Խաժակ Այնթապեան

Խաժակ Այնթապեան, ատամնաբոյժ, բնագիտութեան եւ քիմիաբանուեան ուսուցիչ, գրող, մտաւորական, Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային երեսփոխան: Ծառայած է իբրեւ բժիշկ սպայ՝ Լիբանանեան բանակին մէջ: Անդամ է Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին:

Խաժակ Այնթապեան
Ծննդավայր Մուսալեռ Այնճար, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Ուսուցիչ, գրող, երեսփոխան
Մասնագիտութիւն Բժիշկ Ատամնաբոյժ,
Գործունէութիւն բժիշկ Սպայ, Անդամ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի, Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային երեսփոխան
Ամուսին Մարօ Շէրպէչեան Այնթապեան
Երեխաներ Արենի եւ Նազէ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան ծնած է 1 Յուլիս 1974ին, Մուսալեռ Այնճար, Լիբանան: Արմատներով մուսալեռցի: Պարտադիր ծառայութիւն կատարած է լիբանանեան բանակին մէջ, ծառայելով որպէս բժիշկ Սպայ Մայիս 2002 թ. մինչեւ Մայիս 2003:

Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Այնճարի «Կոմիտաս» երգչախումբին մէջ ծանօթացած է իր տիկնոջ ՝ Մարոյին: Ունին երկու աղջիկ՝ Արենի եւ Նազէ:

Կրթութիւն

Խմբագրել

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան յաճախած է Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանը (Այնճար), որմէ շրջանաւարտ եղած է 1991 թուականին:

  • 1992 թուականին, ընդունուած է լիբանանի Հայկազեան համալսարանի համակարգչային գիտութիւններու բաժին, սակայն մէկ տարի ետք,
  • 1993 թուականի սեպտեմբերին մեկնած է Հայաստան եւ ուսումը շարունակած է Երեւանի բժշկական համալսարանի ատամնաբուժական բաժնէն ներս ու աւարտած 1999 թուականին:

Ուսուցչական ասպարէզ

Խմբագրել

2001-2002 տարեշրջանին Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեան դասաւանդած է բնագիտութիւն եւ քիմիաբանութիւն Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանի 7,8 եւ 9րդ դասարաններուն։[1]

Մասնագիտական ասպարէզ

Խմբագրել
  • 2002-2003 լիբանանեան բանակի դարմանատուներէն մէկուն մէջ աշխատած է որպէս ատամնաբուժ սպայ:
  • 2003 թուականէն սկսեալ կ'աշխատի իր անձնական դարմանատան մէջ:
  • 2003 թուականէն մինչեւ այսօր, ան կ՛աշխատի նաեւ Գարակէօզեան հաստատութեան Այնճարի ատամնաբուժարանին մէջ:

Անդամակցութիւն

Խմբագրել
  • 2006-2014 տարիներուն վարած է ատենապետի պաշտօնը Ազգային «Յառաջ- Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանի խնամակալութեան: Ան ներկայիս կը շարունակէ որպէս խնամակալ անդամ:
  • 2014-2018 տարիներուն՝ մէկ շրջան եղած է Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային երեսփոխան:
  • 2004-2010 տարիներուն՝ երկու շրջան եղած է անդամ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին:
  • 2016 թուականէն մինչեւ այսօր, ան կը շարունակէ որպէս անդամ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին:
  • Անդամ է Լիբանանի ատամնաբուժներու սենտիքային Lebanese dental association Լիբանանահայ Ատամնաբուժմերու միութեան:
  • Անդամ է ՀՅԴ շարքերուն: Փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ Յառաջ պատանեկան միութեան շարքերուն, ուր ստացած է ազգային մեծ դաստիարակութիւն, ապա Լիբանանահայ երիտասարդական միութեան Այնճարի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, ապա անդամակցած է Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան, մինչեւ ուսման աւարտը։
  • Այնճարի ՀՄԸՄի մասնաճիւղէն ներս եղած է գայլիկ ապա սկաուտ ու երեց սկաուտ։
  • Անդամ է Համազգային հայ կրթական ու մշակութային միութեան Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին։ Եղած է անդամ նոյն միութեան «Կոմիտաս» պարախումբին ապա նաեւ «Կոմիտաս» երգչախումբին, խմբավար՝ Պարգեւ Թասլաքեանի ղեկավարութեամբ:

Գրական ստեղծագործութիւններ

Խմբագրել

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեանի գրութիւններուն մեծ մասը երգիծական են, ընդհանրապէս մեր ազգային կեանքին հետ կապուած են: Ան Հայաստանի Մութ ու Ցուրտ տարիներու ապրած դժուարութիւնները եւ ուսանողական կեանքէն դրուագներ ներկայացուցած է հետեւեալ փոքր պատմուածքներով՝

  • «Գիրք Ու Բրինձ»,[2]
  • «Կը Յիշես Մասիս»,[3]
  • «Գիժ եմ Բայց Հայ Եմ»,[4]
  • «Բարի Լոյս Երեւան» եւ ուրիշներ:

Ունի գրութիւններ նաեւ ծննդավայր ՝ Այնճարին նուիրուած ինչպէս՝

  • «Վիրաւոր Արագիլներու Կայարանը»,[5]
  • «Երազ Ծովափին» [6]

Որպէս ազգային բժիշկ, 2017 թուականէն սկսեալ ամէն կիրակի իր դիմատետրի էջին վրայ կը ներկայացնեմ երգիծական գրութիւն մը կապուած օրուայ հայ կամ լիբանանեան ազգային ու քաղաքական անցուդարձերուն հետ: Այդ գրութիւններէն են օրինակ «Մկնորսութիւն»ը , «Աթոռահարութիւն»ը , որոնց միջոցով ծաղրանքի ենթարկած է աթոռամոլութիւնը:

Իր գրութիւններէն ոմանք հրատարակուած են տարբեր թերթերու մէջ, ինչպէս՝ «Ազդակ», «Հորիզոն Գրական», «Զարթօնք», «Արարատ» եւ այլն... նաեւ տարբեր կայքէջերու մէջ ինչպէս՝ «Արեւելք», «Hayem news», «panorama.am» եւ այլն:

«AFHIL»ի Բժիշկ ամսագիր «ԶԳՈՅՇ »Առողջապահական Պլոկ

Խմբագրել

Բժիշկ Ատամնաբոյժ Խաժակ Այնթապեանի ատամնաբուժական մասնագիտական յօդուածները կը հրատարակուին AFHILի Բժիշկ ամսագրին մէջ[7]։

  • ՇԱՔԱՐԻ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՏՈՔԹ. ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ[8]
  • ՎԱՏ ՇՆՉԱՀՈՏԻ (Halitosis) ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐԸ[9]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել