Խորէն Մէյխանէճեան

Հայ երաժիշտ։

Խորէն Մէյխանէճեան (1937, Հալէպ, Սուրիա), հայ երաժիշտ։

Խորէն Մէյխանէճեան
Ծնած է 1937
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Մասնագիտութիւն աստուածաբանութիւն, հոգեբանութիւն, փիլիսոփայութիւն

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է, երբ ութ տարեկան էր: Իր հայրը մահացած է, երբ ինք նոր պիտի ծնէր, ուստի չէ տեսած իր հայրը եւ տան միակ զաւակն է:

Պզտիկ տարիքէն մօր հետ կը յաճախէին Սուրբ Էջմիածին, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է մանուկ Խորէնին վրայ: Այդ ժամանակ ալ որոշած է, որ հոգեւոր կրթութիւն պիտի ստանայ:

Մէյխանէճեան 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը՝ հետեւելու համար աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ արուեստներու:

Իր ուսանողական տարիներու ընթացքին ան մէկ տարուայ երաժշտական անհատական դասընթացքներու հետեւած է (տեսութիւն, բազմազանութիւն եւ դաշնաւորում)՝ հոգածութեան ներքոյ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետ եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան մասնագէտ տքթ. Ռոպերթ Աթայեանի:

Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտումէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր ուսանող եղած է Թաթուլ Ալթունեանի:

1965 թուականին ան ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: Այս աստիճանը ստանալէ առաջ, 1961-էն սկսեալ, Խորէն առանձնաշնորհումը վայելած է երկրորդ խմբավարը հանդիսանալու Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, որ այն ատեն կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը:

Յովհաննէս Չեքիճեան, իբրեւ խմբավար, երաժիշտ, նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ձգած է անոր վրայ: Ակադեմական երգչախումբին հետ միասին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած են:

1975-1979-ին ան վերադարձած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր ստացած է երկրորդ մագիստրոսի աստիճան մը, որպէս օփերայի եւ նուագախմբային ղեկավար:

Խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան իր գործունէութենէն ամբողջ երեք տարիներ նուիորած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբայինեւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման, որ յաջողութեամբ պսակուած է: 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուեցաւ հայոց եկեղեցիներու մէջ[1][2]:

Բացի ասկէ, խմբավար Մէյխանէճեան դաշնաւորած է ծիսական ուրիշ շարականներ եւ հրատարակած է յօդուածներ՝ երաժշտական մեթոտաբանութեան մասին:

1991 թուականին Մոսկուայի կառավարութիւնը անոր շնորհած է Գերազանց ուսուցչապետի երաժշտական տիտղոսը:

Խորէն Մէյխանէճեան ԱՄՆ ժամանած է Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի առաջարկով եւ իբրեւ առաքելութիւն որդեգրած է Սուրբ Պատարագի երգերու եւ շարականներու ճշգրիտ մեկնաբանութիւնը ուսուցանել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի տարածքին վրայ[1]:

Խորէնեան պատարագը հրատարակուած է 1999 թուականին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու ընկերակցութեան կողմէ, հրատարակուած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ:

2007 թուականին լոյս տեսած է երաժիշտ Խորէն Մէյխանէճեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Կեանքիս երգերը» խորագրով: Անոր մէջ ընգրկուած են խմբերգներ, մշակումներ, հեղինակային երգեր, նաեւ՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ստեղծագործութիւններ: Խորէն Մէյխանէճեանը հեղինակն է նաեւ Գէորգեան ճեմարանի օրհներգի երաժշտութեան[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Khoren Meikhanedjian – Institute of Armenian Sacred Music» (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2024-02-25-ին։ արտագրուած է՝ 2024-07-05 
  2. 2,0 2,1 «40-ԱՄԵԱԿ՝ ԽՈՐԷՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-07-05