Ժան I (Երուսաղէմի արքայ)

Ժան տը Պրիէն (ֆրանսերէն՝ Jean de Brienne; մօտ 1148 - 1237 23 Մարտի 23), Էրար II-ի եւ Նեւարի որդին, 1210-1212 թուականներուն Երուսաղէմի արքայ, 1229-1237 թուականներուն լատինական կայսրութեան կայսր-խնամակալ։

Ժան I
Ծնած է 1158[1] կամ 1170[2]
Մահացած է 23 Մարտ 1237
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս
Քաղաքացիութիւն  Երուսաղեմի թագավորություն
Ազգութիւն Ֆրանսացի
Կրօնք Քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն Երուսաղեմի արքաների ցանկ
Վարած պաշտօններ թագավոր?
Ամուսին Մարիա Մոնֆերացի?[3], Berengaria of León?[3] եւ Ռիթա–Ստեփանիա?
Ծնողներ հայր՝ Erard II, Count of Brienne?[3], մայր՝ Agnès of Montfaucon?[3]
Երեխաներ առաջին ամուսնութիւնէն՝ Իոլանտա դե Բրիեն,
երկրորդ ամուսնութիւնէն ժան,
Երրորդ ամուսնութիւնէն՝ Մարիա, Ալֆոնս տ'Ակր, ժան, Լուի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժան I (Երուսաղէմի արքայ) Ժան տը Պրիէնը Շամփայնի կոմս՝ Էրար II-ի որդին է, նախապատրաստուեր է շարունակել հօր գործը, սակայն յետագային նախընտրեր է դառնալ ասպետ, իսկ արդէն քառասուն տարեկանին Ժանը ասպետական մրցոյթներուն յաղթանակներու շնորհիւ լուրջ ճանաչում կը ստանայ։ 1204 թուականին Ժան տը Պրիէնը Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման ժամանակ աչքի կ'իյնայ իր խիզախութեամբ։ Անոր խիզախութեան մասին տեղեկութիւնները կը հասնին Ֆրանսայի արքայ՝ Ֆիլիփ II Օգոստոսին, որու պատճառով ալ վերջինս 1208 թուականին Երուսաղէմի թագաւորութեան դեսպաններուն խորհուրդ կու տայ Ժանը ամուսնացնել Երուսաղէմի թագուհի Մարիա Երուսաղէմցիի հետ։ 1210 թուականին Ժանը կ'ամուսնանայ թագուհիին հետ՝ դառնալով Երուսաղէմի արքայ։ 1210 թուականին Ժանը այցելեց մայրաքաղաք՝ Աքքա, սակայն զարմանքով բացայայտեց, որ թագաւորութեան բանակը այնքան հզօր չէ, Երուսաղէմը ազատագրելու համար։ 1211 թուականին Ժանը հնգամեայ զինադադարի պայմանաւորուածութիւն ձեռք կը բերէ սուլթան ալ-Ատիլի հետ։ 1212 թուականին կը մահանայ Մարիա Երուսաղէմցին։ Երուսաղէմի թագուհի նշանակուեցաւ Իոլանտա տե Պրիէնը, իսկ Ժանը նշանակուեցաւ խնամակալ։ Քիչ անց Ժանը կ'ամուսնանայ Կիլիկեան Հայաստանի արքայ Լեւոն Բ-ի դուստր՝ Ստեփանիա տը Պրիէն-Ռուբինեանի հետ։

 
ժան տը Պրիէնի թագադրումը

Ժանը կը դառնայ հինգերորդ խաչակրաց արշաւանքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը։ Մասնաւորապէս ան խորհուրդ տուաւ Լեկաթ Ալպանոյին Տումեաթի պաշարման ժամանակ ընդունիլ սուլթանի առաջարկած ձեռնտու պայմանները, սակայն Լեկաթը չընդունեց խորհուրդը։ Խաչակրաց արշաւանքի ձախողումէն յետոյ Ժանը ուղեւորուեցաւ արեւմուտք թագաւորութեան համար գումար բերելու։ Ան հանդիպեցաւ Հռոմի Պապ Հոնորիոս III-ի եւ Ֆրիտրիխ II-ի հետ, վերջինիս հետ համագործակցութեան համաձայնութիւն ձեռք բերաւ, եւ առ այդ իր դուստրը կնութեան տուաւ Ֆրիտրիխին։ Յետոյ ուղեւորուեցաւ հայրենի Ֆրանսա եւ Անգլիա, սակայն համաձայնութիւններ ձեռք չբերաւ։ Յետոյ գնաց Սանթիակօ, ուր Ալֆոնսո IX-ը Ժանին առաջարկեց իր դստեր ձեռքը. Ժանը երրորդ անգամ ամուսնացաւ։ Ժանը շարունակեց իր շրջագայութիւնը վերադարձաւ Գերմանիա, յետոյ ուղեւորուեցաւ Հռոմ. այստեղ անոր փեսա Ֆրիտրիխ II-ը պահանջեց, որ Ժանը հրաժարի գահէն յօգուտ իրեն։ Հակառակ իր պատկառելի տարիքին, Ժանը ո՛չ միայն չհրաժարեցաւ գահէն, այլ նաեւ Հարաւային Իտալիոյ Ֆրիտրիխի դէմ գլխաւորեց ապստամբութիւն, եւ յաջողութեամբ աւարտեց զայն, մինչ Ֆրիտրիխ կը մարտնչէր վեցերորդ խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին։ 1229 թուականին Լատինական կայսրութեան պարոններու հաւերով Ժանը նշանակուեցաւ կայսր-խնամակալ անչափահաս Պալտուին II-ի օրօք, ութսունմէկամեայ կայսրը վար չդրաւ զէնքը եւ ռազմական գործողութիւններ սկսաւ պուլկարացիներու եւ նիկեացիներու դէմ[4]։

Լատինական ժամանակագիրները Ժանը կը համեմատեն Հոմերոսի «Իլիականի» գլխաւոր գործող անձերէն մէկուն՝ Հեքթորի հետ, իր թափառական ասպետի կերպարին պատճառով։ Ժանը իր գրեթէ 90-ամեայ կեանքի ընթացքին հասցուցեր է բազմիլ երկու քաղաքներու՝ Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ գահերուն։

Ընտանիք

Խմբագրել

Ժան տը Պրիէնը իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին ամուսնացեր է երեք անգամ։

Մարիա Երուսաղէմցիին հետ առաջին ամուսնութեան ժամանակ ծնած է անոր դուստրը, ապագայ թագուհն Իոլանտա տը Պրիէնը։

Կիլիկեան Հայաստանի արքայ Լեւոն Բ-ի դստեր Ստեփանիա տը Պրիէն-Ռուբինեանի հետ ամուսնութեան ընթացքին Ժանը ունեցեր է որդի՝ Ժան անուամբ, վերջինս պէտք է ժառանգեր հայկական գահը, սակայն մօր հետ կը մահանայ վաղ տարիքին։

Պերենկարիա Քիսթիլիացիի հետ երրորդ ամուսնութենէն ան ունէր չորս զաւակ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • René Grousset, Histoire des croisades et du royaume franc de Jérusalem - III. 1188-1291 L'anarchie franque, Paris, Perrin,‎ 1936 (réimpr. 2006), 902 p.
Նախորդ Երուսաղէմի արքայ Հաջորդ
Մարիա Մոնֆերացի
 

1210-1212
Իոլանտա տը Պրիէն
Նախորդ Լատինական կայսր Յաջորդ
Պալտուին II
 

1229-1237
Պալտուին II

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրաւ պատմական կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը, որու հեղինակն է ֆրանսացի պատմաբան René Grousset Ռընէ Կրուսէ։[permanent dead link]