Խաչակիրներու Ե․ Արշաւանք

Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանք, ռազմական հակամարտութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաչակրաց պետութիւններու եւ Այյուպեան սուլթանութեան միջեւ՝ 1217-1221 թուականներուն։ Պատերազմի կոչով հանդէս եկած էին Հռոմի Ինոկենտիոս III (1198-1216) եւ Հոնորիոս III (1216-1227) պապերը։ Արշաւանքի նպատակն էր իսլամներէն գրաւել Երուսաղէմն ու Սուրբ Երկիրը եւ այնտեղ վերահաստատել խաչակիրներու գերիշխանութիւնը։

Խաչակիրներու Ե․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
Ֆրիզի խաչակիրները Դամիետայի աշտարակի վրայ կը յարձակին, Եգիպտոս:
Թուական 1217-1221
Վայր Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք այյուպեաններու յաղթանակ, ութամեայ հաշտութիւն
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ. Մուսուլմաններ
Հրամանատարներ
Ժան I
Բոեմունդ IV
Հուգո I
Քեյքավուս I
Ֆրիդրիխ II
Լեոպոլդ VI
Պիեր տէ Մոնտեգյու
Հերման ֆոն Զալցա
Գերին տէ Մոնտեգյու
Անդրաշ II
Վիլեամ I
Ֆիլիփ II Օգոստոս
Հենրիխ I տէ Ռոդեզ
Պայո Գալվաու
32 000 խաչակիրներ
Կողմերու ուժեր
անյայտ է անյայտ է
Կորուստներ
անյայտ է

Խաչակիրներու զօրքերը ղեկավարուած էին Լատինական կայսրի եւ Երուսաղէմի արքայ Ժան I-ի կողմէ, Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II Հոհենշտաուֆէնը, Ֆրանսայի արքայ Ֆիլիփ II Օգոստոսը, Կիպրոսի արքայ Հուգօ I-ը, Հունգարիայի արքայ Անդրաշ II-ը եւ իրենց հպատակ ազնուականները։ 1218–ին, արշաւանքին միացան գերմանական զօրքերը եւ հոլանտական, ֆլանդրիական ու ֆրիզական ջոկատները։

Ծրագրելով գրաւել Եգիպտոսը՝ խաչակիրները Փոքր Ասիոյ մէջ դաշինք կնքեցին Իկոնիոյ սուլթան Քեյքավուս I-ի հետ։ Դամիետայի գրաւումէն ետք խաչակիրները Յուլիս 1221–ին դէպի հարաւ շարժեցան՝ Գահիրէ, բայց պաշարներու կրճատման եւ ջուրի պակասի պատճառով, ստիպուած էին վերադառնալ։

Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքը չկրցաւ իրականացնել եւրոպացի միապետներու նպատակը՝ ազատագրել Երուսաղէմը անհաւատներէն։ Խաչակրաց պետութիւնները կը շարունակէին նեղ շերտով ձգուած մնալ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափով։ Արշաւանքի աւարտին Այյուպեան սուլթան ալ-Քամիլը եւրոպացիներու հետ 8 տարուայ խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքէ։

Նախապատրաստութիւն

Խմբագրել

Ինոկենտիոս III պապը տակաւին 1208–էն ծրագրած էր նոր խաչակրաց արշաւանք կազմակերպել՝ Այյուպեան սուլթանութիւնը կործանելու եւ Երուսաղէմը գրաւելու նպատակով։ Ապրիլ 1213–ին ան շրջաբերական մը հրապարակեց «Quia maior»՝ կոչ ընելով բոլոր քրիստոնեաներուն միանալ նոր խաչակրաց արշաւանքին։ 1215–ին կոչը կրկնուեցաւ «Ad Liberandam» շրջաբերականին մէջ[1]:

Ֆրանսա

Խմբագրել

Ֆրանսայի մէջ խաչակրաց արշաւանքի գաղափարը կը քարոզէր կրօնաւոր Ռոբերթ Կերզոնը: Անոր կոչին արձագանգեցին քիչերը, ինչ որ միւս արշաւանքներուն տեղի չէր ունեցած․ ֆրանսական ասպետները արդէն ներգրաւուած էին թաթարներու դէմ Ալբիգոեան խաչակրաց արշաւանքին:

1215–ին, Ինոկենտիոս III պապը Լաթերանի չորրորդ ժողովը գումարեց, որուն ընթացքին Երուսաղէմի պատրիարք Ռաուլ տէ Մերենկուրի հետ միասին քննարկեց Սուրբ Երկրի խաչակիրներու դիրքերու վերականգնումի հարցը[2]: Ինոկենտիոս III Պապը կը ցանկար, որ արշաւանքը ղեկավարուի պապականութեան կողմէ, ինչպէս որ տեղի ունեցաւ Խաչակրաց առաջին արշաւանքի ժամանակ, խաչակիրներու չորրորդ արշաւանքին ընթացքին կատարուած սխալներէն խուսափելու համար, որոնց հսկողութիւնը կատարեցին վենետիկցիները: Պապը ծրագրած էր, որ խաչակիրներու ուժերը Բրինդիզիի մէջ պիտի հանդիպէին 1216–ին, եւ արգիլած էր մահմետականներուն հետ առեւտուրը, որպէզի երաշխաւորէ, որ խաչակիրները նաւեր եւ զէնքեր ունենան։ Իւրաքանչիւր խաչակիր մեղքերու թողութիւն կը ստանար, անմիջապէս վճառելով արշաւանքի մասնակիցներու ծախսերը, բայց չէր մասնակցեր։

Գերմանիա եւ Հունգարիա

Խմբագրել

Խաչակիրներու արշաւանքը Գերմանիոյ մէջ կը քարոզէր Օլիվէր Քյոլնեցին։ Կայսր Ֆրիդրիխ II1215–ին կը փորձէր արշաւանքին միանալ։ 1216–ին պապը մահացաւ եւ անոր յաջորդեց Հոնորիոս III-ը, որ արգիլեց կայսեր մասնակցիլ արշաւանքին եւ խաչակրաց արշաւանքի առաջնորդներ հռչակեց Հունգարիոյ արքայ Անդրաշ IIին եւ Աւստրիոյ դուքս Լեոպոլդ VI-ին[2]: Անդրաշ II-ը խաչակրաց արշաւանքներու պատմութեան մէջ ամէնամեծ բանակը հաւաքեց՝ 20 000 ասպետներ եւ 12 000 աշխարահազօրայիններ։

Պատերազմ

Խմբագրել

Երուսաղէմ

Խմբագրել

Առաջինը խաչը ընդունեց Անդրաշ II-ը[3]: Նախքան Հունգարիա վերադարձը, ան կը շարունակէր հինգերորդ արշաւանքի առաջնորդը մնալ[4]: Անդրաշ II եւ իր բանակը հաւաքուեցան 23 օգոստոս 1217-ին Սպլիթի մէջ։ 9 Հոկտեմբեր-ին վենետիկեան նաւատորմը՝ այդ ժամանակաշրջանին Եւրոպայի մէջ ամէնամեծ նաւատորմը, խաչակիրներուն Կիպրոս տարաւ, ուր անոնք նաւարկեցին Աքքա: Հոն անոնք միացան Երուսաղէմի թագաւոր Ժան տը Բրիենի, Հուգո Կիպրացի եւ դուքս Բոեմունդ IV Անտիոքցի բանակին, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կռուին Այյուպեաններու դէմ։ Հոկտեմբերին խաչակիրներու առաջնորդները Աքքայի մէջ Անդրաշ II-ի ղեկավարութեամբ ռազմական խորհուրդ մը կազմեցին[5]:

 
Անդրաշ II

Խաչակիրներուն Երուսաղէմ երթալէ ետք, իսլամական իշխանութիւնները պատերը եւ ամրոցները աւերեցին, որպէսզի քաղաքը գրաւելու ժամանակ, չձգեն խաչակիրներուն պաշտպանել զայն։ Շատ բնակիչներ փախան քաղաքէն, վախնալով 1099–ի խաչակրաց առաջին արշաւանքի արիւնահեղութեան կրկնութենէն։

Անդրաշ II-ի լաւ պատրաստուած բանակը 10 Նոյեմբեր-ին Բեթսայիդայի մօտ, Յորդանան գետին վրայ ջարդեց սուլթան ալ-Ատիլի զօրքերը։ Իսլամները նահանջեցին իրենց ամրոցները եւ քաղաքները։ Բաբանները եւ տրեբուշները չժամանեցին ժամանակին, այնպէս որ, անոնք ստիպուած էին Լիբանանի եւ Թաբոր լերան ամրոցները ի զուր պաշտպանել։ Ինքը Անդրաշ II-ը, իր ժամանակը կ'անցընէր տարբեր տոհմերու մասունքներ հաւաքելով։ Ռազմական գործողութիւնները դանդաղ կ'ընթանային եւ 1218–ի սկիզբը Անդրաշ II-ը հիւանդացաւ եւ որոշեց Հունգարիա վերադառնալ[6]: Փետրուար 1218–ին Հուգո I-ն եւ Բոեմունդ IV-ը նոյնպէս տուն վերադարձան[7]:

Դաշնութիւն սելճուքներու հետ

Խմբագրել

Շուտով Սուրբ Երկիր ժամանեցին Օլիվէր Քյոլնեցի, Գէորգ Վիդսկիի եւ Հոլանտայի դուքս Վիլեամ I-ի ղեկավարութեամբ՝ հոլանտացիներէն, ֆլամանտացիներէն եւ ֆրիզներէն կազմուած խաչակիրներու նոր խումբեր։ Խաչակիրները որոշած էին Եգիպտոսի վրայ յարձակիլ, որ այդ ժամանակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իսլամական իշխանութեան կեդրոնն էր։ Այյուպեաններուն «երկրորդ ճակատ» դարձնելու համար, անոնք Իկոնիոյ սուլթան Քեյքավուս I-ի հետ պայմանագիր կնքեցին, որուն համաձայն սելճուքները կը պարտաւորուէին Սուրիոյ մէջ եգիպտական զօրքերու վրայ յարձակիլ։

Եգիպտոս

Խմբագրել

Յունիս 1218–ին խաչակիրները Դամիետայի պաշարումը սկսան, եւ հակառակ կայազօրի դիմադրութեան, 25 Օգոստոսին կրցան քաղաքի գլխաւոր ամրոցը գրաւել։ Անոնք չկրցան ամբողջ քաղաքը գրաւել, զօրքին մէջ համաճարակը տարածուեցաւ, մահացածներէն մէկը դարձաւ Ռոբերթ Կերզոնը։ Սուլթան ալ-Ատիլը մահացաւ եւ անոր յաջորդեց որդին՝ ալ-Քամիլը:

 
Ժան տը Բրիէն

Հոնորիոս III-ը 1219–ին Պայո Գալվաուին ուղարկեց գլխաւորելու խաչակրաց արշաւանքը։ Ալ-Քամիլը կը փորձէր խաչակիրներու հետ հաշտութեան մասին բանակցութիւններ տանիլ։ Ան առաջարկեց Երուսաղէմը փոխարինել Դամիետայի հետ, բայց Պայո Գալվաուն այս առաջարկները չընդունեց։ Իմանալով անոր մասին, Վիլեամ I-ը Հոլանտա ուղեւորեց։ Օգոստոսին կամ Սեպտեմբերին Ֆրանցիսկ Ասսիզեցին խաչակիրներու ճամբար ժամանեց եւ հանդիպեցաւ սուլթանի հետ[8]: Նոյեմբերին խաչակիրները ուժասպառ ըրին սուլթանի ուժերը, եւ վերջապէս կրցան Դամիետան գրաւել։

Քաղաքի գրաւումէն անմիջապէս ետք, խաչակիրներու առաջնորդներու մէջ վէճերը բորբոքուեցան այն մասին, թէ ով որ պէտք գլխաւորէ իրենց՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր դէմքերը։ Ժան տէ Բրիէնը 1220–ին զայն քաղաքի առաջնորդ հռչակեց։ Բայց Պայո Գալվաուն չհամաձայնեցաւ եւ Ժանին ստիպեց Աքքա վերադառնալ: Ժանի ճամբարէն հեռացումը ձեւով մը պայմանաւորուած էր Լյուդվիգ I Բաւարացիի եւ գերմանացիներու ժամանման հետ։ Հռոմէացի դեսպանը յոյս ունէր, որ բանակին հետ Ֆրրիդրիխ II-ը Եգիպտոս կու գայ, բայց ան ներքին խնդիրներով զբաղած ըլլալով, այդպէս ալ չյայտնուեցաւ։ Անոր փոխարէն, միամեայ անգործութենէն ետք, Դամիետա վերադարձաւ Ժան տէ Բրիէնը եւ Յուլիս 1221–ին խաչակիրները դէպի հարաւ շարժեցան՝ Գահիրէի կողմը։ Այս երթը Ալ-Քամիլի զօրքերու աչքէն պարզութեամբ չանցաւ, եւ իսլամներուն յարձակումները խաչակիրներուն վրայ, քայքայեցին 2000 գերմանական զինուորներու խումբը, որոնք հրաժարեցան յարձակումը շարունակելէ ու Դամիետա վերադարձան։

Ալ-Քամիլը Սուրիոյ մէջ կրցաւ դաշնակցիլ այլ Այյուպեաններու հետ, որոնք ջախջախած էին սելճուքները։ Այնուամենայնիւ, խաչակիրներու շարժումը դէպի Գահիրէ աղէտով աւարտեցաւ։ Անոնց կանգնեցուց Նեղոսի ափերէն դուրս գալը: Չոր ջրանցքը, որով անցեր էին խաչակիրները մինչ այդ, ջուրով լեցուած էր եւ փակած էր նահանջի ճանապարհը: Արդիւնքը այն էր, որ եգիպտացիները նախատեսեցին գիշերային յարձակում, որ քրիստոնեաներու զօրքերուն մէջ յանգեցուց բազմաթիւ կորուստներու եւ անոնց բանակի անձնատուր ըլլալուն պատճառ դարձաւ[9]: Վերադարձի պայմանով, անոնք նահանջի ազատութիւն ստացան, բայց պարտաւորուեցան ազատագրել Դամիետան եւ Եգիպտոսը՝ ընդհանրապէս[10]:

Հետեւանքներ

Խմբագրել

Ալ-Քամիլը համաձայնեցաւ եւրոպացիներուն հետ ստորագրել ութամեայ պայմանագիր եւ խոստացաւ սուրբ Խաչէն մէկ կտոր վերադարձնել, սակայն խոստումը չկատարեց:

Խաչակրաց արշաւանքի ձախողումը իր հակապապական արտայայտումը ստացաւ օքսիտանցի բանաստեղծ Գիլէմ Ֆիգեյրի պարսաւագրին մէջ։ Անոնց պատասխանը դարձաւ Հորմոնդա տէ Մոնպեսեի «Greu m’es a durar» բանաստեղծութիւնը, ուր արշաւանքի ձախողման մեղքը դրուեցաւ ո՛չ թէ Պայո Գալվաուի կամ Պապի, այլ «անօրէններու» յիմարութիւններուն վրայ։

Մինչդեռ Ֆրիդրիխ II-ը Մարիա Մոնֆերացիի եւ Ժան I (Երուսաղէմի արքայ) Ժան տէ Բրիէնի դուստր՝ Եոլանտայի հետ ամուսնացաւ եւ պապին պարտաւորեցուց նոր խաչակրաց արշաւանք սկսիլ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Christopher Tyerman (2006), God's war: a new history of the Crusades, Harvard University Press, ISBN 0-674-02387-0 
  2. 2,0 2,1 Ovide Chrysanthe Des-Michels, Compendio della storia e della geografia del medio evo, traduz. di Antonio Nava, vol. 31, 3ª, 1857, pp. 337-338.
  3. Alexander Mikaberidze: Conflict and Conquest in the Islamic World: A Historical Encyclopedia, Volume 1 (page: 311)
  4. Thomas Keightley, Dionysius Lardner. Outlines of history: from the earliest period to the present time (page: 210)
  5. Kenneth M. Setton, Norman P. Zacour, Harry W. Hazard. A History of the Crusades: The Impact of the Crusades on the Near East (Page: 358)
  6. Jean Richard: The crusades, c 1071-c. 1291, page: 298.
  7. Grousset 1936, pp.230-231.
  8. A. Cacciotti and M. Melli (eds), The Franciscans and the crusade, Milan, Franciscan Library Editions, 2014, ISBN 978-88-7962-219-6 .
  9. https://histoireislamique.wordpress.com/2014/09/13/chronologie-des-croisades-par-le-chevalier-et-historien-kurde-abul-fida-1206-1227/ Archived 2016-09-27 at the Wayback Machine. Cronologia delle crociate del cavaliere e storico curdo Abul-Fida (1206-1227)
  10. Grousset 1936, pp. 261-267.

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • R. L. Wolff/H. W. Hazard (Hrsg.)։ The later Crusades, 1189—1311 (A History of the Crusades, volume II). University of Wisconsin Press, Madison/Wisconsin 1969, S. 377ff., Here online.
  • Jonathan Riley-Smith (Hrsg.)։ Illustrierte Geschichte der Kreuzzüge. Frankfurt/New York 1999, S. 478 (Index, s.v. Damiette).
  • Barbara Watterson. The Egyptians. Blackwell Publishing, 1998, S. 260.
  • Heinrich von Zeißberg. Allgemeine Deutsche Biographie (ADB). Einzelband Nr. 18: Lassus — Litschower. 1. Auflage. Leipzig, Verlag von Dunder & Humblot, 1883, S. 389.
  • J. Tolan, St. Francis and the Sultan: The Curious History of a Christian-Muslim Encounter. Oxford: Oxford University Press, 2009. [book about Francis of Assisi’s mission to the Egyptian Sultan Al-Kamil at Damietta in 1219]
  • René Grousset, Histoire des Croisades et du royaume franc de Jérusalem, II. 1131-1187 L'équilibre, Parigi, Perrin, 1935, ISBN 2-262-02568-1.
  • René Grousset, Histoire des Croisades et du royaume franc de Jérusalem, III. 1188-1291 L'anarchie franque, Parigi, Perrin, 1936, ISBN 2-262-02569-X.
  • Jean Flori, Le crociate, Bologna, il Mulino, 2011, ISBN 978-88-15-09090-4
  • I Francescani e la crociata, a c. di A. Cacciotti e M. Melli, Milano, Edizioni Biblioteca Francescana, 2014, ISBN 978-88-7962-219-6

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել