Կարապետ Փաշայեան խան

(Վերայղուած է Կարապետ Փաշաեան-էն)


Բժիշկ Կարապետ Փաշայեան խան (ծնած է Կետիկ Փաշա 1864, Կ.Պոլիս- 1915, Մեծ Եղեռնի զոհ), հասարակական, քաղաքական, ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ։ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։ Մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ (ակնաբոյժ)։

Կարապետ Փաշայեան խան
Ծնած է 1864
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Այաշի բանտ
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն բժիշկ (ակնաբոյժ)
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Թորքոմեան


Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կետիկ Փաշա: 1888 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ բժշկական վարժարանը։ Որպէս բժիշկ աշխատած է Բալուի ու Մալաթիոյ մէջ։

1889-ին կը հաստատուի Տիվրիկ, ուր կը պարապի իր արուեստվ, կը մասնակցի ազգային շարժումներուն: Ան ձերբակալուած է 1890ին, Կամախի մէջ, իբր յեղափոխական խումբեր կազմակերպող ու բանտարկուած է Սուազի բանտը, ուր մահուան դատապարտուած է: Բանտարկուած շրջանին բուժած է դատաւորին աչքը եւ փրկած է զայն կուրութենէ: Այս արարքին հետեւանքով ան ազատ արձակուած է 1891ի Մարտին եւ հաստատուած է Շապին Գարահիսար, ուր նշանուած է օրիորդ Թորքոմեանի հետ: Տոքթ. Փաշայեան 1892ին դարձեալ ձերբակալուած է եւ երեք տարի բանտերու մէջ մնալէ ետք նորէն մահուան դատապարտուած: Օրիորդ Թորքոմեանի՝ Անգլիոյ դեսպանին տիկնոջ մօտ միջամտութեամբ, տոքթ. Փաշայեան ներում ստացած է ու հաստատուած Պարսկաստան, ուր ապրած է 7 տարիներ: Հոն եւ նշանակուած է շահին պալատական բժիշկ եւ դարձած ազգային գործիչ:

1903-1906 ապրած է Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր հաստատած է ՀՅԴի Լսարանը եւ «Կամպէթթա» տպարանը, ուրկէ հրատարակուած է «Հորիզոն» թերթը:

1907ին վերադարձած է Պարսկաստան Իրան, Պէնտէր Կէզ քաղաքը, ուր ծառայած է վեց տարիներ եւ արժանացած բարձրաստիճան տիտղոսի եւ պատուանշաններու ու կոչուած՝ «Խան»:

1908ին երիտթուրքական հեղաշրջումէն ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ ընտրուած Օսմանեան խորհրդարանի ազգային ժողովի երեսփոխան Սվազէն: 1912ին ան կ՛ընտրուի Ազգային երեսփոխան: Ան կ՚ընտրուի Մեպուս Սվազի եւ ազգ. երեսփոխան Խարբերդի 1912-ին։

Բժիշկ Փաշայեան ձերբակալուած է 1915ին եւ ուղղուած Այաշի բանտը: Ան կը նահատակուի Խուրշիտ չաւուշի ձեռքով, Այաշի բանտին մօտերը, 1915ի գարնան: Խուրշիտ չաւուշ նկարագրած է իր արարքը՝ «ես տոքթ. Փաշայեանին աչքերը նախ փորեցի, ապա վիզը կտրեցի եւ ահաւասիկ անոր ոսկի շղթան ու ժամացոյցը»:

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ 1915-ին[1]։

Երկեր, գիտական աշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ

Խմբագրել

Տոքթ. Կարապետ Փաշայեան ունի բժշկական եւ գրական երկոտասնեակ մը ուսումնասիրութիւններ: Իր գրական գործերուն մէջ ամէնէն յատկանշականը եղած է սիրավէպ մը, որ կոչուած է «Մարիա թէ Հայկանոյշ»: Ունի երկրորդ վէպ մը՝ «Աղջկան մը յիշատակարանը» անունով:

Գրականութիւն

Խմբագրել

«Մեծ եղեռնի նահատակ բժիշկները», Կարոյեան Գ. Ա, Պոսթըն, 1957, էջ 24-36։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հայ Բժիշկներու Նահատակութիւնը Մեծ Եղեռնի Ընթացքին»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-06-27 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յուշարձան 1919, Կ.Պոլիս,Արզուման 1919, էջ 19

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։