Հայաստանի Արմատ
Հայաստանի Արմատ, բուսաբանութեան մէջ ծանօթ տորոն անուն բոյսին արմատն է, որով հայաբնակ նահանգներու հայեր Զատկական հաւկիթ կը ներէին։
Այս բոյսը 1756-ին Ֆրանսա մտցուցած է պարսկահայ Յովհաննէս Ալթունեան, որ ծանօթ է Ֆրանսայի մէջ Ժան Ալթըն անունով։ Այս բոյսին մշակութեամբ Ֆրանսայի Վոքլիւզ նահանգը հարստացած է եւ ի նշան երախտագիտութեան՝ Ալթընի մահէն 72 տարի վերջ ֆրանսացիները կանգնեցին անոր պղնձեայ երկու արձանները Աւինեոն քաղաքին մէջ։ Բայց Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին երբ գերմանացիները գրաւեցին Ֆրանսան, ԱԱլթընի երկու արձանները փոխադրեցին Պերլին, թնդանօթ ձուլելու համար, ինչ որ կը հաստատուի Աւինեոնի քաղաքապետին 18 Հոկտեմբեր 1957 թուակիր նամակով։