելքի վերացման[25]: 1915 թուականին հաղորդագրութիւն եկաւ այն մասին, որ թրքական բանակի հրամանատար Ճեմալ փաշան փակեց պատի մօտ այցելութիւնները, սանիտարական նկատառումներէ ելլելով[26]:

Պատի մասին հրովարտակներ

Խմբագրել
Տարեթիւ Ո՞ր կողմէն հրապարակուած է Բովանդակութիւն
Մոտ 1560 Սուլէյման Փառայեղ Հրեաներու պատին մօտ աղօթելու իրաւունքի պաշտօնապէս ճանաչում[27][28]
1840 Իպրահիմ Փաշա Հրեաներուն արգիլեցին անցք կառուցել դէպի պատը:[29]:
1841* Իպրահիմ փաշա Միեւնոյն բովանդակութեամբ 1893 եւ 1909 թուականներու նման հրովարտակ[29]
1889* Ապտուլ Համիտ 2-րդ Հրեաներու խոնարհման եւ ուխտագնացութեան վայրերու անվտանգութեան ապահովում, որոնք կը գտնուին գլխաւոր ռապպունութեան տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց ծիսակատարութիւններուն ժամանակ[29]:
1893* Կը հաստատէ 1889 թուականի հրովարտակը[29]:
1909* Կը հաստատէ 1889 թուականի հրովարտակը[29]:
1911 Լիուայի վարչական խորհուրդ Հրեաներուն կ'արգիլուի պատի մօտ որոշ գործողութիւններ իրականացնել[29]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. http://freecontent.abc-clio.com/ContentPages/ContentPage.aspx
  2. Becher Mordechai. The Land of Israel // Gateway to Judaism
  3. http://toldot.ru/urava/ask/urava_6168.html
  4. «Լացի Պատ» անուանումը կը յայտնուի J.J. Reynolds մօտ, Jewish Advocate for the Young (1859) աշխատութեան մէջ: H. Bonar, Days and Nights in the East (1866) և J.R. Macduff, Memories of Olivet (1868) և շատ այլ ուշ աշխատություններու մէջ:
  5. Barclay James Turner. Modern Jerusalem // City of the Great King. — Challen, 1858 թուական — էջ 493:
  6. Warner Charles Dudley. Jerusalem // In the Levant. — Houghton, 1878 — էջ 45:
  7. http://www.msnbc.msn.com/id/45419597/ns/technology_and_science-science/t/coin-discovery-sheds-new-light-sacred-jerusalem-site/
  8. http://www.antiquities.org.il/about_eng.aspx?Modul_id=14
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 Neusner Jacob (2001)։ «Judaism and the Land of Israel»։ Understanding Jewish Theology։ Global Academic Publishing։ էջեր g. 79։ ISBN 1-58684-090-8 
  10. Harman Graham. The Holiness of the “Holy Land” // A History of Palestine.
  11. Gold Dore. The Fight for Jerusalem. — Regnery, 2007 — էջ 56:
  12. Horovitz Ahron. Jerusalem: Footsteps Through Time.
  13. Harman Graham. The Mufti and the Wailing Wall // A History of Palestine
  14. Yaakov Dovid Shulman. A Letter to My Father // Pathway to Jerusalem.
  15. 15,0 15,1 Gonen Rivka. Contested Holiness
  16. Schwarz Joseph. Moriah, The Temple Mount // Descriptive Geography and Brief Historical Sketch of Palestine. — Ֆիլատելֆիա. A. Hart, 1850:
  17. Benjamin Buchholz, «A Wall Atop the Wailing Wall»
  18. Rossoff Dovid. The Era of Suffering: 1800–1840 // Where Heaven Touches Earth. — Երուսաղէմ. Guardian Press, 1998: — էջ 186:
  19. http://www.antiquities.org.il/article_eng.aspx?sec_id=17&sub_subj_id=468
  20. Encyclopaedia Judaica: Ra-Sam. — Macmillan Reference USA Կէտեր հրատարակչութեան հետ համագործակցութեամբ, 2007: — Էջ 422:
  21. Gilbert Martin. The 'Wailing Wall' Under Ottoman rule 1517–1917 // Jerusalem Illustrated History Atlas. — Լոնտոն. Անգլիացի հրեաներու ներկայացուցիչներուն պալատը, 1977: — Էջ 31
  22. Rossoff Dovid. Beyond the Walls: 1870–1900 // Where Heaven Touches Earth
  23. Stockman-Shomron Israel. Jerusalem in Islam: Faith and Politics // Israel, the Middle East and the Great Powers. — Transaction Publishers, 1984: — Էջ 43:
  24. Lang, Yossef The Hirschensohn Family of Publishers in Jerusalem, 1882–1908
  25. Gilbert Martin. War, 1914–1917 // Jerusalem in the Twentieth Century. — Լոնտոն: Chatto & Windus, 1996
  26. https://books.google.am/books?id=s1ccAQAAMAAJ&redir_esc=y&hl=hy - 1915 - Էջ 638:
  27. Armstrong Karen (2001 թուական ապրիլի 16)։ «Islam's Stake»։ TIME։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-05-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-08-23։ «В 16 веке оттоманский султан Сулейман Великолепный разрешил евреям сделать Западную Стену своим официальным святым местом и приказал своему придворному архитектору Синану построить для них там ораторий.» 
  28. Gonen Rivka (2003)։ Contested Holiness։ KTAV հրատարակչություն։ էջեր 135–137։ ISBN 0-88125-799-0։ «Возможно, что официальное признание права евреев молиться у Стены было оформлено уже во второй половине шестнадцатого века "фирманом" (официальным декретом), изданным Сулейманом Великолепным. Этот фирман мог быть связан с усилиями, прилагавшимися оттоманским правителем, чтобы приманить в Палестину евреев в качестве противовеса арабскому населению, бунтовавшему против новых правителей, бывших не арабами, а турками» 
  29. 29,0 29,1 29,2 29,3 29,4 29,5 Löfgren, Eliel; Barde, Charles; Van Kempen, J. (1930 թուականի Դեկտեմբեր). Report of the Commission appointed by His Majesty’s Government in the United Kingdom of Great Britain and Northern Ireland, with the approval of the Council of the League of Nations, to determine the rights and claims of Moslems and Jews in connection with the Western or Wailing Wall at Jerusalem (UNISPAL doc A/7057-S/8427, 23 Փետրուար 1968)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել