Խորէն Յարութիւն Պալեան (10 Մարտ 1935(1935-03-10), Թրիփոլի - 23 Յունուար 2007(2007-01-23)), հոգեւոր երգիչ, մանկավարժ, շարականագէտ, ծիսագէտ, բանասէր, գրաբարի մասնագէտ։

Խորէն Պալեան
Ծնած է 10 Մարտ 1935(1935-03-10)
Ծննդավայր Թրիփոլի
Մահացած է 23 Յունուար 2007(2007-01-23) (71 տարեկանին)
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Երեւանի Պետական Համալսարան
Աշխատավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Սեւանի Վազգէնեան Հոգեւոր դպրանոց
Ամուսին Լուսինէ Զաքարեան

Եղեր է Լուսինէ Զաքարեանի ամուսինը։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել
 
«Ձայնագրեալ Շարական» գրքի աշխատանքային էջերէն
 
«Ձայնագրեալ Շարական» գրքի աշխատանքային էջերէն

Ծնած է Լիբանան Սփիւռքի բազմամեայ մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Յարութիւն Պալեանի ընտանիքին մէջ։ 1946 թուականին հայրենադարձեր է։ Աւարտեր է Ս.Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը։ 1955 թուականի դեկտեմբերին Մայր տաճարին մէջ ձեռնադրուեր է սարկաւագ եւ 1961 թուականին Վազգեն Ա Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուեր է կուսակրօն քահանայ։ 1962 թուականին Օշականի մէջ պաշտպաներ է վարդապետական աւարտաճառ եւ ստացեր վարդապետական չորս աստիճաններ։ Սուրբ Էջմիածնի մէջ զբաղեցուցած է պատասխանատու պաշտօններ։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

1965 թուականին թողեր է հոգեւոր ասպարէզը եւ ամուսնացեր հոգեւոր երգերու կատարող Լուսինէ Զաքարեանի հետ։ 1965-1968 թթ. ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառը, եղեր է հայոց լեզուի պատմութեան ամպիոնի դասախօս, դասաւանդեր լեզուի պատմութիւն եւ գրաբար, 1995-2005 թթ՝ աստուածաբանութեան կաճառի մէջ՝ ծիսագիտութիւն, վարքաբանութիւն։ 15 տարի ղեկավարեր է ԵՊՀ բանասիրութեան կաճառի «Հայ տոհմիկ» երգչախումբը, որ բազմաթիւ ելոյթներով հանդէս եկեր է Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ Արցախի մէջ։

1978-2004 թթ. դասաւանդեր է Սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ապա Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցին մէջ ժամակարգութիւն, տեսական շարականագիտութիւն եւ հայ հոգեւոր երաժշտութիւն առարկաները։ Յիշեալ ծառայութիւնները բարձր գնահատելով՝ Վեհափառ Հայրապետ Տ.Տ. Գարեգին Բ կաթողիկոսը Խորէն Պալեանին շնորհեր է «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը։

Մանկավարժական եւ հասարակական գործունէութեանը զուգահեռ հեղինակեր է երաժշտագիտական, բանասիրական, եկեղեցագիտական բազմաթիւ յօդուածներ։ Ունի նաեւ բազմաթիւ յօդուածներՀայկական սովետական հանրագիտարանին մէջ[1], Մանկական Քրիստոնէական Հանրագիտարանի համահեղինակներէն է[2]։ Տարբեր տարիներուն վարած է նաեւ «Զրոյցներ գրաբարի մասին», «Խորհուրդ խորին» եւ այլ հեռուստատեսային հաղորդաշարեր։ 1996-ից 2005 թուականներուն վարած է «Արեւագալ» երաժշտական-հոգեւոր ամենշաբաթեայ հաղորդաշարը։

1993 թուականէն ընդգրկուեր է «Գանձասար» աստուածաբանական կեդրոնի շարականագիտութեան բաժնի խմբագրական կազմին մէջ՝ մասնակցելով հրատարակչական աշխատանքներուն. որու շնորհիւ հրատարակուեր է «Ձայնագրեալ Շարական հոգեւոր երգոց սուրբ եւ ուղղափառ առաքելական Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց» գրքի Ա հատորը[3]

Խորէն Պալեանը համահեղինակ է «Դասական գրաբարի հատընտիր» գրքի։ 2005 թուականին լոյս տեսեր է հեղինակային «Ժամակարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» ուսումնական ձեռնարկը։ 1989 թուականէն ամենամեայ համերգ-դասախօսութիւններով, համերգներով հանդէս եկեր է Լոս-Անճըլըս, Հելսինքի։

Խորէն Պալեանը վերջին տարիներուն նաեւ աշխոյժ հասարակական գործունէութիւն ծաւալած էր, անդամ էր «Հայ մտաւորականներու ֆորում» կազմակերպութեան աւագանիին։

Խորէն Պալեանի աճիւնը ամփոփուած է Էջմիածին քաղաքի Սուրբ Գայանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատանը։

 
Խորէն Պալեանի գերեզմանը Սուրբ Գայանե եկեղեցւոյ բակը

Պարգեւներ

Խմբագրել
  • Բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի անդամ, 2006
  • Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշան

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Համահեղինակութիւն

  • Ձայնագրեալ Շարական հոգեւոր երգոց սուրբ եւ ուղղափառ առաքելական Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, Հատոր Ա, Աշխատասիրութեամբ՝ Ստեփան Ռոստոմեանի (խմբագիր), Խորէն Պալեանի, Արամ Պետրոսեանի, Սոնա Յովհաննիսեանի[3]
  • Դասական գրաբարի հատընտիր
  • Ժամակարգութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, 2005

Հաղորդումներ

Խմբագրել
  • «Զրոյցներ գրաբարի մասին»
  • «Խորհուրդ խորին»
  • «Արեւագալ»

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան
  2. Մանկական Քրիստոնէական Հանրագիտարան 1998 թ «Արեգ»
  3. 3,0 3,1 Ձայնագրեալ Շարական հոգեւոր երգոց սուրբ եւ ուղղափառ առաքելական Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, Հատոր Ա 1997, 514 էջ

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել