Խոսէ Քարերաս
Խոսէ Քարերաս (1946, Պարսելոնա) (սպ.՝ José Carreras, ամբողջական անունը՝ Ժոզէֆ Մարիա Քարերաս-ի-Քոլ, կատ.՝ Josep Maria Carreras i Coll,), Սպանացի օփերային երգիչ (թենոր), որ ծանօթ է Կիւզեփփէ Վերտիի Giuseppe Verdi եւ Ճիաքոմօ Փուչինիի (Giacomo Puccini) ստեղծագործութիւններու իր մեկնաբանութիւններով[1]։
Խոսէ Քարերաս |
---|
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 5 Դեկտեմբեր 1946-ին, Պարսելոնա։
Անոր երաժշտական ունակութիւնները ի յայտ եկած են վաղ մանկութենէն։ Այն ատեն ան կը գտնուէր Էնրիքօ Քարուզոյի ստեղծագործութեան ազդեցութեան տակ։ Առաջին անգամ հանրութեան առջեւ հանդէս եկած է ութ տարեկանին՝ Սպանիոյ պետական ձայնասփիւռով կատարելով La donna è mobile մեներգը (Կիւզեփփէ Վերտիի «Ռիկոլեթթօ» օփերայէն)[2]։ Տասնմէկ տարեկանին հանդէս եկած է պատմողի դերով Մանուէլ տը Ֆալյայի «Վարպետ Փետրոյի խեղկատականոցը» օփերային մէջ, ապա երկրորդ դերով մը՝ Ճիաքոմօ Փուչինիի «Պոհեմ» օփերային մէջ։
Քարերաս ուսանած է Conservatorio Superior de Música del Liceo երաժշտական հաստատութեան մէջ։ Նոր տարին նշած է Լիսէին մէջ՝ կատարելով Ֆլավիոյի դերը Ուչինիի «Նորմա» օփերային մէջ, ուր գլխաւոր դերով հանդէս եկած էր Մոնսերաթ Կապալիէն։ Վերջինս կը նկատէ երիտասարդ թենորին տաղանդը եւ կ'օգնէ անոր, որ գլխաւոր դերով հանդէս գայ Գաետանօ Տոնիցեթթիի «Լուքրեցիա Պորջիա» օփերային մէջ։
Քարերաս Մոնսերաթ Կապալիէին (Montserrat Caballé) հետ կ'երգէ 1971-ին, երբ Նոր Տարին կը նշէր Լոնտոնի բեմին վրայ՝ «Մարիա Սթիուըրթ» օփերային մէջ, իսկ աւելի ուշ անոնք միասին երգած են տասնհինգ ներկայացումներու ընթացքին։
1972-ին «Մատամ Պաթըրֆլայ» օփերային մէջ Փինքըրթընի դերերգով Նոր տարին նշած է ամերիկեան բեմի վրայ։ 1974-ին, Վիեննայի մէջ առաջին անգամ հանդէս եկած է Վերտիի «Ռիկոլեթթօ» օփերային մէջ։
1987-ին, երբ կը գտնուէր փառքի գագաթնակէտին, արեան քաղցկեղով կը տառապի։ Մէկ տարի ետք,[3]ան կը հիմնէ José Carreras International Leukaemia Foundation հիմնադրամը[4]։ Տարեկան շուրջ իր 60 համերգներէն գոյացած եկամուտը ան կը փոխանցէ այդ հիմնադրամին։
Հիւանդութիւնը յաղթահարելէ անմիջապէս ետք, ան կ'ուղղուի Մոսկուա, ուր Մոնսերաթ Կապալիէի հետ կը կազմակերպէ բարեգործական համերգ մը՝ Սպիտակի երկրաշարժի աղէտեալներուն համար[5]։
1990-ին, Հռոմի մէջ, «Երեք թենորներ»ը համերգ մը կը ներկայացնեն, որ նուիրուած էր ոտնագնդակի աշխարհի առաջնութեան մեկնարկին։ Այդ համերգը, որ սկիզբը կազմակերպուած էր իբրեւ Քարերասի հիմնադրամին օգնելու միջոց, կը դառնայ Քարերասի եւ անոր գործընկերներուն՝ Լուչիանօ Փաւարոթթիի եւ Պլասիթօ Տոմինկոյի (Blasito Domingo) մշտական հանդիպման առիթ։
1992-ին Քարերաս հանդէս կու գայ իր հայրենիքին՝ Պարսելոնայի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերու բացման եւ փակման արարողութեան։
1990-ականներու սկիզբը մասնակցած է «Գարմէն» եւ «Սամսոն եւ Տալիլա» ներկայացումներուն։ Այնուհետեւ ան ամբողջութեամբ կը կեդրոնանայ մենահամերգային գործունէութեան վրայ։ Օփերաներուն մէջ զինք կարելի էր տեսնել տարեկան մէկ-երկու անգամէն ոչ աւելի, եւ ամէն անգամ այդ ելոյթները համաշխարհային իրադարձութիւններ կը դառնային։ Վերջին դերերգը երգիչը կատարած է 1998-ին Ուոլֆ-Ֆեռարիի «Սլայ» օփերային մէջ, 1999-ին նոյն դերերգը կատարած է ԱՄՆ-ի՝ Ուաշինկթընի օփերային մէջ կայացած այդ ստեղծագործութեան ամերիկեան առաջին ցուցադրման ընթացքին[6]։
1990-ականներուն եւ 2000-ականներու սկիզբը ան տարեկան շուրջ 50 համերգով կը ներկայանար։
2009-ին ան կը յայտարարէ, թէ պիտի դադրի օփերային համերգներ ներկայացնելէ[7]։
16 Մարտ 2014-ին ան ելոյթ կ'ունենայ Սոչիի փարալեմփիք խաղերու փակման արարողութեան՝ Տիանա Գուրցկայայի հետ կատարելով խաղերու օրհներգը։
Քարերաս աշխարհի կարգ մը համալսարաններու պատուաւոր դոկտոր է եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բարի կամեցողութեան դեսպան։
Ի պատիւ Քարերասի, Սպանիոյ մէջ երաժշտանոց մը, քանի մը երաժշտական դպրոցներ եւ համերգասրահ մը անուանած են[8]։
Անձնական կեանք եւ բնաւորութիւն
Խմբագրել1992-ին ան կը բաժնուի իր առաջին կնոջմէն՝ Մերսետես Պերեսէն, որու հետ ամուսնացած էր 1971-ին եւ որմէ ունէր երկու երեխայ. որդին՝ Ալպերթը (1972), եւ դուստրը՝ Ժուլիան (1977)[9]։
2006-ին ան կ'ամուսնանայ աւստրիացի իր նախկին ուղեկցորդուհիին Եուտա Եկերի հետ[10], սակայն անկէ ալ կը բաժնուի 2011-ին[11][12]։
Քարերաս կ'ապրի Պարսելոնայէն մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող ծովափնեայ համեստ առանձնատան մը մէջ[13]։
Զինք լաւ ճանչցող ընկերները զինք կը բնութագրեն իբրեւ խիստ հակասական կերպար մը։ Կ'ըսուի, թէ իր մէջ զարմանալիօրէն կը համադրուին ինքնամփոփ եւ անզուսպ խառնուածքն ու կենսասիրութիւնը։
Պարգեւներ
Խմբագրել- «Իտալական Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար» Մեծ խաչի ասպետ (1996),[14]
- «Իտալական Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար» Մեծ սպայի շքանշան (1991),[15]
Ներառուած է Gramophone ամսագիրի Փառքի սրահին մէջ[16]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Michael Kennedy and Joyce Bourne Kennedy The Concise Oxford Dictionary of Music (5th edition), Oxford University Press, 2007. ISBN 0-19-920383-0
- ↑ Carreras, J. Op. Cit. p. 85
- ↑ «Խոսէ Քարերաս. անուանի մարդոց կենսագրութիւններ, լուսանկարներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-14
- ↑ «José Carreras International Leukaemia Foundation: Presentation»։ fcarreras.org։ արտագրուած է՝ 2012-12-27
- ↑ «Խոսէ Քարերաս. անուանի մարդոց կենսագրութիւններ, լուսանկարներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-11-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-14
- ↑ Խոսէ Քարերաս. անուանի սպանացիներ
- ↑ Խոսէ Քարերաս
- ↑ Խոսէ Քարերաս
- ↑ Josep Carreras Biography
- ↑ Խոսէ Քարերաս
- ↑ Խոսէ Քարերաս (Jose Carreras)
- ↑ «Խոսէ Քարերաս. յայտնի մարդոց կենսագրութիւն, տեսանիւթ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-15
- ↑ «Խոսէ Քարերաս. յայտնի մարդոց կենսագրութիւն, տեսանիւթ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-14
- ↑ Cavaliere di Gran Croce Ordine al Merito della Repubblica Italiana Maestro Jose Carreras
- ↑ Grande Ufficiale Ordine al Merito della Repubblica Italiana Sig.
- ↑ «Gramophone Hall of Fame»։ Gramophone։ արտագրուած է՝ 02-01-2016