Խաժակ Տէր Գրիգորեան

Հայ խմբագիր, հայագէտ, պատմաբան։

Խաժակ Տէր Գրիգորեան (21 Մարտ 1941(1941-03-21), Ռաշթ, Իրան - 2001), հայ խմբագիր, հայագէտ, պատմաբան։ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու (1971)։

Խաժակ Տէր Գրիգորեան
Ծնած է 21 Մարտ 1941(1941-03-21)
Ծննդավայր Ռաշթ, Իրան
Մահացած է 2001
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ուսումնավայր Սպահանի Համալսարան
Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն Խմբագիր, հայագէտ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած է Ռաշտ, Իրան: 1948-ին, ընտանեօք տեղափոխուած է Թեհրան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի Ազգային «Քուշեշ Դաւթեան» դպրոցին մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Սպահանի համալսարանի հայագիտական բաժնին մէջ, ապա՝ Գերմանիոյ եւ Սորպոնի համալսարաններուն մէջ:

Գործունէութիւն Խմբագրել

1959-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամագրուած Տէր Գրիգորեան, երիտասարդ տարիքէն աշխոյժ եւ ներգործուն մասնակցութիւն ունեցած է ազգային-կուսակցական կեանքին:

Ուսանողական տարիներուն՝ Եւրոպա գտնուած շրջանին, կարեւոր ներդրում ունեցած է Եւրոպայի հայ ուսանողական միութեան հիմնադրման, եւ յատկապէս դաշնակցական ուսանողական միաւորներու կայացման գործին մէջ: Այդ ժամանակ, ան անդամ էր Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին:

1971-ին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը, իբրեւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու: Նոյն թուականին հրաւիրուած է Սպահանի պետական համալսարան, իբրեւ հայագիտական ամպիոնի դասախօս, ապա այդ նոյն ամպիոնին վարիչի պաշտօնը վարած է 1972-էն 1986:

Ուսանողական տարիներէն ան մաս կազմած է Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի խմբագրական կազմին: Իրան վերադառնալէն ետք, ան երկար տարիներ եղած է հարաւային Իրանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, միաժամանակ իբրեւ վարիչ, մասնակցած պատանեկան եւ երիտասարդական միութեանց աշխատանքներուն:

Դեկտեմբեր 1981-ին, Հ.Յ.Դ. 22-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ կայացած է Ֆրանսայի մէջ, ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ:

1984-1985, ան գործուղուած է Ֆրանսա, Դաշնակցութեան նոր պաշտօնաթեթ՝ «Կամք»ի հիմնադրումը կազմակերպելու եւ վերահսկելու առաքելութեամբ:

1985-ին, Աթէնքի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 23-րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ վերընտրուած է Բիւրոյի անդամ: Այս՝ երկրորդ շրջանը (1985-1988), չկարողանար ամբողջացնել՝ 1986-ին Նոր Ջուղայի մէջ քաղաքական պատճառներով ձերբակալուելուն, եւ մինչեւ 1989 բանտարկուած մնալուն պատճառով:

1989-ի Սեպտեմբերին, ազատ արձակուելէն ետք, իբրեւ կուսակցական գործիչ, կը հրաւիրուի Յունաստան, Աթէնքի մէջ գործող Հ.Յ.Դ. կեդրոնական գրասենեակ, աջակցելու Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին[1], Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանին, եւ «Յեղափոխական Մատենաշար»ի աշխատանքներուն:

1990-ի աշնան, իբր Բիւրոյի լիազօր ներկայացուցիչ, գործուղուած է Հայաստան, ստանձնելու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայաստանի գրասենեակի վարիչի պաշտօնը:

Մինչեւ 1992-ի աւարտը, ան գործած է այդ պաշտօնով, կարեւոր ներդրում ունենալով Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան առաջին քայլերու գաղափարական եւ կազմակերպական հունաւորման մէջ:

Ան մօտէն աջակցած է Հ.Յ.Դ. հայասանեան պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի հիմնադրութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական դեր ունեցած է «Մ. Վարանդեան» տպարանի հրատարակչական գործունէութիւնը ծաւալելու մէջ:

1993-ին, համալրման կարգով, ան նշանակուած է Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, ստանձնելով Մարմնի նախագահի պաշտօնը: Նոյն պաշտօնին ան վերընտրուած է 1994-ի գարնան գումարուած Հ.Յ.Դ. Հայաստանի 4-րդ Շրջանային Ժողովին կողմէ, մինչեւ 1994-ի Դեկտեմբեր՝ Դաշնակցութեան գործունէութեան կասեցում՝ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան առաջին նախագահին կողմէ:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութիւնը ապօրինի հռչակելու եւ հալածանքի ենթարկելու այդ օրերու կամայական քայլերէն մէկը եղած է զինք ալ վտարել Հայաստանէն:

Յունուար 1995-էն մինչեւ 1998-ի Հայաստանի իշխանափոխութիւնն ու Հայաստան վերադառնալը, Տէր Գրիգորեան իր գործունէութիւնը շարունակած է Թեհրանի մէջ՝ աշխատակցելով «Ալիք» օրաթերթին:

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Ան իր կեանքի վերջին տարիներուն, ուժերը լարած է ամբողջացնելու համար հրատարակչական անաւարտ մնացած գործերը:

Նոյնիսկ անկողնին գամուած վիճակով ան իր կեանքի ընկերոջ հետ կարողացած է աւարտել եւ մամուլին յանձնել դաշնակցական մեծ գործիչ, հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչ՝ Յոնան Դաւթեանի նուիրուած երկրորդ հատորը:

Խաժակ Տէր Գրիգորեան կը մահանայ 60 տարեկան հասակին: Ամուսնացած էր, հայր՝ երկու զաւակներու[2]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «“ԴՐՕՇԱԿ“Ը Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԳԻԾՆ ՈՒ ՎԿԱՅԱՐԱՆԸ (Հ.Յ.Դ. ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2011-08-04։ արտագրուած է՝ 2022-11-21 
  2. «Այսօր Խաժակ Տէր Գրիգորեանի ծննդեան օրն է»։ Նորութիւններ Արցախից aparaj.am (hy-AM)։ 2018-03-21։ արտագրուած է՝ 2022-11-21