Խաչակիրներու Ը․ Արշաւանք

Խաչակիրներու ութերորդ արշաւանք, Անգլիական խաչակրաց արշաւանք, խաչակրաց արշաւանք՝ սկսած է 1270–ին Ֆրանսայի թագաւոր Լուիս IX-ի կողմէն՝ ընդդէմ Թունիս քաղաքի։ Անգլիական խաչակրաց արշաւանքը միաժամանակ կը համարուի որպէս եօթներորդ, եթէ Ֆրետերիկ II-ի հինգերորդ եւ վեցերորդ արշաւանքները որպէս առանձին խաչակրաց արշաւանքներ կը համարուի։ Խաչակիրներու իններորդ արշաւանքը նոյնպէս անգլիական խաչակրաց արշաւանքի մասը կը համարուի։ Խաչակրաց արշաւանքը անյաջողութեան կը մանտէ Լուիսի մահէն ետք։ Հետագային՝ կարճ ժամանակ աետք, անոր բանակը Եւրոպայի մէջ կը ցրուի[1]։

Խաչակիրներու Ը․ Արշաւանք
Խաչակիրնեու Արշաւանքներ
Լուիս IX-ի մահը Թունիսի պաշարման ժամանակ
Թուական 1270
Վայր Թունիս
Արդիւնք Պայմանագրի կնքում Թունիսի հետ
  • Առեւտրային յարաբերութիւններ Թունիսի հետ
  • Լուիս IX-ի մահը
Հակառակորդներ
Ֆրանսայի Թագաւորութիւն
Հրամանատարներ
Լուիս IX
Կարլ I Նեբալցի
ԹեոպալդտII Նաւարացի
Մուհամմատ I ալ-Մուստանսիր

Նախաբան Խմբագրել

Կ՛ըսուի, թէ Լուիս IX-ը ափսոսացած է այն բանի համար, որ արշաւանքը անոր միացուցած է մամլուքներու ձեռքը։ 20 տարի ետք՝ իր գահակալութեան վերջը՝ 56 տարեկանին, ծրագրեր կը հորինէ, եւրոպական կարգավիճակը Սուրբ Երկրին մէջ պարտադրելու համար[2]։

Լուիսը անհանգստացած էր Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակէն, ուր սուլթան Բեյբարսը յարձակումեր կը գործէր խաչակիրներու տարածքներու մնացորդներու վրայ։ Բեյբարսը Սենթ Սաբաթի պատերազմէն ետք առիթը կ՛օգտագործէ իրար դէմ հանելու Վենեցիա

եւ Ճենովա քաղաքները 1256-1270 թուականներուն, այս մէկը ուժասպառ կ՛ընէր մարդկային եւ նիիւթական աղոիւրները, սուրիական նաւահանգիստներուն մէջ, որոնք երկու քաղաքներուն կողմէն կը վերահսկուէին։ 1265–ին Բեյբարսը կը տիրապետէ Նազարէթի, Հայֆայի, Տորոնի եւ Արսուֆի վրայ։ Կիպրոսի Հուգո III-ը՝ Երուսաղէմ թագաւորութեան անուանական թագաւորը, Ակրա կու գայ` քաղաքը պաշտպանելու համար, այդ ընթացքին Բեյբարսը կը շարժի դէպի Հայաստանի հիւսիսային շրջանը, որ այդ ժամանակ Մոնկոլի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ 1268–ին հնամեայ քաղաք Անտիոքը կ՛իինայ Բեյբարսի տիրապետութեան տակ, բնակիչները սուրէ կ՛անցնին։

Թունիսի պաշարում Խմբագրել

Այս Իրադարձութիւններով առաջնորդուելով` 1267–ին, Լուիսը խաչակիրներու նոր արշաւանքի կոչ կ՛ընէ եւ աւելի ուշ, չնայած որ փոքէ աջակցուիւն ունէր։ Ճին տը Ջուինվիլլը՝ ժամանակագիրը, որ Լուիսին կ՛ուղղեկցէր խաչակիրներու եօթներորդ արշաւանքի ժամանակ, կը հրաժարի անոր հետ երթալէ։ Սկզբը, ինչպէս բոլոր խաչակրաց արշաւանքներու ժամանակ, անոնք որպէս թիրախ ունէին ծովափնեայ շրջանները՝ Երուսաղէմը գրաւելու վերջնական նպատակով։ Սակայն եղբայրը՝ Չարլ Անժուացին, շուտով Լուիսին կը համոզէ առաջինը նախ Թունիս արշաւել, որ անոնց մեծ հնարաւորութիւն կու տար Եգիպտոս արշաւելու համար։ Լուիսի կեդրոնանալը նախորդ խաչակրաց արշաւանքի վրայ նոյնպէս բարենպաստ էր, որքան անոնցմէ առաջ եղած խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքը։ Երկուքն աթ հաղթած էին։ Չարլ, որպէս Սիցիլիոյ թագաւոր, սեփական հետաքրքրութիւնները ունէր Միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ։ Թունիսի խալիֆը` Մուամմատ ալ-Մուստանսիրը, նոյնպէս կապեր ունէր Իսպանիոյ քրիստոնեաներու հետ։ Ան երկմտումներ ունէր, որ Չարլի հետաքրքրութիւնը աւելի շատ տնտեսական բնոյթ ունի, քան կրօնական։ 1268–ին, Չարլ կրցաւ իր տիրապետութիւնը ապահովել Սիցիլիոյ վրայ։ Հոհենշտաուֆէններէն Կոնրադին յաղթելէ ետք, Լուիսը հսկայական նաւատորմով հեռացաւ Հարաւային Ֆրանսայէն։ Ան ափ իջաւ Ափրիկեան կղզիին մէջ յունիս 1270–ին. եղանակը շատ անբարենպաստ էր ափ իջնելու համար։ Բանակի մեծ մասը հիւանդացաւ խմելիք ջուրի պակասէն։ Լուիսը մահացաւ 25 օգոստոս 1270-ին` Չարլի ժամանումէն մէկ օր առաջ։ Անոր վերջին բառը Երուսաղէմ էր[3]։ Չարլը Լուիսի որդուն Ֆիլիպ III-ին, հռչակեց նոր թագավոր։

Յղումներ Խմբագրել

Al-Maqrizi, Al Selouk Leme'refatt Dewall al-Melouk, Dar al-kotob, Cairo 1997. Idem in English: Bohn, Henry G., The Road to Knowledge of the Return of Kings, Chronicles of the Crusades, AMS Press, 1969. Richard, Jean: The Crusades, C.1071-c.1291, Cambridge University Press, 1999. ISBN 0-521-62566-1 Throop, Palmer A., "Criticism of Papal Crusade Policy in Old French and Provençal." Speculum, Vol. 13, No. 4. (October, 1938), pp. 379–412. Lyric allusions to the crusades and the Holy Land Beebe, Bruce, "The English Baronage and the Crusade of 1270," in Bulletin of the Institute of Historical Research, vol. xlviii (118), November 1975, pp. 127–148.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. "The Crusades of St. Louis". Britannica Retrieved 28 May 2015
  2. "The Crusades of Luis" Britannica. Retrieved 28 May 2015
  3. The English Crusade